ՍՐՈՂԸ
ԵՐԱՄ
Աւելի քան հինգ տարիէ ի վեր այս գործը կ՚ընէ արդէն։ Ռուսաստանէն վերադարձին, դեռ քսան տարեկան, երբ ձախողեր էր իր վրայ դրուած բոլոր յոյսերը իբր պանդուխտ, ու ձեռքերը գրեթէ պարապ վերադարձեր էր հայրենի գիւղ՝ բազմած Արայի լանջին, դրացի Մկուչենց տունէն գտեր էր գործիքն այս։