ԶՐՈՅՑՆԵՐ
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Օր մը առաջ ալ ան զրուցած էր Ուքրայնայի նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիի հետ։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Օր մը առաջ ալ ան զրուցած էր Ուքրայնայի նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիի հետ։
Հայաստանի Ազգային արխիւը հիմնադրութեան 100-ամեայ ոսկէ յոբելեանին ընդառաջ. տարի մը անց արդէն դարադարձ:
Այժմու առաջնահերթութիւններու շարքին կը գտնուին թուայնացումը, արդի սարքաւորումներու ձեռքբերումը եւ գիտահետազօտական աշխատանքները:
ԵՄ-ի Թուրքիոյ առաքելութեան քաղաքական հարցերու գծով խորհրդականը երէկ հանդիպում մը ունեցաւ ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններու մամլոյ ներկայացուցիչներուն հետ:
KEY Plaza-ի երդիքին տակ կազմակերպուած տեսակցութիւնը առիթ հանդիսացաւ համայնքային կեանքի բազում խնդիրներու զանազան երեսակներով քննարկման:
Մայրենիով օրաթերթերու դիմագրաւած տագնապալի կացութիւնը բացատրուեցաւ մանրամասնօրէն: ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան մատնանշեց ապագայի պատրաստութեան ճանապարհին թեքնոլոժիք ոստումներ իրականացնելու եւ համապատասխան միջոցներ ունենալու անհրաժեշտութիւնը: Մամլոյ ծանուցումներու հաստատութեան նպաստի հասած վիճակը եւս ուշադրութեան առարկայ:
Արտաքին գործոց նախարարը հերթական յայտարարութիւնները ըրաւ Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացման շուրջ:
Ըստ Մեւլիւտ Չավուշօղլուի, յատուկ ներկայացուցիչները շարունակ հեռաձայնի վրայ են, Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ կան քաղաքական շփումներ:
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ անդրադարձաւ Արցախի մէջ ծագած վերջին դէպքերուն։ Թէեւ տագնապալի կացութիւնը լայն արձագանգ ստեղծած էր, սակայն Անգարայի կողմէ այդ կապակցութեամբ որեւէ դիրքորոշում չէր արտայայտուած։
«Ատրպէյճան կը փորձէ Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի դէմ լայնածաւալ յարձակման համար օրինականութիւն ձեւաւորել»:
Պրիւքսելի մօտալուտ ժամադրութեան ընդառաջ, Վլատիմիր Փութին երէկ հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Իլհամ Ալիեւի հետ:
Ճիշդ է, որ երջանկութիւնը ունի՝ առողջութեան կամ խաղաղութեան նման տարրական նախապայմաններ, սակայն, վերջին հաշուով ան մթնոլորտի մը, միջավայրի մը արդիւնքն է։ Ե՞րբ երջանիկ է մարդը, ե՞րբ կը զգայ ուրախ, ե՞րբ կը բարձրանայ տրամադրութիւնը։ Երջանկութիւնը դժուար է պատկերացնել առանձնութեան մէջ։
Նիկոլ Փաշինեան եւ Իլհամ Ալիեւ յառաջիկայ շաբաթ՝ ապրիլի 6-ին պիտի տեսակցին Պրիւքսելի մէջ:
Նոր ժամադրութիւնը կազմակերպուած է Եւրոպական Միութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի միջնորդութեամբ:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Գրողին եւ անոր տողերուն եւ արտայայտութիւններուն ծանօթացման գրաւոր եւ բաց դաշտ մըն է գրախօսականը: Կը սիրեմ խանդավառուիլ մեր նոր արժէքներով եւ ահա այս օրերուն, վերեւ նշեալ գրքոյկը: Ու համեստօրէն, հայ գիրքը վերարժեւորելու ու անով մեր կեանքը ծաղկեցնելու գիտակից յանձնառութեամբ, կը փորձեմ Գէորգ Քէօշկէրեանի նոր լոյս ընծայած «Հայկական ասացուածքներ - թրքերէնէ թարգմանուած» գրքոյկին մօտենալ եւ զայն ընթերցողին հրամցնել:
Երէկ, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Թիֆլիզի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Ղարիպաշվիլիի եւ փոխ-վարչապետ ու արտաքին գործոց նախարար Տաւիտ Զալքալիանիի հետ։