Արխիւ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Եթէ անձ մըն էք, որ մասամբ կը մեղադրէք ներկայ երիտասարդ սերունդը անտարբերութեան, անդաստիարակութեան ու անպատշաճ վարքի մէջ, ապա կը վստահեցնենք, որ ապագայ սերունդներուն դիմաց երանելիներ են անոնք, որովհետեւ այդ ընթացքը սրբագրուելու եւ լաւ հունի մէջ մտնելու փոխարէն օրէ օր շատ աւելի կործանման պիտի առաջնորդէ:
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի մասնակցութեամբ, Զուիցերիոյ մայրաքաղաքը Պեռնի մէջ կազմակերպուած՝ «Կրօնական ազատութիւն. հայկական հոգեւոր, մշակութային եւ պատմական ժառանգութեան պահպանումը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ» նիւթով համաժողովը հասաւ իր աւարտին։
ՄԱՇՏՈՑ ՔՀՆՅ. ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Երբ երկրէն բարձրանամ, բոլոր մարդիկը ինծի պիտի քաշեմ». (ՅՈՎՀ. ԺԲ 32)։
Խաչին վրայ բարձրացումը կը նշանակէ եւ կ՚աւետէ Համբարձումին երկրինք բարձրացումը։ Մին միւսին սկիզբն է։ Յիսուս Քրիստոս, միակ «Քահանայ»ն Նոր եւ յաւիտենական ուխտին. «մտաւ… ո՛չ թէ… մարդու ձեռակերտ սրբավայրի մը մէջ… այլ՝ երկինք, որպէսզի երեւնայ Աստուծոյ առջեւ, ի նպաստ մեզի». (ԵԲՐ. Թ 24)։
Հայաստանի ազգային ժողովի փոխ-նախագահ Ռուբէն Ռուբինեան յայտնեց, որ Երեւան այժմ կը փորձէ փոխել Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանային թափը։ «Երեւանեան երկխօսութիւն» երկրորդ միջազգային համաժողովի շրջանակներէն ներս մասնակցած ասուլիսին ժամանակ ան ընդգծեց, որ անվտանգութեան ոլորտէ ներս միայն մէկ աղբիւրի վրայ յենուիլը պարզապէս չ՚աշխատիր։
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան Մոսկուա այցելութեան ընթացքին Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ քննարկեց Հարաւային Կովկասի իրավիճակը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ այցելեց Ֆէնէրի յունաց պատրիարքարանը։ Ան ընդունուեցաւ Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարքին կողմէ։
«Ուր որ կը խաթարուին մարդու եւ ժողովուրդներու իրաւունքները, այնտեղ կ՚անտեսուի հոգեւոր ժառանգութեան վսեմ արժէքը»:
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը միջազգային հարթութեան վրայ միշտ կը բարձրաձայնէ Արցախի մատնուած վիճակը:
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանէն Լուսին Չաղլը, Ալին Աթաքէր, Լիտիա Ալթունեան, Լիսա Մարիա Տալ, Հելենա Չիլ եւ Ասիա Աթաքէր մասնակցեցան Շիշլիի շրջանին կազմակերպուած մտախաղերուն։
Երէկ, Էսաեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ երաժշտութեան փառատօն մը, որ ձօնուած էր Կոմիտաս Վարդապետին։ Հաստատութեան հիմնադրութեան 130-ամեայ յոբելեանի շրջանակներէն ներս կազմակերպուած էր ձեռնարկը, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ բարձր տրամադրութիւն։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց ճարտարապետ Վազգէն Պարընը։ Զրոյցի ընթացքին Վազգէն Պարըն նշեց, որ վախճանեալ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի շիրմին համար պատրաստած է նախագիծ մը։
Երէկ երեկոյեան, սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական տքթ. Յակոբ Այնթապլեան ասուլիսի մը մասնակցեցաւ Կեդրոնական սանուց միութեան մէջ։ Ձեռնարկին ներկայ էին Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեան եւ Կեդրոնականի ընտանիքէն վարիչներ։
ՄՈՒՀԱՄՄԱՏ ԱԼ-ՄԱՂՈՒԹ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Գրական կեանքիս սկիզբը իմ միակ այցելութեանս վայրը Պէյրութի մէջ սրճարան մըն էր, որու տիրոջ վրայ Աստուած բարկացած էր եւ օր մը չուզելով ըսաւ ինծի. այնպէս զգայ, որ այս սրճարանը քուկդ է: Այդ օրէն սկսեալ առաւօտները իրմէ առաջ այնտեղ կ՚ըլլայի եւ իրիկունը՝ իրմէ ետք կը հեռանայի անկէ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ, փորձա՞ծ էք բնաւ լսել լռութեան ձայնը։ Արդարեւ, լռութիւնը՝ ներքին խաղաղութեան ամենէն ազդու միջոցն է. առանձնութեան մէջ լռութիւն, որ մարդուս ներքին խաղաղութիւն մը կը պատճառէ։ Այս իմաստով, լռութիւնը բազմաթիւ օգուտներ ունի, երբ մարդ կարենայ լռութեան ձայնը լսել…
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Ճիշդ ու որակեալ բանաստեղծութիւն գրելու համար առաջին հերթին կարեւոր է անձին համար ներքին զգացումները եւ միտքերը անկեղծօրէն բացայայտելն ու հասկնալը, որովհետեւ բանաստեղծութիւն մը եթէ միայն բառեր ըլլան՝ մեծ իմաստ կրնայ չներկայացնել, որովհետեւ բանաստեղծութեան մէջ բառերէն աւելի ապրումը, հոգին ու զգացումն է կարեւորը:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Մարդ պէ՞տք է վախնայ:
Պատասխան. Վախը, աւելի ճիշդ երկիւղը բնական յատկութիւն մը պէտք է ըլլայ մարդուն համար: Վախը երբ աշխարհիկ հասկացողութեամբ միայն ընկալենք, այն բացասական է եւ չի՛ կրնար մարդուն օգտակար ըլլալ, սակայն, երբ վախը որպէս երկիւղ եւ ակնածանք ընկալենք, ապա մարդուն համար ո՛չ միայն օգտակար կ՚ըլլայ, այլեւ կ՚օգնէ մարդուն իր հոգիին շինութեան եւ փրկութեան ջանքին ու պայքարին մէջ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Բայց յիմարական եւ անիմաստ վէճերէն մէկդի քաշուէ, գիտնալով որ անոնցմէ կռիւներ կը ծնանին։ Տէրոջը ծառան պէտք չէ կռուի, հապա հեզահոգի ըլլայ ամենուն, սորվեցնող, ոխ չպահող. քաղցրութեամբ խրատէ՝ հակառակ կեցողները, որ թերեւս Աստուած ապաշխարութիւն տայ անոնց՝ ճշմարտութիւնը ճանչնալու համար». (Բ ՏԻՄԹ. Բ 23-25)։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Կը հաւատանք, որ բանաստեղծութիւնը որպէս արուեստ եւ որպէս գրականութեան հիմք դպրոցներուն մէջ թերի ձեւով կը ներկայացուի աշակերտութեան, որովհետեւ մեր ազգին մէջ տարածուած է այն թիւր համոզումը, որ բանաստեղծութիւն գրելը դիւրին արուեստ մըն է՝ մի քանի ծանր բառերը, համաչափ վանկեր ու նոյնավանկ վերջաւորութեան. եւ արդէն ի յայտ կու գայ բանաստեղծութիւն մը:
Արարատ Միրզոյեան. «Մարդկութիւնը դէմ յանդիման է մեծ անորոշութեան, բայց սա աշխարհի վերջը չէ»:
Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերակայութիւնն է՝ իր շուրջ խաղաղ ու անվտանգ միջավայր մը ձեւաւորելը:
Երէկ, արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան ամենաբարձր մակարդակի վրայ շփումներ ունեցաւ Մոսկուայի մէջ։ Քրեմլինի պալատէն ներս ան ընդունուեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի կողմէ։
Մինչ Հայ Երուսաղէմը կը դիմագրաւէ գոյաբանական մարտահրաւէրներ, Հայոց Պատրիարքարանէն ներս վերջերս գումարուեցաւ միաբանական ընդհանուր ժողով։ Սա Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան միաբանական ընդհանուր ժողովին 14-րդ նիստն էր։