ԽՈՒՆԿ ՈՒ ԱՂՕԹՔ ՍՐԲԱՊԱՏԿԵՐԻՆ
Ինչպէս յայտնի է, Ցեղասպանութեան զոհերը վերջերս սրբադասուած էին Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ կողմէ եւ այս շրջագծով պատրաստուած էր նաեւ սրբանկար մը։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, նահատակաց այս սրբապատկերը զետեղուած էր Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ, որպէսզի հաւատացեալները բերեն իրենց խոնարհումը եւ աղօթքը։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Պուլկարիոյ Հայոց Թեմէն ներս տեղի ունեցաւ թեմակալ առաջնորդի ընտրութիւնը։ Վառնայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած ընտրութեան իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Ուքրայնոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Մարկոս Եպսկ. Յովհաննիսեան, Վեհափառ Հայրապետի յանձնարարութեամբ։
Իգդիրի Թուզլուճա գաւառակին մէջ յայտնաբերուեցաւ հայկական պատմական խաչքար մը։ Պատմական Կողբ շրջանին համապատասխանող այս վայրին մէջ յայտնաբերուած խաչքարը կը պատկանի 13-14-րդ դարերուն։
Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի կեդրոնական կոմիտէի հնգօրեայ ժողովը կը շարունակուի:
