Լրահոս

ՀԱԿԱՊԵՏԱԿԱՆ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ

Պրիւքսելի հանդիպումէն բխած Շարլ Միշելի յայտարարութեան հիմնական նորութիւնը՝ Հայաստան-Ատրպէյճան տարածքային ամբողջականութիւններու փոխադարձ ճանաչումին առընթեր, թուանշաններով տարածքներու յստակացումն էր:

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ԲՈՂՈՔ

Փաշինեան-Փութին-Ալիեւ վաղուան եռակողմանի գագաթաժողովին ընդառաջ հայ իրականութենէն ներս համատարած մտահոգութիւն եւ անհանգստութիւն:
Եկեղեցւոյ կողմէ վերջնագիր:
Երեւան-Ստեփանակերտ հակադրութիւնը ջուրի երես կ՚ելլէ:
Հայաստանի ղեկավարութեան որդեգրած քաղաքականութիւնը հետզհետէ կը զրկուի հանրային յենարանէ: Իշխանական ճամբարի երեսփոխանները կը ջանան մեղմել վարչապետին արտայայտութիւնները:
«Դատապարտելի եւ անընդունելի են խաղաղութեան պատրուակով հիմնաւորուած միակողմանի զիջումները»:

ԱՆԳԱՐԱ Կ՚ԱԿՆԿԱԼԷ, ՈՐ ԵՐԵՒԱՆ ՈՒՂՂԷ ԻՐ ՍԽԱԼԸ

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու Ատրպէյճանէն խումբ մը լրագրողներ հիւրընկալելու ժամանակ անդրադարձաւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, ան այս առթիւ հերթական անգամ անդրադարձաւ «Նեմեսիս»ի յուշարձանի հարցին։

ԸՆՏՐԵԱԼ-ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ ՏՔԹ. ՍԵՒԱՆ ՍՎԱՃԸՕՂԼՈՒ ԵՒ ԱՔ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿՈՂՄԷ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐ ԽՄԲԱԳՐԱՏՈՒՆՍ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Իսթանպուլի նորընտիր երեսփոխան տքթ. Սեւան Սվաճըօղլուի կողմէ գլխաւորուած կուսակցականներու խումբը։ ԱՔ կուսակցութեան Շիշլիի մասնաճիւղի ղեկավար Կէօքհան Եիւքսելի առաջնորդած կուսակցականները եւ ընտրեալ-երեսփոխան տքթ. Սեւան Սվաճըօղլու ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրատան երդիքին տակ հիւրընկալուեցան ջերմ մթնոլորտի մը մէջ։

ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԿՐԿՆԵՑ, ՈՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՊԱՏՐԱՍՏ Է ՃԱՆՉՆԱԼ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՏԱՐԱԾՔԱՅԻՆ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՆԵՐԱՌԵԱԼ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԸ

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հերթական անգամ յայտարարեց, որ Հայաստան պատրաստ է ճանչնալ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը՝ ներառեալ Լեռնային Ղարաբաղը։
Նիկոլ Փաշինեան երէկ Երեւանի մէջ սարքեց մամլոյ ասուլիս մը։ 

ՕՂԱՆԻ ԿՈՉԸ

Հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան երկրորդ փուլը կը շարունակէ բնորոշել Թուրքիոյ օրակարգը։ Շաբաթավերջի ընտրութեան եզրափակիչ փուլին՝ երկրորդ քուէարկութեան պիտի մրցին «Ճումհուր» դաշինքին կողմէ առաջադրուած Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանն ու «Միլլէթ» դաշինքին կողմէ առաջադրուած ՃՀՓ-ի կուսակցապետ Քեմալ Քըլըչտարօղլուն։

Էջեր