Արխիւ
Պոլուի ՃՀՓ-ական քաղաքապետ Թանժու Էօզճան շաբաթավերջին ընկերային ցանցերու վրայ աղմկայարոյց գրառումով մը հանդէս եկաւ։ ՓՔՔ ահաբեկչական կազմակերպութեան պարագլուխ Ապտուլլահ Էօճալանի ուղղեալ գրառման մէջ ան նշած էր հետեւեալը. «Երանի հայ հայրդ երկու երկվայրկեան աւելի կանուխ վարուած ըլլար եւ բնաւ ծնած չըլլայիր, դաւաճան»։
Ատրպէյճան-Վրաստան-Թուրքիա-Պուլկարիա առանցքին վրայ տարանցման նոր նախաձեռնութիւն:
Դէպի Եւրոպա ուժանիւթ մատակարարելու ուղղեալ քայլերով կը ձեւաւորուին ռազմավարական այլընտրանքներ:
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ
-Այս հարցումը բոլոր տոմսերուն մէջ կայ, ըսաւ ընկերուհիս։
Երեւանի «Կոմիտաս» Պետական երաժշտանոցի դաշնամուրային բաժնի երրորդ քուրսի ուսանողներ էինք. «Հայ երաժշտութեան պատմութեան» քննութեան կը պատրաստուէինք։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ապրիլի 4-ը յիշատակի օրն է արեւմտահայ մեծ մտաւորական, գրող, հրապարակագիր Վահան Թէքէեանի։ Ան մահացած է 4 ապրիլ 1945 թուականին, Գահիրէ, Եգիպտոս, ուր կը հանգչի մեծ մտաւորականին աճիւնը:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Մարդիկ միշտ հետաքրքրուած են աշխարհով՝ յատկապէս միջավայրի ստեղծման սկզբնակէտին հետ: Միշտ հետաքրքրութեան առարկայ դարձած է, թէ ինչպէ՛ս յառաջացած է աշխարհը եւ ինչպիսի գործընթացներու մէջէն անցած է այս ընթացքին:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յաճախ կը յիշենք եւ կը կրկնենք Յիսուսի խօսքը, թէ՝ «…աշխարհի վրայ նեղութիւն պիտի ունենաք…». (ՅՈՎՀ. ԺԶ 33)։ Այս պատճառով, աշխարհ միշտ նեղութեան մէջ է եւ այդպէս ալ պիտի ըլլայ։ Ամէն մարդ, թէ՛ անհատապէս, թէ՛ հաւաքաբար կը ջանայ կարօտեալները եւ չքաւորեալները հոգալ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Եթէ իրապէս վստահ չըլլայի, որ այս տողերը գրուած են Ճպրան Խալիլ Ճպրանի կողմէ, ապա պիտի կարծէի, թէ հեղինակը գրած է ժամանակակից Հայաստանի իշխանութիւններու ընթացքը աչքի առջեւ ունենալով, որովհետեւ այս տողերը մեր օրերուն այնքա՛ն ժամանակակից են, որ մարդ ակամայ շփոթի կը մատնուի:
Պատրիարքական Աթոռը Մեծ պահոց նուիրական շրջանին անմիջական ուշադրութեան առարկայ կը դարձնէ գաւառի հայութիւնը։ Վերջին օրերուն Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ Պատիրարքարանի լուսարարապետ Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան այցելեցին Տիարպաքըր, ուր իրենց միացաւ նաեւ գաւառի համայնքներու տեսուչ Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան։
Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթը շաբաթավերջին համախմբուեցաւ խորհրդանշական ու յուզումնախառն առիթով մը։ Այսպէս, «Մարալ»ի բարեյիշատակ հիմնադիր ողբացեալ Պենոն Գուզուպաշ ոգեկոչուեցաւ մահուան 40-րդ տարելիցին առթիւ։
Երէկ, Մեծ պահքի Գալստեան կիրակիին, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան արարողութիւններուն նախագահեց Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ, ուր տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։
Հայոց հաւատքի հօր՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Խոր Վիրապ մուտքը շաբաթավերջին աւանդական արարողութիւններով յիշատակուեցաւ քաղաքիս մէջ՝ համախմբելով հոծ թիւով հաւատացեալներ։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Ամէն տարի 7 ապրիլին, Հայ Առաքեալական Սուրբ Եկեղեցին կը նշէ Սուրբ Մարիամ Աստուածածինին Աւետումի տօնը, այսինքն՝ այն յիշատակը, երբ Գաբրիէլ Հրեշտակապետը երեւցաւ Սուրբ Կոյսին ու անոր տուաւ աւետիսը՝ աշխարհի Փրկիչը ծնելուն եւ Անոր Մայրը դառնալուն:
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան երէկ կարեւոր հանդիպում մը ունեցաւ Անգլիոյ արտաքին գործոց նախարար Տէյվիտ Լեմիի հետ։ Տեսակցութիւնը տեղի ունեցաւ Պրիւքսէլի մէջ, ուր Ֆիտան եւ Լեմի կը գտնուէին ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հաւաքին մասնակցելու նպատակով։
Ուաշինկթընի ղեկավարութիւնը անհամբեր կը սպասէ Երեւան-Պաքու խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման։ «Ազատութիւն» ռատիոկայանի հաղորդումներով, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութեան ուժանիւթային պաշարներու պետական գրասենեակի աւագ խորհրդական Էրիք Ճէյքըփ այս մասին տեղեկացուց՝ Ատրպէյճանի կառավարութեան կողմէ կազմակերպուած, ուժանիւթի հարցերով հաւաքի մը ընթացքին։
Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տէր Լէյէն յոյս ունի, թէ Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ սահմաններու բացումը նոր հնարաւորութիւններ կը ստեղծէ Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ միջեւ համագործակցութեան համար։ Իր խօսքով՝ Հայաստանի՝ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ սահմաններու բացումը կը փոխէ խաղի կանոնները։
Երէկ, Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Արեւագալի արարողութիւն՝ հանդիսապետութեամբ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ Ներկայ էին նաեւ Տ. Սարգիս Աւ. Քհնյ. Գույումճեան եւ Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չընարեան:
Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի մօտ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան վերջերս մասնակցեցաւ «Ֆոքոլարի» շարժման կողմէ պատրաստուած միջեկեղեցական համաժողովի մը։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
«Ով ինչ բան որ կը սիրէ, ատոր մասին կ՚ուզէ խօսիլ, ինչը ետքէն ալ սովորութիւն կը դառնայ»
Այսօրուան մարդը մնայուն վազքի մէջ է: Անոր կեանքը վերածուած է անդադրում ընթացքի մը՝ ուսումի, աշխատանքի, նոր յայտնաբերումներու, հանգիստի, պտոյտի եւ այլն:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Ութսունական եւ իննսունական թուականները նշանաւոր են զանազան ժանրերու մէջ արեւմտեան երգերու վերելքով. օրինակ՝ փոփ (ժողովրդայինը), ռաք եւ այլն, որոնք գլուխ գործոցներ ունեցան: Այդ երկու տասնամեակները արտադրեցին հիանալի երգիչներ ու խումբեր, որոնք տուին մեծ գործեր՝ հարստացնելով ո՛չ միայն արեւմտեան երաժշտութիւնը, այլ միջազգայինն ալ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Տքթ. Հրաչ Չիլինկիրեանի վերջին յօդուածը կարդալով՝ սփիւռքի առկայ մարտահրաւէրներուն մասին:
Շարունակականութիւնը կ՚ապահովէ երիտասարդութիւնը, որ կը բերէ վաղուան ձայնը, վաղուան ռիթմը եւ վաղուան տեսլականը: