ԴՐԱՄԱԳԼՈՒԽԸ ԿԸ ՀԱԼԻ
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Վարչապետի առաջուան պատկերը քայքայուած է եւ սա է այն հիմնական գործօնը, որ ուղղակի ազդեցութիւն կը գործէ ապագայ գործընթացներուն վրայ:
Յետպատերազմեան իրավիճակի պայմաններով Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ գլխաւորուած իշխանութիւններու հրաժարականի պահանջը հետզհետէ համաժողովրդական բնոյթ կը ստանայ Հայաստանի մէջ: