Հարթակ

ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԱՖՂԱՆԻՍՏԱՆԷՆ ՔԱՇՈՒԻԼԸ. ՎՏԱՆԳՆԵՐ ԵՒ ՀԵՏԵՒԱՆՔՆԵՐ

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Բոլորին համար կարեւոր օրակարգ կը շարունակէ մնալ Աֆղանիստանի մէջ ընթացող քաղաքական-ապահովական գործընթացները։
Հարցը միայն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ուժերուն հապճեպով այդ երկրէն դուրս բերուելուն մասին չէ, այլ աւելին։ 

ԾԱՆՐ, ԲԱՅՑ ՔԱՂՑՐ ԲԵՌ...

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Մխիթարեան միաբանութեան արժէքին, անոր իմաստալից առաքելութեան մասին բոլորս գիտենք։ Գիտենք նաեւ, որ 1700 թուականին հայաշխարհին մէջ իր առաջին քայլերը առած միաբանութիւնը՝ ձեռամբ Մխիթար Աբբահօր, մեծ ճանապարհ անցած նուիրական կառոյց մըն է։

«ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԱՅՔԱՐ» (ՊԱԻՍԻՈՍ ԱԹՈՍԱՑԻ)

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Միակ օգտակար բանը, զոր կ՚որդեգրեմ մարդոց խնդիրները լուծելուն, այն է, որ ո՛չ ոք կ՚արդարացնեմ երբեք, նոյնիսկ եթէ յանցաւոր ալ չըլլայ: Կիներ կու գան եւ կը գանգատին ընտանեկան դժուարութիւններէ, եւ այդ դժուարութիւններուն պատճառը իրենց այրերուն վրայ կը դնեն. կը յանդիմանեմ զիրենք:

«ԳՆԱ՛ ՄԵՌԻՐ, ԵԿՈ՛ՒՐ ՍԻՐԵՄ»

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Արտայայտութիւն մը, որ շա՜տ կը լսենք, տեղի կամ անտեղի:
Արտայայտութիւն մը, որ իր մէջ կը պարունակէ կեանքի խոր փիլիսոփայութիւն:
Արտայայտութիւն մը, որ ապրուած դաժան ու ծանր կեանքի մը ծաղր ու ծանակն է:

ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ

Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Խօսք. «Ահա Մարդու Որդիին փառաւորուելու ժամը հասաւ» (Յհ 12.23):
Մեկնութիւն.
Քրիստոսի փառքը հինգ կերպով կը լսուի. նախ՝ Քրիստոս խաչի չարչարանքներով փառաւորուեցաւ, երբ արեգակը խաւարեցաւ, երկիրը շարժեցաւ, եւ այլն: 

ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 21-ԷՆ ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 27

ՍԵՒԱՆ ՍԷՄԷՐՃԵԱՆ

Սոյն թուականի սեպտեմբերի 17-ին Հայաստանի Հանրապետութեան Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեանը Դիմատետրի իր պաշտօնական էջին վրայ հրապարակեց տեսանիւթ մը, որուն մէջ Ատրպէյճանի դիմակաւոր ու զինեալ ծառայողներ Որոտանի ճամբուն վրայ կեցուցած են՝ 15-16 տարեկան ֆութպոլ խաղացող արցախցի պատանիներ փոխադրող հանրաշարժ մը։

ԱՅՍ ԱՆԳԱՄ ԱՆՊԱՅՄԱՆ

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ նոր կաթողիկոս-պատրիարքի ընտրութեան ընդհատուած գործընթացը կը վերսկսի այս շաբաթ: Զեքիեան Գերապայծառ այսօր Հռոմ կը մեկնի:
Սուրբ Սինոդի նստաշրջանը նախատեսուած է Լեւոնեան վարժարանին մէջ: Զմմառի ապարդիւն ժողովներու լոյսին տակ Վատիկանի կողմէ կանոնադրութիւնը ենթարկուած է փոփոխութեան:

ՔՈՐՈՆԱԺԱՀՐԻ ԱՆԱԽՈՐԺ ՀԵՏԵՒԱՆՔՆԵՐԸ…

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ 

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան պետական թէ գիտական հաստատութիւններու պաշտօնակատարներ առօրեայ իրենց խրատներով կը ջանան համոզել երկրի քաղաքացիները, որպէսզի պատուաստուին վերոյիշեալ ժահրի դէմ։ Սակայն կան մարդիկ, որոնք զանազան պատճառներով տակաւին կը դժկամին ենթարկուիլ այդ աղաչանքներուն։

Էջեր