Արխիւ

Ուրբաթ, Մարտ 1, 2024

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Հասարակութիւնները վերահսկելու հիմնական գաղափարն է՝ մարդոց միտքը կեդրոնացնել անօգուտ բաներու վրայ։ Այսպէսով վանդակի ներքեւ վազող, բայց տեղ մը չհասնող մուկի նման մարդիկ կը յոգնեցեն իրենց միտքը՝ մտածելով միայն անիմաստ ու անօգուտ նիւթերու շուրջ։

Ուրբաթ, Մարտ 1, 2024

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Աւելի քան դար մը առաջ, Յովհաննէս Թումանեան գրի կ՚առնէր իր յայտնի «Մահը մերն է, մենք մահինը, մարդու գործն է միշտ անմահ» տողերը, սակայն վերջերս կ՚անդրադառնամ, որ մեր ազգին մէջ հոգի կու տայ նաեւ գործերն ու մարդուն արժէքը. մոռացութեան կը տրուին նաեւ անձեր, որոնք մօտիկ անցեալին կը պատկանին:

Ուրբաթ, Մարտ 1, 2024

Բնութեան ծանօթանալու համար երբեք ուշ չէ եւ բազում պատճառներ կան անոր մօտենալու, մտերմանալու համար։ Ըստ էութեան, բնութիւնը մարդիկ կը մղէ աւելի հանգիստ եւ երջանիկ զգալ։

Ուրբաթ, Մարտ 1, 2024

Անգլիոյ Թագաւորական պարտիզագործական ընկերութեան կողմէ իրականացուած ուսումնասիրութեան մը համաձայն՝ պարտիզպանութեամբ զբաղող երեխաները աւելի յաջող եւ խելացի են՝ քան միւսները։

Ուրբաթ, Մարտ 1, 2024

Գիրքերը մեր կեանքի անփոխարինելի արժէքներն են, որովհետեւ զանոնք մեզ կը գրկեն լաւ ընկերոջ մը պէս, մեզ կը վերաբերին յաջող բժիշկի մը նման, կը բանան մեր մտահորիզոնը եւ կ՚ուղղորդեն մեզ՝ առանձին չեն թողուր…

Ուրբաթ, Մարտ 1, 2024

Արցախի հերոս եւ նախկին Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Սամուէլ Պապայեան յայտարարեց. «Մեծ քայլերով կ՚երթանք դէպի պատերազմ»։

Ուրբաթ, Մարտ 1, 2024

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան աւարտեց դէպի Իրաք պաշտօնական այցելութիւնը։ Մայրաքաղաք Պաղտատի շփումները աւարտելէ վերջ, Վահագն Խաչատուրեան ուղղուեցաւ Էրպիլ, ուր հիւրընկալուեցաւ Հիւսիային Իրաքի Քրտական Ինքնավարութեան ղեկավարութեան կողմէ։

Ուրբաթ, Մարտ 1, 2024

Արարատ Միրզոյեան ԱՆթալիայի մէջ՝ Ճէյհուն Պայրամովի հետ Պերլինի երկօրեայ քննարկումներու աւարտին:
Պերպոք. «Հայաստան եւ Ատրպէյճան կ՚ընթանան խաղաղութեան պայմանագրի խիզախ ու դժուարին ճանապարհով»:

Ուրբաթ, Մարտ 1, 2024

Երեւանի մէջ յառաջիկայ շրջանին պիտի կանգնեցուի ֆրանսահայ անմոռանալի հայազգի երգիչ Շարլ Ազնաւուրի արձանը։ Մայրաքաղաքի համանուն հրապարակին վրայ պիտի զետեղուի այս արձանը՝ ի նշանաւորումն Շարլ Ազնաւուրի ծննդեան 100-ամեակի յոբելեանին։

Հինգշաբթի, Փետրուար 29, 2024

Երեւանի Մատենադարանի ղեկավար կազմի ներկայացուցիչները հիւրընկալուեցան Անթիլիասի մէջ:
Հայկական ձեռագրական ժառանգութեան վերարժեւորման, գրչական կեդրոններու միջեւ գործակցութեան որոնումներ:

Հինգշաբթի, Փետրուար 29, 2024

Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապը երէկ Վատիկանի մէջ ընդունեց հայ կաթողիկէ կղերին ներկայացուցիչները։ Հարկ է նշել, որ Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ սինոդի ժողովին առթիւ կղերի ներկայացուցիչները կ՚այցելեն Վատիկան՝ գլխաւորութեամբ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ հայոց կաթողիկոս-պատրիարք Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ.-ի։

Հինգշաբթի, Փետրուար 29, 2024

Հռովմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապի ընտրութեան եւ գահակալութեան 11-րդ տարեդարձը երէկ քաղաքիս մէջ նշուեցաւ հանդիսաւոր արարողութիւնով մը։ Այս առթիւ, Հարպիյէի Սեն թ՚Էսփրի լատին կաթոլիկ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ գոհաբանական Ս. Պատարագ մը, որ համախմբեց քաղաքիս քրիստոնեայ յարանուանութիւններու հոգեւոր առաջնորդները։

Հինգշաբթի, Փետրուար 29, 2024

Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը հիւրընկալեց նահատակ զինուորներու ծնողներն ու հարազատները:
Նորին Սրբութիւնը համազգային միաբանութիւնը հրամայական կը նկատէ՝ անվտանգային մարտահրաւէրներու պայմաններուն ներքեւ:

Հինգշաբթի, Փետրուար 29, 2024

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Մեծ պահքի տասնութերորդ օրն է:
Երէկուան մեր գրութեան մէջ տեսանք, թէ ո՛րն է Աստուծոյ ընդունելի եղող պահեցողութիւնը. «Իմ ընդունած ծոմապահութիւնս՝ անիրաւութեան կապերը քակելը, լուծին կապերը թուլցնելը, հարստահարութիւն կրողները ազատ թողուլը, ամէն լուծ կտրելը, հացդ անօթիին բաժնելը, թափառական տնանկները տունդ ընդունիլը, մերկ մը հագուեցնելը ու մարմինդ անտեսելն է» (Ես 53.6-7):

Հինգշաբթի, Փետրուար 29, 2024

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ կը նշեն անսովոր թանգարանի մը յոբելեան՝ Տգեղ արուեստի թանգարանը կը բոլորէ իր հիմնադրման 30-ամեակը: Ասիկա ամերիկեան մասնաւոր թանգարան մըն է, որ արդէն երեք մասնաճիւղ ունի եւ հազարաւոր հետաքրքրուողներ, որոնք կ՚այցելեն՝ տեսնելու այն ստեղծագործութիւնները, որոնք գէշ են, անյաջող եւ չեն գնահատուած մէկ ուրիշ թանգարանի կողմէ:

Հինգշաբթի, Փետրուար 29, 2024

Պատրաստեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Նկատի ունենալով որ Մեծ պահքի ճամբորդութեան մէջ ենք տակաւին, այսօրուան մեր սիւնակն ալ պիտի յատկացնենք այդ առիթին: Այսօր, մեր սիրելի ընթերցողներուն պիտի ներկայցնենք լուսահոգի Զարեհ Արք. Ազնաւորեանի մտածումները ապաշխարութեան մասին, քաղուած իր «Հաւատամքի մեկնութիւն»ը աշխատասիրութենէն:

Հինգշաբթի, Փետրուար 29, 2024

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Աստուածաշունչը խոստումներ կը պարունակէ։ Կը վկայուի, թէ՝ Սուրբ Գիրքին մէջ մօտաւորապէս 8 հազար խոստումներ կան, որոնք Աստուած խոստացած է Իր որդիներուն։

Հինգշաբթի, Փետրուար 29, 2024

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մեր թուականէն ճի՛շդ 120 տարիներ առաջ՝ 1904 թուականին հայ երիտասարդ բանաստեղծ մը իր գրչակից եղբօր գրած մէկ նամակին մէջ կ՚ըսէ. «Ամենէն դժուարին խնդիրը, ինծի համար, բանաստեղծ մը կատարելապէս ուսումնասիրելուն մէջ կը կայնայ:

Հինգշաբթի, Փետրուար 29, 2024

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կը շարունակէ ասպարէզ կարդալ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) դէմ։ Վերջին շրջանին Նիկոլ Փաշինեան դարձեալ իր խօսոյթը խստացուցած է այս դաշինքին դէմ՝ Հայաստանի առկայ յուսախաբութիւններուն հետեւանքով։

Հինգշաբթի, Փետրուար 29, 2024

Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ ենթադրեալ խաղաղութեան պայմանագրին վրայ աշխատանքներ Պերլինի մէջ:
Նախարարներ Արարատ Միրզոյեան եւ Ճէյհուն Պայրամով բանակցութիւններ կը վարեն՝ Աննալենա Պերպոքի հիւրընկալմամբ:

Էջեր