Արխիւ
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Հայաստանի Կիւմրի քաղաքին մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Համահայկական 8-րդ խաղերու բացման արարողութիւնը, որ ազգային հպարտութեան, մշակութային ժառանգութեան եւ մարզական գերազանցութեան արտասովոր դրսեւորում մըն էր:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Երբ հանդիպիք եսապաշտի մը, կը կարծէք, որ ծանօթացած էք կատարեալ մարդու մը հետ։ Ան շատ խելացի, ստեղծագործ եւ ինքնավստահ կը թուի։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Իր ողջ հոգիով եւ էութեամբ կապուած ըլլալով Հայաստանի հետ՝ նկարիչ-խեցեգործ Շահէ Տէր-Յարութիւնեան հայրենիքի մէջ մինչ այժմ ցուցահանդէս չէր ունեցած:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Primum non nocere». Hippocrates։ Բժշկութեան առաջին եւ կարեւոր սկզբունքն է՝ նախ վնաս չպատճառել։ Ուստի, Hippocratesի աշակերտ եւ հետեւող ամէն բժիշկ գիտէ եւ կը կիրարկէ, կը գործադրէ այս հիմնական սկզբունքը։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Ծանօթ աղջիկ մը մի քանի ամիսներ առաջ համացանցի ճամբով տղու մը կողմէ ստացած էր հետեւեալ նամակը. «Հետդ լուրջ նպատակներով կ՚ուզեմ ծանօթանալ, բայց ամուսնանալէ ետք բեմ բարձրանալով պիտի չերգես»:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի Տիթրոյիթի ծուխէն ներս, վերջին օրերուն հրաժեշտի յուզումնախառն արարողութիւն մը տեղի ունեցաւ։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Եւրոմիութեան Հայաստանի պատուիրակութեան ղեկավար դեսպան Անտրէա Վիքթորինը, որ կ՚աւարտէ իր դիւանագիտական առաքելութիւնը Երեւանի մէջ։
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի պաշարումը դադրեցնելու ուղղութեամբ հրապարակուած յայտարարութիւնները բազմաթիւ են եւ կը համոզեն խնդիրին աշխարհաքաղաքականացման մասին:
Պէյրութի Հայկազեան համալսարանին մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ հետաքրքրական ձեռնարկ մը։ Այսպէս, համալսարանի ուսանողները ցուցադրեցին իրենց կողմէ բանուած կարպետները (քիլիմները)։
Թուրքիա-Եւրոմիութիւն առանցքին վրայ բաւական երկար ժամանակէ ի վեր աշխուժութիւն չի նկատուիր։ Այս իրավիճակին մէջ Անգարա յամառօրէն Պրիւքսելէն կը պահանջէ՝ վերատեսութեան ենթարկել եւ այժմէականացնել Մաքսային միութեան համաձայնութիւնը։
Այսօր Սէուտական Արաբիա կը հիւրընկալէ միջազգային կարեւոր հաւաքոյթ մը, որ կը համախմբէ աշխարհի շուրջ երեսուն երկիրներէ ներկայացուցիչներ, բոլոր ցամաքամասերէն։ «Ուքրայնայի խաղաղութեան խորհրդաժողով» անուանեալ այս հաւաքոյթը կազմակերպուած է Ճիտտէ քաղաքին մէջ։
Համահայկական 8-րդ խաղերը այսօր արդէն կը սկսին Կիւմրիի մէջ։ Աշխարհի հայ երիտասարդութեան տեսակէտէ՝ այլեւս աւանդական դարձած մեծ ժամադրութիւն մըն է այս մրցաշարքը, որ կը կազմակերպուի ողիմպիականներու տրամաբանութեամբ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Աւստրալահայ ազգային-հասարարական գործիչ Ստեփան Քրքեաշարեան համոզուած է, թէ հայ իրականութեան առկայ պայմաններուն ներքեւ անհրաժեշտ է ապահովել ժողովրդային նեցուկ։ Այժմու հրատապ օրակարգին կապակցութեամբ ան ունի ուշագրաւ դիտարկումներ եւ մօտեցումներ, զորս վերջերս բաժնեց մեզի հետ։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղուան ճաշու ընթերցուածները հետեւեալներն են.
Եսայիի մարգարէութենէն 7.1-9:
Պօղոս առաքեալին Կորնթացիներուն ուղղած առաջին նամակէն 13.11-14.5:
Մարկոսի Աւետարանէն 2.1-12:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Աղանդ» տառացիօրէն կը նշանակէ՝ թիւր վարդապետութիւն, հերձուած. կրօնական ուսուցում կամ վարդապետութիւն՝ որ կը խոտորուի Եկեղեցւոյ մէջ ընդունուած վարդապետութենէն կամ դաւանութենէն. այսինքն՝ մոլար վարդապետութիւն։ Այն՝ ի՛նչ որ ընդունելի չէ Եկեղեցւոյ կողմէ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Կը զարմանամ, թէ ինչպէս մարդիկ տակաւին կը շարունակեն յատուկ սէր մը ունենալ Խորհրդային Միութեան կարգերու նկատմամբ, լաւապէս գիտնալով որ իրենց թուարկած բարիքներէն շատ շատ աւելի վնասներ ու աղէտներ պատճառած է թէ՛ աշխարհին եւ թէ հայ ազգին:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին կը շարունակէ զգայնութեամբ հետեւիլ Արցախի պարագային ստեղծուած ողբերգական իրադրութեան՝ միշտ շեշտելով նաեւ իր տարակարծութիւնները Երեւանի իշխանութիւններուն որդեգրած քաղաքականութեան հետ։
Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթը երէկ կէսգիշերին հասաւ Հայաստան։ Իսթանպուլ-Երեւան «Փեկասուս»ի ուղիղ թռիչքով ճամբորդեց խումբը։ Մարալցիները Երեւան հասնելէ վերջ անմիջապէս ուղեւորուեցան Կիւմրի, ուր տեղակայուեցան իրենց պանդոկին մէջ։
Գիտաժողով. «Հայութեան տեղաշարժերն ու փոխակերպումները 20-րդ դարուն եւ 21-րդ դարու սկիզբին»:
Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի եւ Երեւանի «Խաչատուր Աբովեան» պետական մանկավարժական համալսարանի համատեղ նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած հաւաքոյթին ընթացքին ներկայացուցեցան կարեւոր զեկուցումներ:
Երեւանի մէջ կազմակերպուած Ազգային երիտասարդական համաժողովը երէկ հասաւ իր աւարտին։ Ընդհանուր առմամբ, եռօրեայ խտացեալ ծրագիրը բաւարարեց նոր սերունդի ներկայացուցիչները, որոնք համախմբուեցան համահայկական այս ձեռնարկին առթիւ։ Բոլորի տպաւորութիւնը այն էր, թէ երիտասարդութեան մտահորիզոնները կը համարուին հայութեան տեսակէտէ յուսադրիչ ապագայի մը նախադրեալը։