Արխիւ
Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը երէկ հիւրընկալեց բազմատասնեակ աղէտեալներու խումբ մը:
Պատրիարքական Աթոռի Ընկերային օժանդակութեան յանձնախումբը կ՚առնէ տագնապալի իրավիճակին համարժէք քայլեր:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Անգլիոյ թեմէն ներս այս տարի կը նշուի եզակի յոբելեան մը։ Այսպէս, Լոնտոնի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ կառուցման 100-ամեակն է եւ այս յոբելեանի արժեւորման համար կեանքի կը կոչուի ծրագիր մը։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս երէկ հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Սրբոց Ղեւոնդեանց քահանայից տօնը։ Արարողութիւններուն նախագահեց Թեմակալ առաջնորդ Տ. Մեսրոպ Վրդ. Պարսամեան։
Երէկ, Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին նշեց Տեառնընդառաջի տօնը։ Ամէն տարի, փետրուարի 14-ին, քառասնօրեայ մանուկ Յիսուս Քրիստոսի տաճար ընծայման յիշատակը կը տօնախմբուի Հայ Եկեղեցւոյ կողմէ։
ՆԵԼԼԻ ԹԱԴԷՈՍԵԱՆ
Գէորգ Պետիկեան 80 տարեկան է. պատկառելի տարիք, որ մեզի հնարաւորութիւն կու տայ քննութեան ենթարկելու մտաւորականի, գրողի, կրթական մշակի անցած բեղուն ճանապարհը: 1943-ին Հալէպի մէջ ծնած, ապա Ամերիկա հանգրուանած գրողը այսօր ալ կը շարունակէ պատնէշի վրայ մնալ՝ իր պատմուածքներով եւ յօդուածներով գծագրելով սփիւռքեան խճանկարը:
ԲԺԻՇԿ ՎԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ (1905)
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հագուստին նշանակութիւնը: Ինչպէ՞ս պէտք է պարուրել: Մեր պարուրներուն վնասակարութիւնը: Հագուստէն եւ պարուրէն ի՞նչ կը պահանջուի: Փաթաթաններն ու հագուստը ի՞նչ կտորներէ պէտք է ըլլան:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Օրերս որոշեցի կանուխ պառկիլ: Կանուխ ըսածս կէսգիշերին՝ տասներկուքին: Մինչեւ Դանիէլը քնացաւ, իմ քունն ալ եկաւ: Աղուոր մը խաղացինք:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Գաղթականութեան պատմութիւնը մարդկութեան պատմութեան ամենադաժան էջերէն է: Պատերազմները, աղէտները, երկիրներու քաղաքական դրութիւնը, զանազան անցքերը մարդոց կը ստիպեն բռնել գաղթականին ցուպը եւ իր բնօրրանէն հեռանալ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում Ի՞նչն է տարբերութիւնը աշխատասէրին ու ծոյլին:
Պատասխան Առակագիրը կը գրէ. «Ժիր մարդոց ձեռքը կ՚իշխէ, բայց ծոյլը հարկատու կ՚ըլլայ» (Առ 12.24):
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յիսուսի Տաճար ընծայումը՝ Տեառնընդառաջ, կը յայտնէ, թէ Ան է Տիրոջ պատկանող Անդրանիկը։ Սիմէոնի եւ Աննայի մէջէն՝ Իսրայէլի ամբողջ սպասումն է, որ ընդ առաջ կու գայ իր Փրկչին։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
«...Եւ յետ շարժմանն հուր... եւ յետ հրոյն ձայն մեղմոյ օգոյ» (Ա. Թագաւորաց):
Առանց գոյնի, ցեղի եւ կրօնքի խտրութեան վերոյիշեալ հուրը կը վառի իւրաքանչիւրիս ներաշխարհին մէջ՝ երբ երկրագունդի վրայ տեղ մը մարդիկ վայրկեանուան մը ընթացքին քարերու ծանրութեան տակ կենաց եւ մահու կռիւ կը մղեն:
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի հանդիսութիւններու սրահին մէջ տեղի ունեցաւ վարդապետական թեզի բանաւոր պաշտպանութիւն։
Երէկ, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան ընդունեց ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ դեսպան Անճէյ Կասպրչիկը, որ այցելեց Երեւան։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան տարածաշրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան վերաբերեալ հարցեր։
Արմաղանեան. «Ընդունեցէք մեր ցաւակցութիւնները, այս ծանր վիճակին մէջ համբերութիւն կը մաղթենք»:
«Անատոլու» գործակալութիւնը անդրադարձաւ Հայաստանի փրկարարներու աշխատանքին եւ մարդասիրական օգնութեան:
Թուրքիոյ տասն քաղաքները աւերած ահաւոր երկրաշարժի հետեւանքով զոհուածներուն թիւը, ըստ պաշտօնական տուեալներուն, արդէն գերազանցած է 31 հազարը։ Երկրէն ներս ստեղծուած ողբերգական իրավիճակին մէջ միակ մխիթարութիւնը փրկարարներու աշխատանքին արդիւնքը կ՚ըլլայ։
ARA KOÇUNYAN
Türkiye Ermeni toplumu deprem felaketinin sarsıntısını yaşarken, ülkedeki trajik ortamın aşılabilmesi için elinden gelenin en iyisini yapabilmek için seferber olmuş durumda. Öte yandan bu acılı ortamda cemaatin gündeminde başka bir ciddi konu daha ön plana çıktı. İstanbul’daki Ermeni cemaat okullarının depreme karşı dayanıklılığı mercek altında.
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, երէկ Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Տեառնընդառաջի նախատօնակին, որու ընթացքին խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։
Երէկ, Սրբոց Ղեւոնդեանց քահանայից յիշատակութեան տօնին առթիւ Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցան հանդիսաւոր արարողութիւններ, որոնց նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։
Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, որ վերջին օրերուն մեկնած էր աղէտի գօտի, այսօր կէսօրուան ժամերուն վերադարձաւ քաղաքս։ Ինչպէս ծանօթ է, փոխանորդ տէր հայրը անցեալ հինգշաբթի երեկոյեան աղէտի գօտի մեկնած էր՝ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի տնօրինութեամբ։
Հայաստանի կողմէ աղէտալի երկրաշարժէն վերջ Թուրքիոյ համար ցուցաբերուած մարդասիրական օժանդակութիւնը ուշադրութեան կ՚արժանանայ նաեւ Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին մէջ։