Լրահոս

ԲԱԶՄԱՊԱՏԻԿ ՑՈՒՑԱՆԻՇՆԵՐ

Թուրքիա-Հայաստան առեւտուրի ծաւալը անցեալ տարի աննախընթաց վերելք արձանագրած է բոլոր ուղղութիւններով:
Յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը շատ դրական կ՚անդրադառնայ երկու երկիրներու ապրանքաշրջանառութեան վրայ:

ԱՆԳԱՐԱ ԵՒ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ ԿԸ ՀԵՏԵՒԻՆ ԵՐԵՒԱՆԻ ԵՒ ՊԱՔՈՒԻ ՄԻՋԵՒ ԸՆԹԱՑՔԻՆ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի բանբեր ու աւագ խորհրդական Իպրահիմ Քալըն հանդիպում մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի Ազգային անվտանգութեան գծով աւագ խորհրդական Ճէյք Սալըվընի հետ։

ԹՈՒԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ

Փարիզի «Նոր Յառաջ»ին մէջ Ժիրայր Չոլաքեանի ստորագրութեամբ կը կարդանք.-

Երեւանի «Ապագայ հայկականը» համաժողովի լոյսին տակ. նոր ժամանակներ, նոր գործելակերպեր:
Արագութեան ժամանակաշրջանին այս նախաձեռնութիւնը արտասովոր է՝ մինչ կարգ մը հարցադրումները կիզակէտային են:

ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ ՊԻՏԻ ՆՇՈՒԻ «ԾԱԳՈՒՄՈՎ ՀԱՅԵՐ» ՀԱՂՈՐԴԱՇԱՐԻՆ ՅՈԲԵԼԵԱՆԸ

Այս շաբաթավերջին Փարիզի մէջ նախատեսուած է եզակի հաւաքոյթ մը։ «Նոր Յառաջ»ի հաղորդումներով, աշխարհի բոլոր կողմերէն ծանօթ հայեր պիտի համախմբուին այս առթիւ։ Ձեռնարկին շարժառիթն է «Ծագումով հայեր» հաղորդաշարի 15-ամեակը եւ այս յոբելեանին առթիւ նախատեսուած է պարգեւատրման արարողութիւն մը։

ՄԵՐ ՍՈՒՐԲԵՐԸ…

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

-Ո՞վ եղած էր կամ եղած էին մեր առաջին սուրբը կամ սուրբերը, Թադէո՞ս թէ ոչ Բարթողիմէո՞ս առաքեալները եւ կամ՝ Գրիգոր Լուսաւորիչը: Ըսէ՛ք տեսնեմ, հայտէ՛ ըսէ՛ք, դուք որ կը կարծէք, թէ շատ բաներ գիտէ՛ք:

ՀԱՅ ԵՒ ԹՈՒՐՔ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ

Ա. Ա.

Հայաստան-Թուրքիա դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման հոլովոյթը, որ ընթացք առաւ երկու տարի առաջ, տակաւին կը դիմագրաւէ երկու կարեւոր արգելք։ Արցախի ճակատագիրը եւ հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հայութեան արդար իրաւունքներու ձեռքբերման եւ հատուցման թղթածրարը, որ միջազգային գետնի վրայ կը հետապնդուի հայկական սփիւռքի կազմակերպութիւններու, մարմիններու, հայ դատի գրասենեակներուն եւ յանձնախումբերու կողմէ։

ՎՏԱՆԳՆԵՐԸ ՄԻՇՏ ԱՌԿԱՅ

«Պէտք է ցոյց դնենք անկախ, ինքնիշխան պետութիւն ունենալու վերաբերեալ մեր կամքը։ Մեր անվտանգութիւնը կրնայ երաշխաւորել միայն խաղաղութիւնը»:
Փաշինեան. «Ատրպէյճան կը փորձէ ականներ դնել՝ Հայաստանի հետ խաղաղութեան պայմանագրին մէջ։ Չեմ ստորագրեր բան մը, եթէ ապագային պիտի չկարողանամ նայիլ ձեր աչքերուն»:
«Եթէ երթան Պաքու, ետ կու գա՞ն, թէ ոչ։ Ո՞վ պիտի տայ այս հարցումին պատասխանը։ Այստեղ ալ երաշխիքի հարց կայ։ Չենք պատրաստուիր Ատրպէյճանին տալ էթնիք զտումներ իրականացնելու լիազօրութիւն»:

Տ. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎՐԴ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ ՊԱՏԱՐԱԳԵՑ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Պատրիարքական Աթոռի միաբաններէն Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ վերջին ամիսներուն կը գտնուի Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս, անցեալ կիրակի Ս. Պատարագ մատոյց եւ քարոզեց Ուաշինկթընի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։

ՉԻՆԱԿԱՆ ԱՌԱՆՑՔԸ ԱՇԽԱՐՀԱԿԱՐԳԱՅԻՆ ՏԱՐՈՂՈՒԹԵԱՄԲ (Բ)

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ

Չինաստանի միջնորդութեամբ կայացած Իրան-Սէուտական Արաբիա դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման որոշումը նոր շրջափուլի մեկնարկ կը նկատուի Միջին Արեւելքի մէջ: Եմէնի պատերազմի աւարտը կամ դադրեցումը, խորքին մէջ, այս համաձայնութեան ցուցանիշն էր:

ՎԱՂԸ ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՆ ԹՈՒՐՔԻՈՅ, ՌՈՒՍԱՍՏԱՆԻ, ԻՐԱՆԻ ԵՒ ՍՈՒՐԻՈՅ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Թուրքիոյ, Ռուսաստանի, Սուրիոյ եւ Իրանի արտաքին գործոց փոխ-նախարարներու հանդիպումը 15-16 մարտին տեղի պիտի ունենայ Մոսկուայի մէջ։ Վաղուան բանակցութիւնները կարեւոր նշանակութիւն ունին Թուրքիա-Սուրիա յարաբերութիւններու բնականոնացման տեսակէտէ։

Էջեր