ԱՍԱՏՈՒՐ ՏԵՒԼԵԹԵԱՆ. «ՍՓԻՒՌՔԸ ՊԻՏԻ ԱՊՐԻ, ՍՓԻՒՌՔԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՐՍՏՈՒԹԻՒՆՆ Է»
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Կիպրահայ մտաւորական, ՌԱԿ-ի եւ ՀԲԸՄ-ի մէջ պատասխանատու պաշտօններ ստանձնած Ասատուր Տեւլեթեան կը պատասխանէ մեր հարցումներուն։
-Յարգելի Պրն. Տեւլեթեան, Հայաստանի անկախութենէն ի վեր սփիւռքի մէջ ապրող հասարակութեան զանազան խաւեր սկսան խօսիլ այն մասին, թէ բփիւռքն ու սփիւռքահայութիւնը իր դերով ու ներկայութեամբ սկսած է դառնալ ոչ այնքան կարեւոր: