Արխիւ
Մխիթարեան վարժարանի աւանդական Խաւիծի օրը երէկ հանդիսաւոր պայմաններու տակ կայացաւ կրթօճախի ընդարձակ պարտէզին մէջ։ Մտերմիկ սեղաններու շուրջ եկած էին համախմբուիլ վարժարանի վարիչները, հին ու նոր շրջանաւարտները, կրթական մշակները, աշակերտները՝ գլխաւորութեամբ Մխիթարեան միաբանութեան հայրերուն՝ Մագ․ Հ․ Սարգիս Ծ․ Վրդ․ Էրմէնի ու Հ․ Յակովբոս Ծ․ Վրդ․ Չօփուրեանի։
VADİP-ի հովանաւորութեան ներքեւ մասնագիտական քննարկումներ՝ համայնքային վարչաելմտական առկայ խնդիրներուն շուրջ
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի «Պիլէք» հանգստարանի սրահի երդիքին տակ ձեռք առնուեցան օրէնսդրական նոր կարգադրութիւններու հաւանական ազդեցութիւնները թրքահայ հաստատութիւններու պարագային : Վարչայինները ներկայիս հաստատուած դրութիւններուն քայլ յարմարցնել կը ջանան՝ առանց փոքրամասնութեանց վերապահուած իրաւունքներուն ընձեռած առաւելութիւններէն հրաժարելու
Երեւման Ս. Խաչի տօնին առթիւ շաբաթավերջին մեծ ոգեւորութիւն ապրուեցաւ Գուրուչէշմէի համանուն եկեղեցւոյ մէջ։ Տարեկան անուան տօնախմբութեան կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն նախագահեց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Լոյսի դար» է իրապէս ներկայ շրջանը մէկէ աւելի իմաստներով. ո՛չ միայն գիտական ու իմացական, այլ նաեւ՝ նիւթակա՛ն։ Այս դարուն մարդիկ «լոյս եւ աւելի լոյս»ի ետեւէն ինկած են, ուստի քարը եւ աղիւսը ու տախտակը լքած են եւ ապակի կը գործածեն՝ սկսեալ սեփական բնակարաններէ մինչեւ հսկայ շէնքերու, գործարաններու, հանրային շէնքերու, եւ վաճառատուններու համար։
Հայաստանի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւններուն միջեւ կը քննարկուի առեւտուրի եւ ներդրումներու մասին շրջանակային համաձայնագիր մը, որ մշակուած է երկու երկիրներու միջեւ ներդրումային եւ գործարար նախաձեռնութիւններու աշխուժացման, առեւտրատնտեսական համագործակցութեան ընդլայնման նպատակով։
Լեռնային Ղարաբաղի մէջ երէկ տեղի ունեցան խորհրդարանական ընտրութիւններ։ Արցախի ժողովուրդը վեցերորդ անգամ փութաց քուէատուփի մօտ՝ ընտրելու համար երկրի խորհրդարանին կազմը։
Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու շաբաթավերջին աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Գերմանիա։ Ան շփումներ ունեցաւ Տիւսելտորֆ եւ Տորտմունտ քաղաքներուն մէջ, ուր մէկտեղուեցաւ թրքական հաւաքականութեան եւ հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ։
«Հայ մշակոյթը ի՞նչ ապագայ ունի Թուրքիոյ եւ ընդհանրապէս Սփիւռքի մէջ»:
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան շաբաթավերջին ասուլիսի մը մասնակցեցաւ Ժընեւի 29-րդ գրքի եւ մամլոյ միջազգային տօնավաճառին շրջագծով բացուած Հայաստանի տաղաւարին մօտ:
Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդը՝ գլխաւորութեամբ Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց քարոզիչ Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեանի եւ թաղի քահանայից դասէն Տ. Միւռոն Ա. Քհնյ. Այվազեանի այցելեց Պատրիարքարան, ուր ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կողմէ։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնադրութիւն։ Այսպէս, Շաբաթ, 25 Ապրիլ 2015-ին, Երեկոյեան ժամերգութեան աւարտին տեղի ունեցաւ կոչման արարողութիւնը:
«Պողազիչի» համալսարանի մշակութային կեդրոնին մէջ կայացաւ սփիւռքահայ սիրուած երգիչ Օննիկ Տինքճեանի եւ իր որդւոյն՝ յայտնի ուտահար Արա Տինքճեանի համերգը։ Հետաքրքիրներու խուռներամ բազմութիւն մը փութացած էր ունկնդրելու արժէքաւոր ուեստագէտներուն ելոյթին, որ անցաւ տպաւորիչ մթնոլորտի մը մէջ։
Մայիս 4-ին, Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ՝ Երեւանի Քամերային երաժշտութեան տան մէջ տեղի պիտի ունենայ «Կոմիտասի երկրին մէջ» խորագրեալ ճաբոնցի դաշնակահար Թաքահիրօ Աքիպայի երաժշտական ելոյթը։
Երեւանի «Սարգիս Մուրադեան» պատկերասրահին մէջ, Մայիսի 5-ին, պիտի բացուի «Կոմիտասը 20-րդ դարու հայ նկարիչներու աչքերով» խորագրեալ ցուցահանդէսը։
Գահիրէի «Գալուստեան-Նուպարեան» ազգային վարժարանի «Արցախ» երգչախումբը, Ապրիլի 25-ին, յաղթանակ տարած է Եգիպտոսի դպրոցական տաղանդներու ամենամեծ մրցոյթին՝ Uptown Stars Schools’ Talent Show-ին՝ գրաւելով առաջին տեղը:
Ինչպէս ծանօթ է, Ապրիլի 12-ին Վատիկանի Ս. Պետրոս տաճարին մէջ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Քահանայապետին կողմէ մատուցուած Ս. Պատարագը դարձաւ պատմական։ Արարողութեան ընթացքին, Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ կեդրոնին մէջ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապը մատնանշեց, որ «Հայոց ցեղասպանութիւնը 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնն էր»։
Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութիւնը որոշած է բերել իր աջակցութիւնը, որպէսզի երկրէն ներս ստեղծուի խաչքարագործութեան դպրոց մը։ Այս ծրագրին կապակցութեամբ նախարարութիւնը կը համագործակցի խաչքարագործ Ռուբէն Նալպանտեանի հետ, որ նախաձեռնած է նման դպրոցի մը ստեղծման։
Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան վերջերս Երեւանի նորահաստատ Կոմիտասի թանգարան-կաճառին համար կատարեց խորհրդանշական նուիրատուութիւն մը։ Հրանոյշ Յակոբեան թանգարանին յանձնեց մեծն Կոմիտաս Վարդապետի բարձը, որ անտարակոյս անգնահատելի արժէք մը կը ներկայացնէ նորահաստատ թանգարանին տեսակէտէ։
Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ միջգերատեսչական յանձնաժողովի նիստ: Հրանոյշ Յակոբեան կ՚ակնկալէ միջազգային կառոյցներու աշխուժութիւնը՝ սուրիահայոց հարցերու լուծման համար:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Իրանի մէջ Իսլամական յեղափոխութեան յաղթանակէն ի վեր (1979) Միացեալ Նահանգներու համար կարեւորագոյն թիրախ եւ «թշնամի» դարձաւ շիի աշխարհի առաջատարը համարուող՝ Իրան: Եւ հակառակ ծանր ճանապարհի մը (Իրան-Իրաք պատերազմ եւ ապա տնտեսական երկարատեւ պատժամիջոցներ) Իրան յաջողեցաւ շրջանային ազդեցիկ տէրութիւն դառնալ:
Tarih Vakfı-ի կողմէ 2015-ի առթիւ կազմակերպուած զրոյցներու շարքը կը շարունակուի: Տեւրիմ Սեզէր մեկնաբանութիւններ ըրաւ Լեմքինի եւ Ճեսփըրզի մօտեցումներուն լոյսին տակ:
