Արխիւ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդը ինքն է ամբողջ ընկերային կեանքին հեղինակը, կեդրոնը եւ նպատա՛կը։ Ընկերային հարցը վճռող կէտը այն է, որ Աստուծոյ կողմէ բոլորին համար ստեղծուած բարիքները իսկապէս հասնին բոլորին, արդար չափով եւ անկեղծ մարդասիրութեան նպաստով։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Սիրոյ կոյր ըլլալը պէտք չէ երբեք պատճառ ըլլայ, որ մարդ խորտակէ իր կեանքը, որովհետեւ զանազան բացթողումներով, անվստահութեամբ ու սխալներով լեցուն յարաբերութիւն մը սիրոյ որեւէ մակարդակի վրայ բռնութիւն է պարզապէս.
Պատրիարքարանի մէջ այսօր տեղի կ՚ունենայ կարեւոր խորհրդակցութիւն մը։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը տեղեկացուց, որ կրթական հարցերու շուրջ նախատեսուած ժողով մըն է այս մէկը։
Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի Դաշնակցային խորհուրդի նախագահ Վալենթինա Մաթվիէնքոյի հետ։
Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ Թեհրանի մէջ բանակցութիւններ վարեց Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչիի հետ։ Օրուան տեւողութեան ան ընդունուեցաւ նաեւ Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիանի կողմէ։
Տանըլտ Թրամփ եւ Էմմանիւէլ Մաքրոն Սպիտակ տան մէջ շօշափեցին Ռուսաստան-Ուքրայնա հաշտութիւնը:
Ուաշինկթըն պատերազմին վերջ տալու համար կ՚աշխատի Մոսկուայի հետ եւ համաձայնութիւնը մօտ կը համարէ:
Էրտողան Լաւրովի նկատառման յանձնեց, որ նոր գործընթացին պէտք է ներգրաւել նաեւ Քիեւը:
Թուրքիա եւ Ռուսաստան սերտօրէն կ՚աշխատին Ուքրայնայի հակամարտութեան կարգաւորման հեռանկարին շուրջ:
Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդին կողմէ կարեւոր յայտարարութիւն. պոռթկում դիտումնաւոր արշաւի հանդէպ:
Անցեալ տարուան նման՝ համայնքը իրազեկելու ուղղեալ հաշուետուութեան նոր հաւաքոյթ մը տեղի պիտի ունենայ մօտաւոր ապագային: Էսաեան վարժարանի եւ բոլոր յարակից մարմիններու գործունէութեան շուրջ ապատեղեկատուութեան փորձերուն դէմ օրինական միջոցներ ձեռք պիտի առնուին:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայ մեծ բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի կենսագիր Արամ Ինճիկեան Յովհաննէս Թումանեանի մասին գրած իր գիրքերուն մէջ ուշագրաւ տեղեկութիւններ կը հաղորդէ բանաստեղծի կեանքի բոլոր շրջաններու մասին, բայց, ուշագրաւ են յատկապէս Թումանեանի մանկութեան տարիներու նկարագրութիւնները, զորս կենսագիրը կու տայ ամենայն մանրամասնութեամբ։
ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ
Վեց պահ դաս տալէ ետք յոգնած տուն կը բարձրանամ, պատառ մը ուտեմ, կը մտածեմ եւ գոնէ կէս ժամ քնանամ մինչեւ երկրորդ գործիս երթալս… Բայց, անշուշտ, մինչեւ տուն հասնիլս քանի մը կայան ունիմ այցելելիք, ուր մեծ սիրով եւ անհամբերութեամբ ամէն օր կը սպասեն անցնելուս։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Ինչպէ՞ս պէտք է հասկնալ Առակացի հետեւեալ համարը. «Բարեկամին տուած վէրքերը հաւատարիմ են, բայց թշնամիին համբոյրները առատ են» (Առ 27.6):
Պատասխան. Իրաւ բարեկամները, ընկերները երբ կը տեսնեն իրենց ընկերոջ, բարեկամին սխալ ընթացքը, յարմար առիթ մը կը փնտռեն, զգուշացնելու, խորհուրդ տալու, որպէսզի չշարունակէ նոյն ընթացքով ընթանալ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ծառայել՝ մեծութեան նշան է. մեծ չէ՛ այն՝ որ ծառայութիւն կ՚ընդունի, այլ մե՛ծ է այն՝ որ կը ծառայէ մաքուր շարժառիթով եւ անշահախնդիր ոգիով։ Արդարեւ, Շէլըր կ՚ըսէ, թէ՝ ամէն մարդ իր արժանիքը իր իսկ ձեռքովը կը դրոշմէ իր նկարագրին վրայ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Ի տարբերութիւն կամաւոր կուրութեան, շատ աւելի վտանգաւոր ու կործանիչ է անգիտակից կուրութիւնը. այս երկուքին միջեւ եղած տարբերութիւնը այն է, որ մէկը աւելի կառավարուող ու վերահսկման ենթակայ է՝ քան միւսը:
Պատրիարքարանի երդիքին տակ արդէն ընթացքի մէջ է՝ համայնքային շրջանակներուն կողմէ սպասուած մամլոյ ասուլիսը։ Գումգաբուի մէջ օրակարգի վրայ են թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի հրատապ հարցերը, որոնց կապակցութեամբ խորհրդածութիւններով հանդէս կու գայ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։
«Նոր սահմանադրութեան մը մշակման գործընթացին կը սպասեմ։ Օսմանեան շրջանին կարօտ մը կայ Թուրքիոյ մէջ։ Թէկուզ փոքրամասնութիւններու իրաւունքներն ալ կը յիշուին»։
«Պատրիարքի հեղինակութիւնը ո՛չ կ'աւելնայ, ո՛չ ալ կը պակսի։ Աթոռը համայնքի ամենաչքաւոր կառոյցն է։ Ի վերջոյ parayı veren düdüğü çalar կանոնը կը գործէ»։
«Սրտիս, մտքիս եւ խղճիս եռեակին վրայ հակասութիւններ կ'ապրիմ՝ մեր համայնքի կրթական հարցերու լուծման շուրջ»։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Կէտիկփաշայի Զուարթնոց դպրաց դաս-երգչախումբի արժէքաւոր խմբավար Ատրուշան Սրկ. Հալաճեանը, որուն կ՚ընկերանար տնօրէն խորհուրդէն Ժիրայր Ագմերճան։
«Ամէն մարդ կը տեսնէ իր տեսողութեան սահմանին համաձայն։ Ի՞նչ տեսլականի մասին է խօսքը։ Այս ժողովուրդը միշտ տոկացած է։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան այսօր երեկոյեան Գումգաբուի մէջ կը սարքէ մամլոյ ասուլիս մը։ Անցեալ շաբաթավերջին, Պատրիարքական Աթոռի աղբիւրները պաշտօնապէս տեղեկացուցած էին այս նախաձեռնութեան մասին եւ վերջին օրերուն արդէն սա կը բնորոշէ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի օրակարգը։