ԱՇԽԱՐՀԸ ԿԸ ՄՈՌՆԱՅ ԶՈՀՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐԴ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մարդկային գոյութիւնը կ՚ընթանայ ընտրութիւններու միջոցով եւ այդ ընտրութիւնները անշեղ ուղղուածութիւն մը ունին դէպի ճիշդը, դէպի կատարեալը. Սակայն, հակառակ ջանքերուն, այս ուղղուածութիւնը միշտ իր նպատակին չի հասնիր եւ ակամայ ճիշդին քով տեղ կը գտնէ նաեւ սխալը՝ որ կեանքի միւս երեսակը կը կազմէ: