Լրահոս

ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑՆԵՐ ՈՒՆԵՑԱՒ ՎԼԱՏԻՄԻՐ ՓՈՒԹԻՆԻ ԵՒ ԱՆԹՈՆԻՕ ԿՈՒԹԵՐԵՍԻ ՀԵՏ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեսի հետ։ Երկու զրոյցներուն ընթացքին ալ առաջնահերթօրէն օրակարգի վրայ եկաւ Լաչինի միջանցքի փակման հետեւանքով Արցախէ ներս ստեղծուած իրավիճակը։

«ԹՐԱՆՍ-ԿՈՎԿԱՍ»Ը՝ ՓՈԽԱՆ «3+3»Ի

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին հրապարակած «Թրանս-Կովկաս»ի նախագիծը կը թուի, որ Անգարայի նոր նախաձեռնութիւնն է: Անդրադառնալով տարածաշրջանին մէջ հեռահաղորդակցութիւններու զարգացման հարցերուն՝ Չավուշօղլու նշած է, որ Թուրքիան, Ատրպէյճանը, Վրաստանը եւ Իրանը եռակողմանի եւ քառակողմանի ձեւաչափերով կ՚աշխատին օգտագործել այդ կարելիութիւնները:

ԼԱՒՐՈՎ ՊԱՔՈՒ ԿԸ ՄԵԿՆԻ

Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով կը նախատեսէ այցելել Պաքու, ուր ամենաբարձր մակարդակի վրայ պիտի հիւրընկալուի Ատրպէյճանի ղեկավարութեան կողմէ։ Կը հաղորդուի, որ ռուս նախարարին պաշտօնական այցելութիւնը տեղի ունենայ փետրուարի 27-28-ին։

«ՊԱՔՈՒ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏԱԾ Է ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏԻ ՀԵՏ ՄԻՋԱԶԳԱՅՆՕՐԷՆ ՏԵՍԱՆԵԼԻ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՐԱՍՏԱԿԱՄՈՒԹԻՒՆԸ»

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճան վերահաստատած է իր պատրաստակամութիւնը, որպէսզի Լեռնային Ղարաբաղի հետ միջազգայնօրէն տեսանելի երկխօսութիւն հաստատէ։

Ի՞ՆՉ ԸՆԷԻՆՔ, ԼՌԷԻՆՔ ՈՒ ՈՉԻՆՉ…

Հարցազրոյց «Ազատութիւն»ին. «Լաւ առիթ ներկայացած է, մեծ ողբերգութիւն մը տեղի ունեցած է, իսկ ողբերգութիւններու շուրջ պետութիւնները կրնան գալ գլուխ-գլխի»:
Վերլուծաբան Թաթուլ Յակոբեան կը մեկնաբանէ Հայաստանէն Թուրքիա ուղարկուած մարդասիրական օժանդակութեան քայլը. «Մենք լո՞ւրջ պետութիւն ենք, թէ պետութիւն չենք. սա է խնդիրը»:

ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ԽԱՐԽԼՈՒՄ

Հաթայի իրերայաջորդ սաստիկ երկրաշարժները աւերիչ ազդեցութիւն գործեցին Մուսա լերան Վաքըֆլըգիւղին վրայ, ուր բնակչութիւնը կը դիմագրաւէ իսկական ողբերգութիւն մը:
Փլուզման տխուր համայնապատկերը դժբախտաբար կը ցոլացնէ անատոլուի հայկական պատմական ստուար ներկայութեան վերջին բեկորներուն հիմնայատակ ցնցումը:
Լրջօրէն վնասուած ըլլալով հանդերձ, Ս. Աստուածածին եկեղեցին, ըստ էութեան, կը մնայ կանգուն: Հունէ դուրս եկած առօրեային զուգահեռ՝ գիւղացիներու ապագային կը սպառնայ անորոշութիւն:

ՌՈՒՍԱՍՏԱՆ ՄԻՇՏ ԿԸ ԲՈՂՈՔԷ ԵՄ-Ի ԴԻՏՈՐԴՆԵՐՈՒՆ ԴԷՄ

Հայաստանի մէջ Եւրոմիութեան քաղաքացիական դիտորդական առաքելութիւնը արդէն պաշտօնապէս սկսած է ներկայ շաբթուան դրութեամբ։ ԵՄ-ի դիտորդական առաքելութիւնը արդէն Ատրպէյճանի հետ սահմանին վրայ տեղակայուած է եւ Հայաստան հասած առաջին օրն իսկ՝ երկուշաբթի, իրականացուցած է իր առաջին դիտարկումը։

Էջեր