ՖԻՏԱՆ-ՊԼԻՆՔԸՆ ԿԱՐԵՒՈՐ ՏԵՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Ուաշինկթընի ղեկավարութիւնը կը շարունակէ Հարաւային Կովկասի իրադարձութիւնները անմիջական ուշադրութեան առարկայ դարձնել եւ այս ամբողջին մէջ կիզակէտին վրայ կը պահէ Երեւան-Պաքու առանցքի իրադարձութիւնները։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութիւնը տեղեկացուց, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ընդամէնը քանի մը չլուծուած հարց մնացած է։
Միսաք եւ Մելինէ Մանուշեանները դարձան առաջին գաղթական-օտարները, որոնք մուտք գործեցին ֆրանսական ազգի մեծ երախտաւորներու կոթողային տաճարը, ուր անոնց ներկայութիւնը պիտի ապահովէ նաեւ իրենց դիմադրակից ընկերներու հոգիներուն թեւածումը: Նացիներու կողմէ գնդակահարման 80-րդ տարելիցի օրուան համընկնած պատմական արարողութեան ընթացքին մայրաքաղաքի Սիւֆրէն փողոցին վրայ հնչեց Շարլ Ազնաւուրի գլուխ գործոցներէն «Ինկան անոնք»ը:
«Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը ճանչնայ իր բոլոր հարեւաններու տարածքային ամբողջականութիւնը»:
Նացիներու կողմէ գնդակահարման 80-րդ տարելիցին պատմական արարողութիւն: Նախագահ Մաքրոն վերայուղարկման առթիւ կը դամբանախօսէ, հրաւիրուած է նաեւ Հայաստանի վարչապետ Փաշինեան:
Հայկական դասական երաժշտութեան բացառիկ երեկոյթ մը՝ Ֆէրիգիւղի «Շիրինօղլու» սրահին մէջ:
Փաշինեան Միշէլի հետ հեռախօսազրոյց ունեցաւ՝ Ալիեւի հետ հանդիպումէն անմիջապէս վերջ:
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր երաժշտական աշխարհի արժէքաւոր ու հեղինակաւոր տարրերէն մեներգիչ Արթիւր Պաղտասարեանի նախաձեռնութեամբ այս օրերուն քաղաքիս մէջ տեղի կ՚ունենան երկու համերգներ։ Արթիւր Պաղտասարեան այս շրջանին մեր երաժշտասէրներուն համար հնարաւորութիւններ կը ստեղծէ հայկական դասական երաժշտութիւնը ըմբոշխնելու թէ՛ որպէս մենակատար եւ թէ որպէս կազմակերպիչ։
Անգարա ամբողջ տարածաշրջանին տեսակէտէ հեռանկարային կը նկատէ Երեւան-Պաքու համաձայնութիւնը:
Հայաստան հետամուտ՝ անվտանգութեան ու պաշտպանութեան համապարփակ համակարգ մը հաստատելու:
Միւնիխի Անվտանգութեան համաժողովի շրջանակներէն ներս, Օլաֆ Շոլց շաբաթավերջին մէկտեղեց Նիկոլ Փաշինեանն ու Իլհամ Ալիեւը, որոնք շուրջ վեց ամսուան ընդհատումէ մը վերջ ուղիղ շփում մը ունեցան, ինչ որ առիթ դարձաւ դրական պատգամներու հնչեցման, սակայն միշտ կան նաեւ մեղադրանքներ: