Արխիւ

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 10, 2022

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Հայ ժողովուրդի պատմութիւնը մի՛շտ ալ դժբախտ ու արիւնոտ եղած է, որովհետեւ անձրեւէն խուսափիլ ուզելով կարկուտի բռնուած ենք եւ չենք կրցած այնպէս ալ գիտնալ, թէ ո՞րն էր լաւ: Հայ ժողովուրդը կարծեց, որ 2 դեկտեմբեր 1920-ին կնքուած հայ-ռուսական համաձայնագիրով Հայաստան պիտի մտնէր աւելի հանգիստ ու խաղաղ ժամանակաշրջան մը:

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 10, 2022

Համագայինի Երեւանի մասնաճիւղի թատերախումբը կը մատուցէ ներկայացումներու նոր շարք մը:
Ծրագրին մասնակից է նաեւ Կիւմրիի «Վարդան Աճեմեան» տրամաթիք թատրոնը. համատեղ նախաձեռնութեան արդիւնքը փայլուն:

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 10, 2022

«Խաչատուր Աբովեան» պետական մանկավարժական համալսարանի հիմնադրութեան 100-ամեակը:
Երեւանի Օփերայի երդիքին տակ կազմակերպուած հանդիսաւոր երեկոյթին մասնակցեցաւ նաեւ վարչապետ Փաշինեան:

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 10, 2022

Փաշինեան-Փութին հեռախօսազրոյց՝ 44-օրեայ պատերազմին վերջ տուած հրադադարէն երկու տարի անց:
Զախարովա. «Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ խաղաղութիւն հաստատելու ուղղեալ Ուաշինկթընի բարի նպատակները հարցեր կը ստեղծեն»:

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 10, 2022

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Առիթով մը հեռաւոր ափերու վրայ ապրող եւ հայ մամուլի «դարաւոր» երախտաւորներէն մէկուն խմբագիրը, որ բարեկամս էր, հարց տուաւ. «Ինչո՞ւ այսքան շատ կը գրես Լիբանանի մասին». չպատասխանեցի բարեկամիս, փափաքելով մինչեւ վերջ լսել իր դիտարկումը։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 10, 2022

Թուրքիոյ Հանրապետութեան մեծանուն հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքի մահուան 84-րդ տարելիցն է այսօր։ Բովանդակ Թուրքիան Մեծն Աթաթիւրքը կ՚ոգեկոչէ՝ երախտագիտութեամբ եւ իր թողած աւանդին տէր կանգնելու գիտակցութեամբ։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 10, 2022

Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանին մէջ խանդավառ ձեռնարկներով արժեւորուեցաւ հոկտեմբերը՝ Հայ մշակոյթի ամիսը, որու շրջանակներէն ներս նշուեցաւ նաեւ Թարգմանչաց տօնը։ Դպրոցին մէջ տղաքը զանազան ձեռնարկներու մասնակցեցան։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 10, 2022

Մեր համայնքի երաժշտասէրներուն տեսակէտէ իսկական վայելք մը եղաւ համակրելի մեներգիչ Պարթեւ Կարեանի համերգը, որ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ «Սիւլէյման Սեպա» կեդրոնին մէջ։ Իսկապէս խանդավառ ձեռնարկ մըն էր այս մէկը, որուն պատուոյ հիւրն էր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Ս. Արքեպիսկոպոս Մաշալեան՝ ընկերակցութեամբ Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեանի։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 10, 2022

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Տիարպաքըրի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ատենապետ Վարդգէս Էրկիւն Այըքը։ Այս վերջինը փութացած էր ներկայացնելու համար յառաջիկայ շրջանին եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ղեկը ստանձնելու համար թեկնածու հանդիսացած իր նոր գործընկերները։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 10, 2022

