«100 ՀՐԵԱՅ ԴԷՄՔ»
Յայտնի լուսանկարիչ Ալպերթօ Մոտիանօ արդէն թեւակոխած է իր լուսանկարչական գործունէութեան 40-ամեակը։ Կը տեղեկանանք, որ յոբելենական շրջանին ան հրատարակած է «100 Yahudi Yüz» («100 հրեայ դէմք») խորագրեալ ալպոմ-գիրք մը, որու շնորհանդէսը նախընթաց օր տեղի ունեցաւ Գարագիւղի «Schneidertempel» գեղարուեստի կեդրոնին մէջ։