ՀԱՅ ԳԻՐՔԻ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍՆԵՐՈՒ ԸՆԹԱՑԱԿԱՐԳԸ՝ ԵՆԹԱԿԱՅ ՓՈՓՈԽՈՒԹԵԱՆ, ԿԱՄ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿԱՐԵԼԻ Է ԵԿԱՄՈՒՏԻ ՓՈՔՐԻԿ ԱԿՈՒՆՔ ՄԸ ԲԱՆԱԼ ՀԱՅ ԳՐՈՂԻՆ ՀԱՄԱՐ
ՅԱՐՈՒԹ ԿԻՒԼԻՒԶԵԱՆ
Շատ որոշ է, որ համաշխարհային ներկայ լաբիւրինթոսին ու մանաւանդ արցախեան պատերազմի հոգեբանական ազդեցութեան տակ ոչ ոք տրամադրութիւն ունի մեր գրական «դարաւոր» խնդիրներով զբաղելու: