ՄԵՐ ԳՐՈՂՆԵՐՆ ՈՒ ՕՏԱՐ ԲԱՌԵՐԸ (Դ.)
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մեր թուականէն 149 տարիներ առաջ՝ 1874 թուականին Յակոբ Պարոնեան կը սկսի խմբագրել «Թատրոն» գրական-երգիծական հանդէսը, որ հայերէնի կողքին լոյս կը տեսնէ նաեւ հայատառ թրքերէնով եւ թրքախառն հայերէնով:
Պէտք է նկատի ունենալ, որ հայերը Պոլսոյ մէջ յայտնի էին նաեւ իրենց թատերական կարողութիւններով եւ նոյնիսկ շատ մը փաշաներ հայկական խումբեր կը հրաւիրէին իրենց առիթները ճոխացնելու համար. նոյնիսկ հրապարակային տօնախմբութիւններու ժամանակ կարեւոր տեղ կը տրուէր հայ թատերախումբերուն եւ հետեւաբար, ինչպէս նաեւ բնականաբար, հայ թատերախումբերը հայերէն ներկայացումներու կողքին կը ներկայացնէին նաեւ թրքերէն թատրերգութիւններ: