Արխիւ

Հինգշաբթի, Յունիս 5, 2025

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտնեց, որ հարկերու վճարումը մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ երկրի կայունութեան եւ զարգացման տեսակէտէ։

Հինգշաբթի, Յունիս 5, 2025

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Հայաստան-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւնները եւ Ռուսաստան-Արեւմուտք պատերազմի թատերաբեմը դառնալու ռիսքերը:
Միայն ճիշդ օրակարգ մը սահմանելու պարագային Երեւան կրնայ զարգացնել իր համագործակցութիւնը Եւրոպայի հետ, այլապէս չ՚ըլլար զանազանութիւն:

Չորեքշաբթի, Յունիս 4, 2025

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժանմունքի ղեկավար տքթ. Ռազմիկ Փանոսեանի ընդհանուր արժեւորումները - 3
Չարդարացնել անգործութիւնն ու ծուլութիւնը:
«Չեմ հաւատար «քոզմիք» հայուն։ Կ՚ըսեմ՝ հայ եմ եւ այդ ուղղութեամբ բան մը կ՚ընեմ, ի վերջոյ տուեալ անձին կը վիճակի այդ բանը այսինքն որոշել, թէ ի՞նչ կ՚ուզէ ընել»:

Չորեքշաբթի, Յունիս 4, 2025

ՆԻԶԱՐ ՔԱՊԱՆԻ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Ո՜վ իմ կանաչ թռչուն, 
այնքան ատեն որ սիրելիս ես,
ուրեմն…, Աստուած երկինքի մէջ է:

Չորեքշաբթի, Յունիս 4, 2025

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Անտեսանելի ուժ մըն է հոգին։ Յաճախ, «հոգի» եզրը Աստուածաշունչ մատեանի մէջ կը նշանակէ «մարդկային կեանքը». (ՄԱՏԹ. ԺԶ 25-26), (ՅՈՎՀ. ԺԵ 13) եւ կամ ամբողջ «մարդկային անձը». (ԳՈՐԾՔ. Բ 41)։

Չորեքշաբթի, Յունիս 4, 2025

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Գուցէ շատեր համաձայն չգտնուին, սակայն, ընդունինք թէ ոչ, կուսակցութիւնները մեր ազգային պատմութեան մէջ ունեցած են իրենց յատուկ տեղը՝ իրենց դրական ու բացասական գործունէութեամբ։

Չորեքշաբթի, Յունիս 4, 2025

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի այս շրջանին իրերայաջորդ այցելութիւններ կու տայ դէպի Մերձաւոր Արեւելքի զանազան մայրաքաղաքները։ Երէկ, Ապպաս Արաղչի Պէյրութի մէջ հիւրընկալուեցաւ Լիբանանի ղեկավարութեան կողմէ։

Չորեքշաբթի, Յունիս 4, 2025

Ուքրայնա արդէն երրորդ անգամ թիրախաւորեց Խրիմի կամուրջը, որ մատնուեցաւ վթարային վիճակի:
Հաքան Ֆիտան եւ Մարքօ Ռուպիօ հեռախօսազրոյցով մը արժեւորեցին Մոսկուա-Քիեւ վերջին բանակցութիւնները:

Չորեքշաբթի, Յունիս 4, 2025

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Սրբազան Արքեպիսկոպոս Մաշալեան երէկ ընդունեց Էյուպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Սայաթ Մուրատօղլուն եւ գործակից ընկերները։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեան։

Չորեքշաբթի, Յունիս 4, 2025

Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեանի նախագահութեամբ Հոլանտայի հիւսիսի Սոմերէն քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայ ճամբար 2025»ը։

Չորեքշաբթի, Յունիս 4, 2025

Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Մելքիթ յունահռովմէական եկեղեցւոյ Լիբանանի եւ Զահլէ ու Ֆուրզոլի թեմի առաջնորդ Իպրահիմ Եպիսկոպոս Իպրահիմին, Անտիոքի եւ համայն Արեւելքի Յոյն Ուղղափառ եկեղեցւոյ Լիբանանի, Զահլէի եւ Պաալպէքի թեմի առաջնորդ Անթուան էլ Սուրի մետրապոլիտը, որոնց կ՚ընկերանար «Կարտենիա Լեպնիզ Ֆարմս» ընկերութեան հիմնադիր տնօրէն Նիքոլաս Ապու Ֆայսալ։

Չորեքշաբթի, Յունիս 4, 2025

ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Միջազգային գիտական խումբի հետազօտողները նոր տուեալներ ստացած են մութ կենսուժի բնոյթի մասին՝ առեղծուածային ուժի, որ պատասխանատու է տիեզերքի արագացուած ընդարձակման: Պարզուած է, որ մութ կենսուժը կը յաջողի փոխուիլ ժամանակի ընթացքին. բան մը, որ կը հակասէ կայուն նկատուող տեսութիւններուն:

Երեքշաբթի, Յունիս 3, 2025

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի, որ Գահիրէի մէջ շփումներ ունեցաւ, ընդունուեցաւ Եգիպտոսի նախագահ Ապտիւլֆեթթահ էլ Սիսիի կողմէ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, տեսակցութիւնը տեղի ունեցաւ նախագահական պալատին մէջ, ուր կողմերը կարծիքներ փոխանակեցին փոխադարձ հետաքրքրութեան առարկայ հարցերու շուրջ։

Երեքշաբթի, Յունիս 3, 2025

Երէկ, Հայաստանի ազգային ժողովի փոխ-նախագահ Ռուբէն Ռուբինեան ընդունեց Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան Հարաւային Կովկասի, Կեդրոնական Ասիոյ եւ արեւելեան գործընկերութիւններու հարցերով վարչութեան ղեկավար Մաթիաս Ֆոլերտի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը։

Երեքշաբթի, Յունիս 3, 2025

Ռուսաստան-Ուքրայնա հակամարտութիւնը կը շարունակէ առաջնահերթօրէն զբաղեցնել միջազգային օրակարգը։ Վերջին օրերուն հակասական իրադարձութիւններ տեղի ունեցան այս ուղղութեամբ։

Երեքշաբթի, Յունիս 3, 2025

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ պոլսահայ կրթական համակարգի վառ ներկայացուցիչներէն Հերա Իսքէնտէրօղլու աւարտած է Ֆրանսայի Արեւելեան լեզուներու եւ քաղաքակրթութիւններու ազգային կաճառի (INALCO) ԻՄԱՍ հայագիտական մասթըրի ծրագիրը։

Երեքշաբթի, Յունիս 3, 2025

Կը տեղեկանանք, որ Ս. Խաչ դպրեվանքի աւարտական դասարանի աշակերտուհիներէն Սեսիլ Կիւնտիւզ փայլուն յաջողութիւն մը արձանագրած է՝ համալսարանական ուսումը շարունակելու ճանապարհին։

Երեքշաբթի, Յունիս 3, 2025

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժանմունքի ղեկավար տքթ. Ռազմիկ Փանոսեանի ընդհանուր արժեւորումները - 2
Բազմակեդրոն ազգային ինքնութեան հիմքով:
«Մենք կը գիտակցինք, թէ երբ խօսքը կը վերաբերի լեզու մը զարգացնելու, ապա շեշտը պէտք է դնել երիտասարդութեան վրայ, դպրոցներու եւ ուսուցիչներու վրայ, անցած ենք ուղղակի ծրագիրներու»:

Երեքշաբթի, Յունիս 3, 2025

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Հարցում. Ինչպէ՞ս հասկնալ առակագիրին հետեւեալ համարները. «Աղքատ ժողովուրդի վրայ իշխող ամբարիշտը մռնչող առիւծի ու անյագ արջի կը նմանի: Խոհեմութիւն չուենցող իշխանը շատ զրկանքներ կ՚ընէ, բայց ագահութենէ զզուողը իր կեանքը կ՚աւելցնէ» (Առ 28.15-16):

Երեքշաբթի, Յունիս 3, 2025

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Գրադատները արեւմտահայ անուանի գրող, քաղաքագէտ, փաստաբան եւ բարերար Գրիգոր Զօհրապի հրապարակագրութեան մեծագոյն արժանիքներէն կը նկատեն այժմէականութիւնը:

Էջեր