ԳԱՐԹԱԼԻ Ս. ՆՇԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՅԱՋՈՐԴ ԱՄԻՍ ՊԻՏԻ ՎԵՐԱԲԱՑՈՒԻ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԻ
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան անցեալ շաբթուան մէջ հիւրընկալեց Գարթալի Ս. Նշան եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը։ Եկեղեցւոյ երէց Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեանի ուղեկցութեամբ, ատենապետ Յովհաննէս Սահակօղլու եւ իր ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցան Պատրիարքարանի երդիքին տակ։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ շաբաթավերջին ապրուեցաւ արտասովոր ոգեւորութիւն:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ սկսաւ Հայ Եկեղեցւոյ երիտասարդաց միաւորման (ՀԵԵՄ) երրորդ պատգամաւորական ժողովը։ Մայրավանքի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» Մատենադարանի դահիլիճին մէջ տեղի կ՚ունենայ համագումարը՝ նախագահութեամբ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի։
Պատկառելի Կրօնական Ժողովի Ատենապետ՝ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վարդապետի դիմումին ընդառաջելով Պատրիարքարանիս դահլիճին մէջ հաւաքուեցաւ Համագումար Ժողով՝ նախագահութեամբ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի տնօրինութեամբ Տ. Յովակիմ Եպսկ. Մանուկեան նշանակուեցաւ Մեծն Բրիտանիոյ թեմակալ առաջնորդ, ազատուելով Արթիկի թեմակալ առաջնորդի եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժնի տնօրէնի պաշտօններէն։
Ցաւով տեղեկացանք, թէ այսօր իր հոգին երկնաւոր Տիրոջ ձեռքերուն յանձնած է Հայ Կաթողիկէից Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Թարմունի Կաթողիկոս-Պատրիարքը։ Հանգուցեալը 1940-ին ծնած էր Գահիրէի մէջ։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ կայացաւ ազգային բարերար, Հայաստանի Ազգային հերոս Գըրգ Գրգորեանի յիշատակին նուիրուած արարողութիւն մը։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ կատարուած հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք տեղի ունեցաւ ոգեկոչումի հանդիսութիւն մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ երկրի պետական աւագանին։