Արխիւ

Չորեքշաբթի, Մայիս 20, 2015

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ե­րէկ հիւ­րըն­կա­լեց Պէ­յօղ­լուի Լու­սա­ւո­րիչ Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բի նո­րըն­տիր տնօ­րէն խոր­հուր­դը։ Այս առ­թիւ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը տուաւ իր օրհ­նու­թիւ­նը նո­րա­կազմ տնօ­րէն խոր­հուր­դի ան­դամ­նե­րուն եւ հայ­րա­կան վե­րա­բեր­մուն­քով յղեց յա­ջո­ղու­թեան մաղ­թանք­ներ։

Չորեքշաբթի, Մայիս 20, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Այ­լոց հա­մար գոր­ծել» մարդ­կա­յին ա­մե­նա­մեծ ար­ժէք­նե­րէն մի՛ն է։ Ու­րի­շի հա­մար զո­հել ու զո­հուիլ, ու­րի­շի պա­հանջ­քը գո­հաց­նել այ­լա­սի­րու­թիւն եւ անձ­նա­զո­հու­թիւն, նուի­րում կ՚են­թադ­րէ։ Այ­լոց հա­մար գոր­ծե­լու ան­շա­հախն­դիր ո­գին՝ նկա­րագ­րի խո­րու­թիւն, հաս­տա­տու­թիւն եւ Քրիս­տո­սան­ման քաղց­րա­բա­րո­յու­թիւն կը պա­հան­ջէ, եւ խա­ղա­ղու­թիւն ու եր­ջան­կու­թիւն կը պար­գե­ւէ զայն ստա­ցո­ղին։

Չորեքշաբթի, Մայիս 20, 2015

ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷ­ՊԷ­ՃԵԱՆ

Մեր ըն­տա­նի­քի պատ­մու­թիւ­նը սի­րած եմ, բայց նաեւ ժա­մա­նակ տրա­մադ­րած՝ փոր­ձե­լով կա­ռու­ցել այս­պէս ը­սած «ըն­տա­նե­կան ծա­ռը»­։ Եւ այս ոչ միայն ա­նուն­նե­րով, բայց նաեւ նկար­նե­րով­։ Եւ այս նկար­նե­րը ին­ծի հա­մար դար­ձած են հարս­տու­թիւն, ա­պա նաեւ ա­ւանդ եւ ժա­ռանգ­՝ ապ­րե­լու իմ (ու ըն­տա­նի­քիս) կեան­քը նոյն տես­լա­կա­նով…։

Չորեքշաբթի, Մայիս 20, 2015

Յա­ռա­ջի­կայ Յու­նի­սի 27-ին, Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Զբօ­սաշր­ջու­թեան եւ պատ­մա­կան մի­ջա­վայ­րի պահ­պա­նու­թեան վար­չու­թեան եւ «Ա­րե­նի փա­ռա­տօն» հիմ­նադ­րա­մի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ՝ Ա­մա­րաս վան­քի յա­րա­կից տա­րած­քին մէջ ա­ռա­ջին ան­գամ պի­տի կազ­մա­կեր­պո­ւի Թու­թի փա­ռա­տօն:

Չորեքշաբթի, Մայիս 20, 2015

Ե­րե­ւա­նի մէջ ան­ցեալ շա­բա­թա­վեր­ջին տե­ղի ու­նե­ցան հրէա­կան մշա­կոյ­թի օ­րեր։ Այս առ­թիւ կեան­քի կո­չուե­ցան բազ­մա­թիւ ծրագ­րեր, ո­րոնք միեւ­նոյն ժա­մա­նակ խորհր­դան­շե­ցին Հա­յաս­տա­նի եւ Իս­րա­յէ­լի բա­րե­կա­մու­թիւ­նը։

Չորեքշաբթի, Մայիս 20, 2015

Վիեննայի մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ «Եւրոտեսիլ-2015»ի առաջին կիսաեզրափակիչը:
«Genealogy» խումբը սկզբնական պատնէշը յաղթահարեց «Առերեսուէ ստուերին» երգով:

Չորեքշաբթի, Մայիս 20, 2015

2015-ի ո­գե­կո­չում­նե­րուն շրջագ­ծով Թո­քիո­յի մէջ կազ­մա­կեր­պուած է Հայ­կա­կան մշա­կոյ­թի շա­բաթ մը, ո­րու բա­ցու­մը տե­ղի ու­նե­ցաւ «Տայ­քա­նեա­մա Հիլ­սայթ Թե­րաս» սրա­հին մէջ։ Թո­քիո­յի մօտ Հա­յաս­տա­նի դես­պա­նու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մա­կերպո­ւած է այս ձեռ­նարկ­նե­րու շար­քը, ո­րու բաց­ման հան­դի­սու­թեան ըն­թաց­քին ող­ջոյ­նի խօս­քով մը հան­դէս ե­կաւ դես­պան Հրանդ Պօ­ղո­սեան։

Չորեքշաբթի, Մայիս 20, 2015

Սուրիահայոց մարտահրաւէրները Հայաստանի Ազգային ժողովի օրակարգին վրայ:
Մհեր Շահկելտեան խորհրդարանի ամպիոնէն բարձրաձայնեց Հալէպի ողբերգական վիճակը:

Չորեքշաբթի, Մայիս 20, 2015

Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան ե­րէկ հիւ­րըն­կա­լեց Ե­րե­ւա­նի մօտ Հա­րա­ւա­յին Ափ­րի­կէի Հան­րա­պե­տու­թեան նո­րան­շա­նակ դես­պան Քրիս­տիան Ալ­պեր­թուս Պաս­սո­նը, որ յանձ­նեց իր հա­ւա­տար­մա­գի­րը։ Սերժ Սարգ­սեան այս առ­թիւ ընդգ­ծեց, որ Հա­յաս­տան կը կա­րե­ւո­րէ Ափ­րի­կէի եր­կիր­նե­րու հետ, նե­րա­ռեալ Հա­րա­ւա­յին Ափ­րի­կէի Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը, զար­գաց­նել բա­րե­կա­մա­կան ու փո­խա­դարձ շա­հա­ւէտ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը։

Երեքշաբթի, Մայիս 19, 2015

Հա­յաս­տա­նի մէջ ճա­նա­պար­հա­շի­նու­թեան աշ­խա­տանք­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին թա­փով։ Այս ամ­բող­ջին մէջ ա­ռա­ւել կա­րե­ւո­րու­թիւն կը վե­րագ­րուի Հիւ­սիս-հա­րաւ մայ­րու­ղիի շի­նու­թեան։ Վեր­ջին տա­րի­նե­րուն կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը հե­տե­ւո­ղա­կան ջան­քեր կը գոր­ծադ­րէ սոյն նա­խա­գի­ծը կեան­քի կո­չե­լու ա­ռա­ջադ­րու­թեամբ։

Երեքշաբթի, Մայիս 19, 2015

Մա­յի­սեան ե­ռա­տօ­նե­րու ներ­կայ շրջա­նին, Շու­շիի ա­զա­տագր­ման տա­րե­դար­ձին շար­ժա­ռի­թով, «Հար­սա­նիք լեռ­նե­րուն մէջ» խո­րագ­րեալ զի­նուո­րա­կան ծրա­գի­րը ան­ցեալ շա­բա­թա­վեր­ջին մաս­նա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւ­նով մը յանձ­նուե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի «Մայր Հա­յաս­տան» թան­գա­րա­նին, որ կը գոր­ծէ Հա­յաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան հո­վա­նա­ւո­րու­թեան ներ­քեւ։

Երեքշաբթի, Մայիս 19, 2015

Հա­մա­ցան­ցի վրայ սկսաւ գոր­ծել «Հայ­կա­կան գորգ» ա­նուա­նեալ կայ­քէջ մը։ Հայ­կա­կան գոր­գա­րուես­տի եւ ա­նոր վառ նմոյշ­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ հա­մա­ցան­ցա­յին թան­գա­րան մըն է այս մէ­կը։

Երեքշաբթի, Մայիս 19, 2015

Համաշխարհային քաղաքականութեան կաճառի դասախօսը բացառիկ հարցազրոյց մը տուաւ «Ամերիկայի ձայնը» ռատիօկայանին:
Ըստ Փոլ Կոպըլի, Կովկասի մէջ Ռուսաստանի համար Վրաստանը ճանապարհ է, Հայաստանը՝ գործիք, իսկ Ատրպէյճանը՝ շահում:

