Հարթակ

ՄԻ՛ ԾԽԵՐ

ԲԺԻՇԿ ՎԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ (1902)
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Մենք բազմաթիւ ծխողներու հարցուցած ենք, թէ ինչպէ՞ս սկսած են ծխել:
Մէկը կը պատասխանէ.
-Փոքր եղած ատենս հայրս կատակի համար բերանս ծխախոտներ կը դնէր: Այդ եղաւ պատճառը, որ 8 տարեկան հասակիս ես արդէն ծխել սորված էի:

ԽԱՐԽԱՓՈՒՄՆԵՐ

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Մթնոլորտը, որ կը տիրէ մեր Հայրենիքէն ու սփիւռքէն ներս, բաւական մտահոգեցուցիչ եւ յուսահատական է: Մտահոգեցուցիչ, որովհետեւ տարիներով մարդուժի մասին խօսած ենք, քարոզած, տեղի անտեղի բարբաջած, բայց այսօր մարդուժի չգոյութեան պատճառով, մեր Հայրենիքին ղեկը անցած է խումբ մը բախտախնդիրներու ձեռքը, որոնք բացի Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի շահերէն, ամէն ինչի մասին կը մտածեն եւ ամէն տեսակ կ՚աշխատին իրենց ու իրենց շրջապատին կեանքը բարելաւելու, միւս կողմէ հակառակորդին ու օտարներուն հաճելի ըլլալու համար:

ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ

Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

«Ճշմարտութեան Հոգին, որ Հօրմէն կ՚ելլէ» (տե՛ս Յհ 15.26):
Այստեղ բազմաթիւ կերպերով ցոյց պիտի տանք, որովհետեւ Սուրբ Հոգին միայն Հօրմէ կը բխի եւ ոչ Որդիէն. նախ՝ որովհետեւ պատշաճ չէ Աստուծոյ Բանին ստել, որ կ՚ըսէ՝ «Հօրմէն կ՚ելլէ», եւ այնտեղ Որդի չի յիշեր, քանի որ եթէ ըլլար կը յիշէր, ատոր համար կ՚ըսէ. «Երկինքն ու երկիրը պիտի անցնին, բայց Իմ խօսքերս պիտի չանցնին» (Մտ 24.35):

ՄԻՔԱՅԷԼ ՆԱՀԱՊԵՏԵԱՆ. «ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ՎԱԽԻՆ, ԱՆՈՐՈՇՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՆՈՒԱՍՏԱՑՄԱՆ ԴԷՄ ՊԷՏՔ Է ՀԱԿԱԴՐՈՒԻԼ ՅՍՏԱԿՈՒԹԵԱՄԲ ԵՒ ՈՂՆԱՇԱՐ ՈՒՆԵՆԱԼՈՎ»

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

«Քաղաքացիի որոշում» սոցիալ-դեմոկրատ կուսակցութեան գործադիր խորհուրդի անդամ Միքայէլ Նահապետեանի կարծիքը շօշափեցինք Հայաստանի քաղաքական կացութեան շուրջ։ Ստորեւ՝ իր դիտարկումներն ու խորհրդածութիւնները։

«ՌՈՒՍԱԿԱՆ ՌՈՒԼԵԹ»

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Բոլորովին անսպասելի էր այն ինչ, որ երէկ հաղորդուեցաւ Երեւանէն։
Խօսքը, անշուշտ, կը վերաբերի Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի հրաժարականին, որ ինչ-որ առումով որոշ ժամանակի մը համար իր շուքին տակ պիտի ձգէ յառաջիկայ իրադարձութիւններուն բնոյթն ու ընդհանուր հունը. հունը՝ կապուած տեղի ունենալիքին, այն իմաստով, որ, ըստ Սահմանադրութեան, երկրի Ազգային ժողովը կարճ ժամկէտներու մէջ պարտաւոր է յատուկ նիստով մը ընտրել նոր նախագահ՝ իր ընթացիկ օրակարգի կողքին։

ՀՈՒՍԻ ԶԻՆԵԱԼՆԵՐԸ ՀԱՐՈՒԱԾԵՑԻՆ ԱՊՈՒ ՏԱՊԻՆ. ԿԱՄ ԵՄԷՆԻ ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ ԴԷՊԻ Ո՞ՒՐ

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Կարեւոր իրադարձութիւններ տեղի ունեցան վերջին օրերուն Եմէնի հակամարտութեան կապակցութեամբ։ Այսպէս, եօթ տարի առաջ սկիզբ առած Եմէնի հակամարտութիւնը կը շարունակէ համարուիլ տարածաշրջանի ամենէն տագնապալի խնդիրներէն մին։

ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԲԱՐՔԵՐ

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Բնակելի շէնքի մը սենեակի մասին չէ իրական կեանքէ առնուած այս եղելութիւնը, այլ բանտի մը խուցին։ Հիմա թոյլ տուէք բացատրեմ, որպէսզի վերահասու դառնաք անսովոր այդ դէպքի մանրամասնութիւններուն։

ԶԱՔԱՐԻԱ ԹԱՄԷՐԷՆ ԵՐԿՈՒ ՀԵՔԻԱԹ

Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Երկու պզտիկ հաւեր կը խաղային իրենց մօր տեսադաշտէն ոչ հեռու, անոնք իսկոյն հակառակեցան եւ իւրաքանչիւրը պնդեց, թէ ինք աւելի խելացի է, սակայն միջոց մը չգտան, որ զիրենք առաջնորդէ գիտնալու թէ՝ ո՛վ աւելի խելացի է:

ՄԻ՛ ԾԽԵՐ

ԲԺԻՇԿ ՎԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ (1902)
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

բ. Մարսողութիւնը նոյնպէս կը վնասուի: Վերը մենք նկարագրեցինք ծխողին բերանին ու ըմպանի դրութիւնը: Քանի մը բժիշկներ նոյնիսկ կը կարծեն, թէ ծխելը պատճառ կը դառնայ լեզուի վրայ քաղցկեղի (րակ) զարգանալուն, որ մահացու հիւանդութիւն մըն է:

Էջեր