Արխիւ
Ազգային մեծ ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովը երէկ հաւանութիւն տուաւ Շուէտի ՆԱԹՕ-ի անդամակցութեան։ Ֆուատ Օքթայի կողմէ գլխաւորուած յանձնաժողովը արժեւորեց համապատասխան արձանագրութիւնը եւ անոր դրական եզրակացութեան հիման վրայ՝ խնդիրը յառաջիկայ շրջանին խորհրդարանի ընդհանուր ժողովի օրակարգին վրայ պիտի գայ։
Նիկոլ Փաշինեան եւ Իլհամ Ալիեւ անպաշտօն ձեւաչափի շփումներ ունեցան Սեն Փեթերսպուրկի մէջ:
Ըստ Քրեմլինի բանբեր Տիմիթրի Փեսքովի, Հայաստան եւ Ատրպէյճան պատրաստ են պայմանագրի կնքման, ինչ որ շատ կարեւոր է Ռուսաստանի համար: Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտուլլահիան այսօր կ՚այցելէ Երեւան:
Սուրբ Պօղոսի եւ Սուրբ Պետրոսի յիշատակութեան տօնին առթիւ, երէկ, Պէյօղլուի Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Սուրբ Պատարագ։ Արարողութեան հանդիսապետեց Տ. Յարութիւն Վարդապետ Տամատեան, որ խօսեցաւ նաեւ օրուան քարոզը։ Պատարագիչն էր Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը հայ իրականութեան մէջ մարդուժի պատրաստութեան առանցքային ու հիմնական լծակներէն մին է։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւնը ինքնին կրթական համակարգ մըն է։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ երէկ օրուան երկրորդ կէսին իր մահկանացուն կնքած է համայնքային շրջանակներու այնքան սիրելի դէմքերէն Արման Փոլատ։
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Խօսքս պիտի չերկարեմ: Անցեալ դարու 70-ականներու վերջին քառորդին, երբ ընտանեօք այս երկրի Տիթրոյիթ քաղաքը նոր հաստատուած եւ առաջին իսկ առիթով տէր եւ տիկին մօտիկ խանութը գնումի գացած էինք, հաւանաբար մեկնելով մորթիս գոյնէն, յանկարծ խանութի մուտքի դրամարկղին դիմաց կեցող տարիքոտ պաշտօնեայ տիկինը, շատ մտերմիկ հարցուցած էր, թէ ես «ուրկէ՞» էի:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ճգնութիւնը, մանաւանդ արդի ժամանակներու կեանքի՝ «տարօրինա՜կ վիճակ» կը նկատուի։ Արդարեւ, անիկա, որպէս կենցաղ, անբնականութեան եւ անկարելիութեան սահմաններուն կը մօտենայ արդի մարդուն հայեցակէտով։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Տարօրինակ հակասութիւն մը չէ՞ որ ամբողջ մարդկութիւնը նիւթականի համար կը պայքարի, կը տառապի, կը տանջուի, սակայն համաձայն կը գտնուի այն խօսքին, որ կ՚ըսէ. «Դրամով կարելի չէ երջանկութիւն գնել»: Այս դարաւոր խօսքը շատերու համար պարզապէս լոզունգ է ստեղծուած ունեւոր ու դրամատէր մարդկանց կողմէ, որովհետեւ մարդկութեան մեծամասնութիւնը կը հաւատայ, որ դրամը ունի ուժն ու կարողութիւնը երջանկութիւն եւ երանութիւն տալու մարդու կեանքին:
ՄՈՒՀԱՄՄԱՏ ԱԼ-ՄԱՂՈՒԹ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մեր սիրելի ընթերցողներու ուշադրութեան կ՚ուզենք յանձնել, որ այս եւ յառաջիկայ շաբաթներու ընթացքին, իրենց ուշադրութեան պիտի յանձնենք սուրիացի բանաստեղծ եւ գրող Մուհամմատ ալ-Մաղութի «Պիտի դաւաճանե՛մ Հայրնիքիս» գիրքը՝ արաբերէնէ թարգմանելով:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւանցի սրճարանասէր հանրութիւնը մէկ ամսուան մէջ ականատես եղաւ արուեստի շունչով յագեցած երկու յայտնի քաղաքային սրճարաններու փակման…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդկային կեանքին մէջ բնազդական երկու զօրութիւն կայ՝ որոնք թէեւ ըստ երեւոյթին բարոյական էակին համար երկրորդական կարեւորութիւն ունենալ կը թուին եւ սակայն կեանքին պաշտպանութեան եւ տեւականութեան համար անհրաժեշտ պայմաններ են։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Արդէն աւելի քան երկու տարի, գրեթէ ամէ՛ն օր Երեւանի Ամիրեան փողոցի վրայ կը տեսնեմ տարեց կին մը, որ ամէ՛ն անցորդի ձեռքը երկարելով «մի պուճուր կ՚օգնէ՞ք» մը կը փսփսայ:
Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Տ.Տ. Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապը այս տարուան Սուրբ Ծնունդի պատգամին մէջ մաղթեց, որ թող մօտենայ Հայաստան-Ատրպէյճան վերջնական խաղաղութեան օրը։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ Սեն Փեթերսպուրկի մէջ մասնակցեցաւ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) գագաթաժողովին, որ կազմակերպուեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի տանտիրութեամբ։
Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատան համալիրի Անարատ Յղութիւն եկեղեցւոյ մէջ, կաթողիկէ աշխարհի Ս. Ծնունդի Ճրագալոյցին առթիւ մատուցուեցաւ հանդիսաւոր Ս. Պատարագ։
Շիշլի մարզակումբի ընտանիքը Ամանորը կը դիմաւորէ բարձր տրամադրութեամբ։ Ակումբին կողմէ՝ քաղաքիս զանազան հայահոծ շրջաններուն մէջ կազմակերպուած դասընթացքներուն մասնակից զանազան սերունդներէ մարզիկները տարեմուտի խանդավառութիւնը լիուլի ըմբոշխնեցին՝ վարչութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած խրախճանքներով։
Քրիստոնեայ աշխարհը արդէն սկսաւ տօնախմբել Ս. Ծնունդը։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան այս շրջանակին մէջ արդէն շնորհաւորական այցելութիւններու փութաց քաղաքիս քրիստոնեայ հոգեւոր առաջնորդներուն։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Տ. Գրիգորիս Վրդ. Շողիկեանը, որ վերջերս փիլիսոփայական գիտութիւններու տոքթորի կոչման արժանացած է Անգլիոյ Նաթինկհըմի համալսարանին մէջ։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ տօնախմբեց Ս. Ստեփանոս նախավկայի ու առաջին մարտիրոսի յիշատակութեան օրը։ Սա աւանդաբար կ՚արժեւորուի նաեւ՝ որպէս Սարկաւագներու տօն։
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Պաղեստինի դատը աշխարհի ամենահանրածանօթ եւ բարդ դատերէն մին է, որու մէջ ներգրաւուած են ո՛չ միայն պաղեստինցի եւ հրեայ ժողովուրդները, այլեւ՝ արաբական շարք մը երկիրներ եւ գրեթէ բոլոր իսլամական աշխարհը: Անոր ծալքերը շատ են եւ կը մարմաւորուին շատ մը մակերեսներու մէջ: