Արխիւ
Երէկ երեկոյեան, Մարդու իրաւանց միութեան կեդրոնատեղիին մէջ, Պէյօղլու, տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխման արարողութիւն մը։ Այս առթիւ յանձնուեցան՝ ի յիշատակ հանգուցեալ մտաւորական Այշէնուր Զարաքօլուի հաստատուած տարեկան մրցանակները։
Մինչ շաբաթավերջին Պրիւքսելի մէջ նախատեսուած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հանդիպումը՝ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի միջնորդութեամբ, Երեւան-Պաքու յարաբերութիւններու կարգաւորումով պայմանաւորուած դիւանագիտական երթեւեկը վերստին թափ կը հաւաքէ։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ, երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ Խաղաղութեան աղօթք՝ Հայաստանի եւ Արցախի ապահովութեան ու խաղաղութեան համար։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակի յոբելենական շրջանին Թուրքիոյ տեսակէտէ բախտորոշ նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններ -3:
Տարեմուտի ցնցիչ երկրաշարժներուն հետեւանքները յաչս ժողովուրդին մերկացուցին քաղաքաշինութեան թերութիւններու յաղթահարման համար համակարգային լուծումներու անհրաժեշտութիւնը:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Իմ սիրելի տօներէն մին: Համայն հայոց, արցախցիներու սիրելի տօնը:
Ամէն տարի այդ օրը իմ սիրտը կը փառաւորուէր: Արցախը, իր քաղաքամայր Ստեփանակերտով կը պճնուէր:
ԲԺԻՇԿ ՎԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ (1905)
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Ե՞րբ պէտք է երեխան ծիծէն կտրել: Ինչպէ՞ս կերակրել երեխան ծիծէն ետք: Փոխեր, մսաջուրը, մսեղէն, բանջարեղէն, շաքարեղէն, միրգ: Ոգելից խմելիք: 2-3 տարեկան երեխային օրական սնունդը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Իմաստուն կին մը ճամբու եզերքը ինկած քար մը կը գտնէ։
Յաջորդ օրը ան ճամբորդի մը կը հանդիպի՝ որ շատ անօթի է, եւ կինը իր քովի հացը կը կիսէ անոր հետ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Եթէ կեանքի դժուարութիւնները թուարկող անձ մըն էք, խնդրեմ անոր վրայ աւելցնէք նաեւ մահը, որովհետեւ ինչպէս Մուշեղ Իշխան կ՚ըսէր «Մեռնիլը որքան դժուար է». ծնիլը դժուար, ապրիլը դժուար, սակայն մեռնիլը դիւրին կը կարծէինք, սակայն վերջապէս հասայ այն եզրակացութեան, որ ապրելու նման դժուար է նաեւ մեռնիլը:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, երէկ ընդունեց Էսաեան սանուց միութեան վարչութեան ատենապետուհի Մարիամ Տրամէրեանն ու անդամներէն Յարութիւն Տավուլճեանը։ Ներկայ էին նաեւ «Մարալ» երգի-պարի համոյթի վարիչներէն Կարպիս Չափքանն ու Արի Չոլաքը։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակի յոբելենական շրջանին Թուրքիոյ տեսակէտէ բախտորոշ նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններ -2:
Թէ ի՞նչ է բանալիներ գոյութիւն ունին՝ շաբաթավերջի նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններու բուռն մրցակցութեան ծալքերու գաղտնագրերուն հետեւելու համար:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շաբաթավերջին ընդունեց լիբանանահայ գործարար Սեդրակ Քիւրէճեանը, որ երանաշնորհ Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանի օրերէն իսկ, իր գործին բերմամբ բազմիցս այցելած է քաղաքս։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, երէկ ընդունեց ՃՀՓ-ի Շիշլիի շրջանի ներկայացուցիչները՝ կուսակցապետի օգնական Եունուս Էմրէն, Հիւսէյին Սարըն, Թարքան Էլլէրկեզէնը եւ Պիւլենտ Թալանայը, որոնց ընկերացաւ Յարութիւն Արիֆ Էրկիւնէշ։
Շիշլի մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Ալէն Թեքպըչաք եւ իր գործակից ընկերները հիւրընկալեցին Համահայկական խաղերու Թեհրանի տեղական կոմիտէի պատասխանատուներէն Հրաչիկ Շահպազեանն ու Ռազմիկ Միրզախանեանը։
Ֆրանսահայ յայտնի հոգեբոյժ տքթ. Տիրան Տօնապետեան այս օրերուն կ՚այցելէ Իսթանպուլ։ Ան երէկ հիւրընկալուեցաւ Գարակէօզեան Տան երդիքին տակ։
Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի միջնորդութեամբ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հանդիպումը այս կիրակի տեղի պիտի ունենայ Պրիւքսելի մէջ։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երէկուան թիւով տուած էինք արեւմտահայ հասարակական գործիչ, գրող, հրապարակագիր Յովհաննէս Պօղոսեանի (ծնած Կեսարիա, 1889 թուականին) յուշագրութենէն հատուած մը:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Սենեակները հին ու նոր. սենեակները՝ որոնք մեր պատմութեան զարգացման հետ կառուցած ենք եւ որոնց մէջ կը ծնինք ու կ՚ապրինք եւ անոնցմէ կը հեռանանք...
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Մարդ եթէ շիտակ ճամբայէն մերժէ քալել, ի՞նչ կը պատահի անոր:
Պատասխան. Առակագիրը կը գրէ. «Ուղիղ ճամբան մերժողին գէշ պատիժ կ՚ըլլայ» (Առ 15.10):
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Աստուած մարդը ստեղծեց եւ զայն դրաւ դրախտին փափկութեան մէջ, բոլոր զգայարանքները եւ անդամները առողջ ունենալով իր բնութեան մէջ։ Ապա ուրեմն՝ երբ լսեց անոր, որ խաբեց զինք, այն ժամանակ ստացաւ բոլոր ախտերը եւ հիւանդութիւնները եւ իսկոյն ինկաւ իր մեծ ու չքնաղ փառքէն, որպէսզի մարդը հասկնայ եւ տեսնէ, թէ ախտեր, հիւանդութիւններ կան՝ որոնք զինք կը հեռացնեն Աստուծմէ եւ որպէսզի բարերար Աստուծոյ, որ օգնէ իրեն եւ ապա ինք կարենայ իրմէ թօթափել բոլոր ախտերը եւ բժշկուիլ ամէն հիւանդութենէ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Հերոս դառնալու եւ անմահանալու չափանիշները մեր ազգին մէջ քիչ մը տարբեր են տրամաբանականէն. մեր մօտ հերոսութիւնը պայմանաւորուած է մահով. հաւանաբար երկու երիտասարդ մասնակից դառնան պատերազմի. անոնցմէ մին մեծամեծ գործեր կը կատարէ, սակայն կը յաջողի իր կեանքը փրկել, սակայն երկրորդը առանց բան մը կատարած ըլլալու հակառակորդին զոհ դառնայ եւ հերոսանայ, մինչ իսկական հերոսը արժանանայ անփթութեան: