Արխիւ

Չորեքշաբթի, Մարտ 15, 2023

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Յանկարծ տեսայ, թէ Սողոս կը մեկնի դէպի Դամասկոս՝ որպէսզի ինծի հաւատացողները բերէ Երուսաղէմ: Զայրացայ եւ այդ զայրոյթիս իբր հետեւանք երկիրնքը փայլատակեց. Սողոս գետին ինկաւ ու ալ լռութիւնս խզեցի. «Սաւուղ, Սաւուղ, ինչո՞ւ զիս կը հալածես» ըսի:

Երեքշաբթի, Մարտ 14, 2023

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Հարցում. Դաստիարակութեան մասին որեւէ մէկ բան ըսա՞ծ է Առակագիրը:
Պատասխան.
Այո՛, ըսած է: Առակաց 13.24-ին մէջ կը կարդանք. «Գաւազանին խնայողը իր որդին կ՚ատէ, բայց իր որդին սիրողը կանուխ կը խրատէ»:

Երեքշաբթի, Մարտ 14, 2023

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Անձնական պիտի ըլլայ արտայայտութիւններս, բայց ապաւինելով իմ սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներուս հանդուրժողութեան կ՚ուզեմ խօսիլ իմ անցեալ երկու տարուան կեանքիս մասին՝ ուր առիթը ունեցայ իմ հոգեւոր աչքով տեսնելէ աւելի՝ մարմնական աչքով ալ տեսնելու զԱստուած իր ամբողջ էութեամբ։

Երեքշաբթի, Մարտ 14, 2023

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Հակառակ աւելի քան դար մը հնութեան, համաշխարհային գրականութեան տիտաններէն մին կը շարունակէ մնալ ռուս գրող Լ. Թոլսթոյ, որ առաւելաբար յայտնի է իր «Պատերազմ եւ խաղաղութիւն», «Աստուծոյ Թագաւորութիւնը մեր մէջ է», «Աննա Քարենինա», «Պատանեկութիւն» եւ այլ գործերով, որոնք նկատուած են աշխարհի ամենէն շատ ընթերցուած գիրքերու ցանկերուն մէջ:

Երեքշաբթի, Մարտ 14, 2023

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ

Իրան-Սէուտական Արաբիա դիւանագիտական յարաբերութիւններ վերահաստատելու որոշումը նոր գործընթացներու միտումներ կը նախանշէ: Նախ անմիջապէս պէտք է անդրադառնալ, որ համաձայնագիրը ստորագրուած է Փեքինի մէջ, ինչ որ Չինաստանի միջնորդութեան մասին կը խօսի:

Երեքշաբթի, Մարտ 14, 2023

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ անհանգիստ վիճակը, լարուածութիւնը եւ հրադադարի խախտումները անընդհատ կը շարունակուին։ Պաքու մէկ կողմէ կ՚արտայայտէ Երեւանի հետ խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու պատրաստակամութիւն, իսկ միւս կողմէ չի հրաժարիր իր նախայարձակ քաղաքականութենէն։

Երեքշաբթի, Մարտ 14, 2023

Երեւան Լաչինի միջանցքի փակման կապակցութեամբ կ՚ակնկալէ Մոսկուայի կողմէ հասցէական արձագանգ:
Փաշինեան հեռախօսազրոյցի ընթացքին հերթական անգամ Փութինի նկատառման յանձնեց Արցախի մարդասիրական տագնապը:

Երեքշաբթի, Մարտ 14, 2023

Արամ Աբրահամեան. «Մենք պէտք է ըլլանք հաւաքական ուժ մը, տարբեր մտածելակերպով մարդոց խումբ»:
«Ապագայ հայկականը» համաժողովը նոր հորիզոններ բացաւ համահայկական շփումներու շուրջ որոնումներու առջեւ:

Երեքշաբթի, Մարտ 14, 2023

Թուրքիոյ, Ռուսաստանի, Սուրիոյ եւ Իրանի արտաքին գործոց փոխ-նախարարներու հանդիպումը 15-16 մարտին տեղի պիտի ունենայ Մոսկուայի մէջ։ Վաղուան բանակցութիւնները կարեւոր նշանակութիւն ունին Թուրքիա-Սուրիա յարաբերութիւններու բնականոնացման տեսակէտէ։

Երեքշաբթի, Մարտ 14, 2023

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ընտրութիւնը տեղի ունեցաւ հարթ ձեւով՝ ինչպէս արդէն կը նախատեսուէր։ Երկար գործընթաց մը, բարդ աշխատանք մը յաջողութեամբ պսակուեցաւ՝ վերածուելով հաւաքական ձեռքբերումի մը։ Իսկապէս, համայնքը մեծ նախաձեռնութիւն մը ի կատար ածեց։

Երեքշաբթի, Մարտ 14, 2023

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Մեծ Պահքի 23-րդ օրն է:
Պահեցողութեան այս շրջանը նաեւ առիթ մըն է իւրաքանչիւրիս համար, վերստին համոզուելու, հասկնալով ու ըմբռնելով համոզուելու, թէ Աստուա՛ծ է Արարիչը տիեզերքին:

Երեքշաբթի, Մարտ 14, 2023

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Եօթանասուն տարի առաջ՝ 1953 թուականի ապրիլին Երեւանի մէջ կեանքէն հեռացաւ մեծանուն հայ լեզուաբան, բառարանագիր, մեծ պոլսահայ գործիչ Հրաչեայ Աճառեան: Անոր յուղարկաւորեցին Երեւանի Կեդրոնական գերեզմանատունին մէջ, որ յայտնի է Թոխմախի գերեզմանոց անունով, եւ ուր նոյնպէս հայ մշակոյթի, արուեստի, գիտութեան շատ մեծեր կան յուղարկաւորուած, ինչպէս՝ Կոմիտասի անուան Պանթէոնին մէջ:

Երեքշաբթի, Մարտ 14, 2023

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Դառնալով մեր մանկական առաջին շփումներուն Արեւմուտքին հետ կամ աւելի ճիշդը՝ այդ ժամանակի մեր ըմբռնումով Եւրոպային հետ։ Հայրս վաճառական էր եւ կը ճամբորդէր Շուէտ, ուրկէ շարժիչներ եւ մեծ ինքնաշաժներու կտորներ կը ներածէր Սուրիա:

Երկուշաբթի, Մարտ 13, 2023

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ երեկոյեան Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի (ԵՀԽ) ընդհանուր քարտուղար փրոֆ. Ճերի Փիլէյը, որուն կ՚ընկերանար իր օգնականը՝ Անի Ղազարեան-Տրիսսին։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ գաւազանակիր Տ. Շիրվան Քահանայ Միւրզեան։

Երկուշաբթի, Մարտ 13, 2023

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Մեծ Պահքի 22-րդ օրն է:
Այսօր սիրելի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք հատուածներ Զարմայր Աւ. Քհնյ. Կէզիւրեանի «Ինքնամփոփման եւ զղջումի կեանքը» գրութենէն հատուածներ:

Երկուշաբթի, Մարտ 13, 2023

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Թէեւ Ռուսաստան զբաղած է Ուքրայնայի ճակատով, սակայն Հայաստանն ալ տալիք նոր բան մը չունի վիրաւոր կայսրութեան:
Մոսկուա սկսած է Երեւանի փոխարէն Պաքուն նախընտրել, որովհետեւ անոնց յարաբերութիւնը ունի շահակցական նոր ու մեծ երեսակներ:

Երկուշաբթի, Մարտ 13, 2023

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հայ ականաւոր եկեղեցական եւ մշակութային գործիչ Սիմէոն Ա. Երեւանցիի գիտական ժառանգութեան մէջ առանձնայատուկ տեղ կը զբաղեցնէ անոր «Ջամբռ» պատմական աշխատութիւնը, որ քանի մը անգամ հրատարակուած է, թարգմանուած է անգլերէնի եւ ռուսերէնի, բայց վերջերս Երեւանի մէջ կրկին լոյս տեսաւ:

Երկուշաբթի, Մարտ 13, 2023

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Կը շարունակենք մեր խորհրդածութիւնները կեանքի մէջ գոյութիւն ունեցող կապերու, կամուրջներու մասին։
Մենք ըսած ենք, որ մարդը կապուած է ուրիշներուն, բնութեան։ Բան մը յստակ է այն կապի մէջ, զոր ան կը հաստատէ իր եւ իր շրջապատի հետ:

Երկուշաբթի, Մարտ 13, 2023

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Երբ գրիչը՝ ձեռքս կը պատրաստուէի գրել, յանկարծ, աչքիս առջեւ եկաւ գրասեղանիս վրայ գտնուող արուեստական ծաղիկներու փունջը։ Անիկա միշտ հոն էր, բայց այս անգամ աւելի եւս ուշադրութիւնս գրաւեց։

Երկուշաբթի, Մարտ 13, 2023

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Հայաստանի փողոցներով անցած ժամանակ ուշադրութիւնս կը գրաւէ հսկայական կառոյցներ, որոնք աւելի քան մի քանի տասնամեակներ՝ գուցէ հասնելով մինչեւ Սովետական Միութիւն, կը շարունակեն մնալ անմարդաբնակ ու լքեալ վիճակի մէջ:

Էջեր