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Այս շաբաթ փոքրիկ Զաւէնիկ մանկապարտէզին մէջ սորվեցաւ բառերը վանկերու բաժնելու նուրբ արուեստը: Նախապէս դաստիարակը մեզի ղրկած էր համապատասխան տեսերիզը, ուր տղաքը սիրով կը վանկատեն բառերը:

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 9, 2022

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Ղալաթիոյ խնամակալութեան ատենապետ Յարութիւն Էպէօղլուն, որուն կ՚ընկերանային խնամակալութեան սիւներէն Վարդավառ Ճավաքն ու Մինաս Գաբուսուզը։ Անոնք այցելութեան փութացած էին՝ Կեդրոնական վարժարանի ի նպաստ տարեկան հանգանակութեան ընդառաջ։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 9, 2022

Պատրիարքական Աթոռի միաբաններէն Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ կը գտնուի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ, շաբաթավերջին Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս հանդիսապետեց Շիքակոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ տարեկան տօնախմբութեան։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 9, 2022

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Այս երկուքը կը յագեցնեն իմ հոգիի սովը: Մէկը մեղր է, երկրորդը դօշաբ՝ ռուպ, բնութենէն անսահման քաղցր ու անոյշ. ուտելով չես կշտանար, նայելով չես յագենար:

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 9, 2022

ԶԱՐՄԻՆԷ Գ․ ՊՕՂՈՍԵԱՆ

Սիրուն Սիսեռեան Հաճէթեան ապրուած օրերու իր կեանքէն պատուհան մը բանալով մեզ իր հետ կը տանի իր կեանքի դէպքերն ու դէմքերը տեղադրելով 188 էջերու մէջ խտացուած, գեղեցիկ ու անմիջական պատումներով, ընթերցողն ալ ընկերակից դարձնելով։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 9, 2022

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Հարցում. Յաճախ կը խօսուի պոռնկութեան մասին, թէ մեծագոյն մեղքերէն մէկն է: Յաճախ զգուշացումներ կը տրուին, որպէսզի մարդիկ պոռնկութենէ, պոռնիկ կիներէ եւ պոռնիկ այրերէ հեռու մնան:

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 9, 2022

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

«Չէ՞ք գիտեր, թէ մենք որ Յիսուս Քրիստոսով մկրտուեցանք, անոր մահուանը մկրտուեցանք։ Անոր հետ թաղուեցանք մկրտուելով մահուան համար…». (ՀՌՈՄ. Զ 3-4)։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 9, 2022

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Յաճախ հարց կը տրուի, թէ վիճակահանութիւնն ու բախտախաղը կրօնական տեսանկիւնէ մեղք կը նկատուի՞։ Այս հարցը քրիստոնեաներէս բացի այլ կրօնի հետեւորդներուն մօտ եւս կը տեսնենք։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 9, 2022

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի միջեւ Ուաշինկթընի մէջ՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի նախաձեռնութեամբ ու միջնորդութեամբ կազմակերպուած հանդիպման արձագանգները կը շարունակուին։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 9, 2022

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ամէն անգամ որ հանրահաւաքներ կը կազմակերպուին, կը կորսուին այն առիթները, որոնց միջոցաւ կարելի պիտի ըլլայ վերջապէս ամբողջական իշխանութիւն մը ապահովել:
Հայաստանի ընդդիմութիւնը վրիպման ճանապարհին՝ մինչ արտաքին ազդակներու ուշադրութիւնը կեդրոնացած է մանաւանդ Երեւան-Պաքու բանակցութիւններուն վրայ:

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 9, 2022

Կեանքի փիլիսոփայութիւնը՝ մանաւանդ բարոյագիտութեան տեսակէտէ, ունի ինչպէ՛ս շատ հետաքրքրական դրսեւորումներ, այնպէս ալ բանաձեւումներ։ Տարբեր արժեհամակարգերու մօտեցումները երբեմն այնպէս մը կը համընկնին, որ զիրար ո՛չ միայն կը լրացնեն, այլեւ կը հաստատեն։

Էջեր