Հոգե-մտաւոր

ԲԱՐՈՅԱԿԱՆ ՆՈՐՈԳՈՒԹԻՒՆ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Պօղոս առաքեալ, Հռովմայեցիներուն գրած նամակին մէջ սապէս կ՚ըսէ. «Քանզի գիտեմ որ իմ ներսի դիս՝ այսինքն իմ մարմինիս մէջ մէկ բարի բան մը չի բնակիր. ինչու որ կամեցողութիւն կայ քովս. բայց բարին ի գործ դնելը չեմ գտներ։ Քանզի չէ թէ բարին որ կ՚ուզեմ՝ կ՚ընեմ, հապա չարը որ չեմ ուզեր՝ ան կ՚ընեմ». (ՀՌՈՎՄ. Է 18-19)։

ԵԶԱԿԻ, ԱՌԱՋԻՆ ԴԷՄՔ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Բոլորս ալ լոյս աշխարհ կու գանք մեր կամքէն անկախ եւ աշխարհագրութիւնը որուն մէջ մեր աչքերը կը բանանք, կը նկատենք բախտ կամ ճակատագիր: Սակայն իրականութեան մէջ մարդուն կեանքը բարելաւողը այդ աշխարհագրութիւնը չէ, այլ մարդը ի՛նքն է իր կեանքը բարելաւողը:

ՄԽԻԹԱՐԵԱՆՆԵՐ - Բ.

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Հալածանքներ իր զօրացման հասաւ 1701 թուականին, երբ Երզնկացի Աւետիք եպիսկոպոսը՝ Կարինի առաջնորդը իբրեւ պատրիարք Պոլիս կանչուեցաւ։ Պատրիարքը իբրեւ պատասխանատու անձը Օսմանեան կառավարութեան առջեւ Հայ ժողովուրդի համար՝ կամեցաւ վերջ դնել նոր կրօնական պառակտման։

ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՀԱՅ ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Յստակօրէն հասկնալու եւ գիտնալու համար, թէ ո՞ւր էինք եւ ո՛ւր հասանք, պէտք է անպայմանօրէն ստուգել անցեալի հայկական մամուլը եւ ինչո՞ւ չէ նաեւ օտար մամուլները: Ապագայի հանդէպ մեր մտահոգութիւնը, ներկայի հանդէպ մեր դժգոհութիւնն ու անցեալի հանդէպ եղած սէրը որպէս յոռետեսութիւն թող չորակուի, սակայն անուրանալի է, թէ անցեալին ունէինք աւելի աշխոյժ մշակութային ու ազգային կեանք մը՝ քան ներկայիս:

ՄԽԻԹԱՐԵԱՆՆԵՐ - Ա.

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Հայոց մէջ կաթոլիկութեան տարածման գլխաւոր գործիչները դարձան եւ այն վանական կարգերը՝ որոնք ԺԸ. դարուն հաստատուեցան. այդ կարգին էին՝ Մխիթարեաններ եւ Անտոնեաններ։ Մխիթարեաններ յայտնի միաբանութեան հիմնադիրը եղաւ Մխիթար Սեբաստացին՝ ծնած 1676 փետրուար 7 թուականին։

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԳԱՂՈՒԹՆԵՐԸ՝ ՆԱԽ ՔԱՆ ՄԵԾ ԵՂԵՌՆ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մեր ազգի վիճակը լաւապէս հասկնալու եւ մենք զմեզ լաւապէս ճանչնալու համար պէտք է մեր պատմութիւնը լաւապէս ուսումնասիրել ու քննել: Չեմ գիտեր ինչու, յաճախ հայոց պատմութիւն ըսելով լոկ հայոց ցեղասպանութիւն, Վարդանանց ճակատամարտ ու նման մի քանի յատկանշական դէպքեր կը յիշենք, մոռնալով, որ ազգի մը պատմութիւնը մի քանի դէպքերէն անդին, իր մարդոց առօրեայով կարելի է լաւապէս հասկնալ:

20-ՐԴ ԴԱՐՈՒՆ ԻՄԱՍՏԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆԸ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Միջին դարու վերջաւորութենէն սկսեալ իմաստասիրութեան ընկերային եւ քաղաքական կարեւորութիւնը հետզհետէ կորսնցուցած կ՚երեւի։ Միջին դարու երեւելի իմաստասէրներէն William Ockham (1300-1349), Keiser-ի կողմէ Պապի հանդէպ գիրեր գրելու նպատակով վարձուած, կաշառուած էր։

ՀԱՍՈՅԹՆԵՐՈՒ ԶՈՀՈՂՈՒԹԻՒՆԸ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Կար ժամանակ, երբ գիր-գրականութիւնը նիւթաբեր էր. հայ մամուլը, թէեւ հազար ու մէկ զոհողութիւններով, իր կարելին կ՚ընէր թէ՛ բարոյապէս եւ թէ նիւթապէս բարձր պահելու համար մշակոյթը եւ հասնելու ազգին եւ մա՛նաւանդ դպրոցի կարիքներուն:

ՍՈՒՐԲ ՆԵՐՍԷՍ ՇՆՈՐՀԱԼԻԻ ՇՐՋԱՆԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԽՆԴՐԻ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄՆԵՐԸ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Սուրբ Ներսէս Շնորհալի (1102-1173). Ներսէս Դ. Կլայեցի (1166 թուականէն սկսեալ), 64 տարեկան էր, երբ կաթողիկոս դարձաւ թէեւ մարմնով տկար՝ ան նոյն հոգւով եւ եռանդով կառավարեց Հայ Եկեղեցին, ինչպէս երբեմն իբրեւ խորհրդական եւ գործակից իր եղբօրը։

ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱՑ ՊԱՅՔԱՐԸ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Պետութիւններ իրենց մեծագոյն թշնամիներէն աւելի կը վախնան իրենց սեփական ազգի երիտասարդութենէն՝ մանաւանդ ուսանողութենէն, որովհետեւ ազգի մը, պետութեան մը ճակատագիրը իր երիտասարդներուն եւ ուսանողներուն ձեռքերուն մէջ կը մնայ:

Էջեր