Հոգե-մտաւոր

ՊԱՏԻԺՆ ՈՒ ՄԱՐԴԸ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂ­ԼԵԱՆ

Ինչպէս նախորդ մեր յօդուածի վերջաւորութեան ըսինք, որ հակառակ պատիժի ունեցած դրական ազդեցութեան, շատ մը մտաւորականներ ու փիլիսոփաներ միշտ ալ դէմ եղած են պատիժ հասկացողութեան:

 

ՊԱՏԻԺՆ ՈՒ ՄԱՐԴԸ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Հակառակ այն իրողութեան, որ պատիժ բառը ինքնին ոչ-դրական ազդեցութիւն մը կը ձգէ մարդուն վրայ, սակայն, իր մէջ ունի որոշ դրական նպատակներ, որոնք պատիժի գոյութիւնը արդար եւ տանելի կը դարձնեն։

ԺՈՒԺԿԱԼՈՒԹԻՒՆ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

«Աստուած որ մեծ ողորմութիւնով, Իր առատ սիրոյն համար որ մեզ սիրեց՝ երբ յանցանքներու մէջ մեռած էինք, մեզ Քրիստոսի հետ կենդանացուց». (ԵՓԵՍ. Բ 4-5)։ Պօղոս առաքեալի այս խօսքերուն համաձայն, ուրեմն, վերստին ծնած հաւատացեալը մանուկ մըն է, որ կը սկսի հոգեւորապէս մեծնալ։

ՊԱՏԻԺՆ ՈՒ ՄԱՐԴԸ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մարդկութիւնը երկիր մոլորակին վրայ քանի՞ հազարամեակներէ ի վեր կ՚ապրի՝ հարցական է, սակայն, յստակ է, որ մարդկային կեանքին մէջ պատիժի գոյութիւնը հին է այնքան՝ ինչքան մարդկութիւնը:

ԲԱԽՏՆ ՈՒ ԿԱՄՔԸ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մարդ արարածը իր հազարամեակներու պատմութեան ընթացքին փնտռած է շատ մը հարցերու պատասխաններ, որոնցմէ շատեր այնպէս ալ մնացած են անպատասխան եւ վստահաբար այդ պատասխան չունեցողներուն խումբին մաս կը կազմէ բախտը՝ որուն գոյութիւնն ու անգոյութիւնը անորոշ է ու վիճելի:

ԱՌԱՆՑ ԱՍՏՈՒԾՈՅ՝ Ո՛Չ ԻՍԿ ԵՐՋԱՆԿՈՒԹԻՒՆ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մարդուն արժանապատուութեան ամենավսեմ երեւոյթը կը գտնուի մարդուն Աստուծոյ հետ հաղորդակցելու կոչումին մէջ։ Այս հրաւէրը, զոր Աստուած կու տայ մարդուն երկխօսելու Իրեն հետ, կը սկսի մարդկային գոյութեան հետ։

ՉԱՐԻ ԵՒ ԲԱՐԻԻ ՀԱԿԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մարդ արարածը իր գոյութեան սկիզբէն մինչեւ այսօր զգացած, ինչպէս նաեւ ըմբռնած է անտեսանելի, սակայն, միեւնոյն ժամանակ անժխտելի ուժի կամ ուժերու գոյութիւնը եւ զայն կոչած է Աստուած կամ աստուածներ եւ այդ ըմբռնումին շուրջ ձեւաւորած է իր հաւատալիքները՝ ստեղծելով հոգեւոր, ինչպէս նաեւ մշակութային ինքնութիւն մը:

ՄԻՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Միութիւնը եւ միաբանութիւնը ընկերային կեանքի գոյապահպանման եւ բարւոք գոյատեւման համար անհրաժեշտ պայմաններն են։ Արդարեւ, հոն՝ ուր կը բացակայի միութիւնը եւ միաբանութիւնը, հոն կը սկսի քայքայում, կազմալուծում եւ փլուզում։

Էջեր