Երեքշաբթի, Մայիս 19, 2015

Բո­վան­դակ Թուր­քիոյ մէջ այ­սօր կը նշուի Մա­յիս 19-ի տօ­նը։ Հան­րա­պե­տու­թեան մե­ծա­նուն հիմ­նա­դիր Մուս­թա­ֆա Քե­մալ Ա­թա­թիւր­քի ո­գե­կոչ­ման եւ Ե­րի­տա­սար­դու­թեան տօ­նը այս տա­րի եւս կը տօ­նուի քա­ղա­քա­ցիա­կան խոր գի­տակ­ցու­թեամբ։

Երեքշաբթի, Մայիս 19, 2015

Ամերիկացի պատմաբանը Իսթանպուլ այցելեց իր թրքերէնի թարգմանուած գիրքերու շնորհանդէսին առթիւ:
Փրոֆ. Ճասթին ՄաքՔարթի հրահրիչ պնդումներ օրակարգի վրայ բերաւ հայկական հարցին առընչութեամբ:

Երեքշաբթի, Մայիս 19, 2015

Բան­կալ­թըի Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նէն խումբ մը երկ­սեռ ա­շա­կերտ­ներ, ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ հա­յե­րէ­նի ու­սու­ցիչ Սե­ւան Տէ­յիր­մեն­ճեա­նի ու պատ­մու­թեան ու­սուց­չու­հի Իք­պալ Փո­լա­տի, «SALT-Galata» մշակոյթի կեդրոնին մէջ դի­տե­ցին Նե­ֆին Տին­չի ու Հեր­քիւլ Միլ­լա­սի կող­մէ պատ­րաս­տուած ու նկա­րա­հա­նուած «Միւս գիւ­ղա­քա­ղա­քը» խո­րագ­րով վա­ւե­րագ­րա­կան ժա­պա­ւէ­նը։

Երեքշաբթի, Մայիս 19, 2015

Ե­րէկ, Կէ­տիկ­փա­շա­յի «Հրանդ Տինք» վար­ժա­րա­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ տա­րե­վեր­ջի հան­դի­սու­թիւն։ Հա­յաս­տա­նէն ար­տա­գաղ­թե­լով Իս­թան­պուլ հաս­տա­տուած ըն­տա­նիք­նե­րու զա­ւակ­նե­րը իր եր­դի­քին տակ կը հիւ­րըն­կա­լէ այս վար­ժա­րա­նը, ուր ե­րէկ ապրուե­ցաւ տօ­նա­կան օր մը։

Երեքշաբթի, Մայիս 19, 2015

 ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Ո­խա­կա­լու­թիւն» եւ «վրէժխնդ­րու­թիւն». ա­հա­ւա­սիկ եր­կու մո­լու­թիւն­ներ, ո­րոնց­մէ մարդ պէտք է հե­ռու մնայ։ Բայց բո­լոր միւս մո­լու­թիւն­նե­րուն նման, որ­քան որ մարդ պէտք է հե­ռու մնայ ա­նոնց­մէ, ա՛լ ա­ւե­լի կը մօ­տե­նայ եւ կար­ծես իր ա­մէ­նօ­րեայ կեան­քին ան­բա­ժա­նե­լի տար­րը՝ մտքին ու սրտին մէջ միշտ պա­տուոյ տե­ղը կու տայ ա­նոնց։

Երեքշաբթի, Մայիս 19, 2015

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Վիեննայի մէջ այսօր կը սկսի Եւրոպայի ամենանշանաւոր մրցոյթներէն մին՝ «Եւրոտեսիլ»ը, որուն կը մասնակցին նաեւ Հայաստանի ներկայացուցիչները:
Վեց հայ երգիչ, վեց ճակատագիր, մէ՛կ պատմութիւն կամ հինգ ցամաքամասերու սփռուած ժողովուրդի մը նոր սերունդը:

Երեքշաբթի, Մայիս 19, 2015

Գա­լի­ֆոր­նիոյ Մես­րո­պեան ազ­գա­յին վար­ժա­րա­նէն ա­շա­կերտ­նե­րու խումբ մը այ­սօ­րե­րուն կ՚այ­ցե­լէ Ե­րե­ւան։ Վար­ժա­րա­նի տնօ­րէն Դա­ւիթ Ղու­կա­սեան եւ ու­սուց­չու­հի Զե­փիւռ Յով­հան­նէ­սեան կը գլխա­ւո­րեն ա­շա­կեր­տա­կան խում­բը, որ Ե­րե­ւա­նի մէջ այ­ցե­լեց Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թիւն։

Էջեր