ՊԷՅՐՈՒԹԻ Ս. ԷՋՄԻԱԾՆԻ ԿՐՕՆԱՍԷՐ ՏԻԿՆԱՆՑ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄԸ ԴԵՂՕՐԱՅՔ ԿԸ ՓՈՒԹԱՑՆԷ ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ԿԱՐԻՔԱՒՈՐ ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐՈՒՆ
Կը տեղեկանանք, որ Պէյրութի մէջ այս շրջանին կարեւոր նախաձեռնութիւնով մը հանդէս կու գայ Սուրբ Էջմիածնի կրօնասէր տիկնանց համախմբումը՝ գլխաւորութեամբ ատենապետուհի Անահիտ Տանձիկեանի։ Այս նոր նախաձեռնութիւնը կը վերաբերի կենսական նշանակութեամբ դեղօրայքի մատակարարման։