ՀԻՆ-ՆՈՐ «ԲԱԺՆԷ՛ ԵՒ ՏԻՐԷ՛»Ն
Երեւան-Մոսկուա տարակարծութիւններու մթնոլորտին մէջ արտաքին գործոց նախարարներու հեռախօսազրոյց:
Արարատ Միրզոյեանն ու Սերկէյ Լաւրովը քննարկեցին տարածաշրջանային հարցեր: Միշուսթին Պաքուի մէջ յայտնեց, որ Ռուսաստանի համար յատուկ նշանակութիւն ունի Հարաւային Կովկասի տնտեսական կապերու ապաշրջափակումը:
Երէկ, Հայաստանի կառավարութեան կազմին մէջ տեղի ունեցաւ փոփոխութիւն մը։ Այսպէս, տնտեսութեան նախարար նշանակուեցաւ Գէորգ Պապոյեան։ Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան համապատասխան հրամանագիրը ստորագրեց՝ վարչապետի առաջարկին հիման վրայ։
Փաշինեան Տենտիասը ընդունելու ժամանակ կարեւորեց բոլոր մարտահրաւէրներու կառավարումը:
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ հռչակաւոր դաշնակահար Շահան Արծրունի այսօր Նիւ Եորքի մէջ հանդէս կու գայ յատկանշական ելոյթով մը։ Ձեռնարկը նախատեսուած է Նիւ Եորքի՝ «National Arts Club»ի երդիքին տակ։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Թուրքիոյ սահմաններուն վրայ այս ամառ ահաբեկչութիւնը պիտի վերջանայ։
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան երէկ ընդունեց Անգլիոյ բանուորական կուսակցութիւններէն Տէյվիտ Լեմին։ Այս վերջինը կը համարուի Անգլիոյ կառավարութեան «ստուերային արտաքին գործոց նախարարը»։
Երէկ երեկոյեան ժամերուն Չանաքքալէի մէջ տեղի ունեցաւ երկրաշարժ մը։ Էփիկեդրոնը կը գտնուէր քաղաքի Ենիճէ գաւառակին մէջ։ Ժամը 21.38-ին պատահեցաւ շարժը, որու սաստկութիւնը կազմեց՝ ռիխթերեան չափանիշով 4.9։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երկօրեայ պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Գահիրէ, ուր կը հիւրընկալուի Եգիպտոսի նախագահ Ապտիւլֆեթթահ էլ-Սիսիի կողմէ։
Երեւանի մէջ, սեպտեմբերի 17-20-ին տեղի պիտի ունենայ Համաշխարհային հայկական երկրորդ գագաթաժողովը, որու առաջինը տեղի ունեցած էր 2022 թուականին։ Սա կը կազմակերպուի Հայաստանի Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեանի գրասենեակին կողմէ։
Ռուսաստանի վարչապետ Միխայիլ Միշուսթին աշխատանքային այցելութեամբ կը գտնուի Պաքուի մէջ, ուր կը հիւրընկալուի Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ վարչապետ Ալի Ասատովի կողմէ։