ՄՈՌՑՈՒԱԾ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆՑԸ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Աշխարհի վրայ չկայ աւելի ապերախտ իրողութիւն՝ քան պատմութիւնը, որուն քմահաճոյքին տրուած է յիշել մէկը կամ մոռնալ՝ ինչ արժանիքի տէր ալ ըլլան անոնք: Մեր յօդուածներուն մէջ յաճախ յիշած ենք անուններ, որոնք եղած են մեծութիւններ, սակայն պատմութիւնը ապերախտ գտնուած է յիշելու անոնց անունը: