Արխիւ

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 27, 2022

Յունաստանի Արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Տենտիաս այսօր աշխատանքային այցելութեամբ կը ժամանէ Երեւան, ուր կը հիւրընկալուի Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի կողմէ։ Երկու նախարարները կ՚ունենան առանձնազրոյց մը եւ կը գլխաւորեն պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 27, 2022

Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան կը շարունակէ իր շփումները Ուաշինկթընի մէջ։ Կը հաղորդուի, որ ան հարցազրոյց մը տուած է «The Washington Post»ին։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 27, 2022

Հայաստանի Առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան երէկ ծաւալուն հարցազրոյց մը տուաւ երկրի Հանրային հեռուստատեսութեան։ Այսօր արդէն 44-օրեայ պատերազմի սկիզբի երկրորդ տարելիցն է, որու ընդառաջ հրապարակուեցաւ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի բացառիկ հարցազրոյցը։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 27, 2022

Ֆրանսա կը պահանջէ, որ Ատրպէյճանի զօրքերը լքեն Հայաստանի տարածքը՝ վերադառնալով ելման դիրքեր:
Էմմանիւէլ Մաքրոն Նիկոլ Փաշինեանի հետ հանդիպման ժամանակ կարեւորեց Երեւան-Պաքու երկխօսութեան վերականգնումը:

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 27, 2022

Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան անցեալ կիրակի Միլանոյի Ս. Քառասուն Մանուկ եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Վարագայ Ս. Խաչի տօնակատարութիւններուն։ Օրուան պատարագիչն էր Տ. Տիրայր Վրդ. Յակոբեան։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Ներսէս Աբեղայ Յարութիւնեան։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 27, 2022

Պատրիարքական Աթոռի երիտասարդ միաբաններէն Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ ուսումը կատարելագործելու համար մեկնած է Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի Ս. Ներսէս ընծայարանը, անցեալ կիրակի, Վարագայ Ս. Խաչի տօնին առթիւ, պատարագեց եւ քարոզեց Պէյսայտի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 27, 2022

Շիշլի մարզակումբի ձմրան դասընթացքները արդէն սկսած են՝ արժանանալով անմիջական ուշադրութեան։ Այս եղանակին դասընթացքներ նախատեսուած են վոլէյպոլի, պասքեթպոլի, փինկ-փոնկի, թենիսի, մարմնամարզի եւ ճատրակի մարզաձեւերուն մէջ։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 27, 2022

Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ յուզումնախառն հրաժեշտին ներկայ էր նաեւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը:
Նորոգ հանգուցեալ Ռաֆֆի Պօզաճեան յաւերժութեան ճանապարհը բռնեց՝ հոծ թիւով յուղարկաւորներու աղօթակցութեամբ:

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 26, 2022

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Ծանօթ է, որ արեւմտահայ նշանաւոր բանաստեղծ Սիամանթոն (Ատոմ Եարճանեան) մտերմիկ յարաբերութիւններ ունեցած է հայ ուսանողուհի Սաթենիկ Ջաղէթեանին հետ, երբ 1904 թուականին բանաստեղծը մեկնած է բուժուելու Լէյզէնի առողջարաններէն մէկուն մէջ:

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 26, 2022

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

«Մարդը նետուած է աշխարհ», կ՚ըսէ Հայտեկեր եւ բոլորս գիտենք, թէ ծնիլը մեր ընտրութիւնը չէ։ Բայց յաջորդ փուլին, կարելի է ըսել, որ աշխարհի վրայ մեր ազդեցութիւնը բաւական մեծ է։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 26, 2022

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Գերեզմաննոցը կը նմանի խորհրդաւոր գիրքի մը՝ որուն էջերուն մեծ մասը պատռուած նետուած է, բացի այն էջերը՝ որոնք գրուած են գրիչով մը՝ որ թաթխուած է Աստուծոյ սիրոյն մէջ։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 26, 2022

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Հաւանաբար նման յօդուածի մը «Մեղա՜յ»ով պէտք է սկսիլ, որովհետեւ ներկայ յօդուածագրութեան ասպարէզին մէջ անթոյլատրելի է եւ գուցէ դատապարտելի նման նիւթի մը մասին գրել. կրնայ այս մէկը նկատուիլ օրէնքի դէմ զանցառութիւն, ինչի պատճառով կը նախընտրենք քօղարկել վէրքերը՝ ելք ու հնարք գտնելու փոխարէն:

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 26, 2022

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց «Նագգաշեան» մանուկներու տան երեխաներու աջակցութեան կեդրոնի բարերարները, մանկավարժները, սաներն ու խումբ մը շրջանաւարտները։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 26, 2022

Կը տեղեկանանք, որ Գանտիլլիի Սուրբ Երկոտասան Առաքելոց եկեղեցին ներկայիս ենթարկուած է վերանորոգութեան։ Վոսփորի Ասիական ափի մեր այս գողտրիկ սրբավայրը երկար ժամանակէ ի վեր խնամքի ու ֆիզիքական ամրացման կարիք ունէր, սակայն նախկին շրջաններուն այդ նախագիծը միշտ յետաձգուած էր։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 26, 2022

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին վերջերս վերստին խնամքի ենթարկուած է։ Թաղային խորհուրդի աղբիւրները հաղորդեցին, որ եկեղեցւոյ բուն շէնքին համար չեն եղած այս վերջին աշխատանքները, այլ ամրացուած ու վերանորոգուած են արտաքին պարիսպներն ու դարպասը, ինչպէս նաեւ յարակից շէնքերը։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 26, 2022

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր երաժշտական աշխարհի այնքան համակրելի եւ արժէքաւոր դէմքերէն Արթիւր Պաղտասարեան կոչուած է նոր ու պատուաբեր պաշտօնի մը։ Այսպէս, ան նշանակուած է Իսթանպուլի Ֆիլհարմոնիի միութեան գեղարուեստական ղեկավար։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 26, 2022

Սուրբ Խաչ դպրեվանքի շրջանաւարտից աւանդական հաւաքին ծաւալուն արժեւորում եւ քննարկումներ:
Փրոֆ. Թորոս Ալճան, Վարուժան Պուլկան եւ Արմէն Սարուխանեան բացատրութիւններ տուին դպրոցի ընդհանուր կացութեան շուրջ: Խնամակալութիւնը ընտրութիւններուն համար ալ իրաւական գետնի վրայ նախաձեռնութիւնները պիտի շարունակէ:

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 26, 2022

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայր Սամաթիոյ մէջ յայտնեց, որ իւրաքանչիւրը նախ պէտք է իր տան առջեւը աւլէ:
«Մեր հաստատութիւններու հարստութիւնները պէտք է տնօրինենք ո՛չ թէ դրամատան, այլ եկեղեցական մտայնութեամբ»:

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 26, 2022

Նիւ Եորքի մէջ վերջերս ոգեկոչուեցաւ ամերիկահայ բարեյիշատակ ազգային գործիչ տքթ. Ռաֆֆի Յովհաննէսեան։ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդանիստ Ս. Վարդան Մայր տաճարին մէջ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ ի յիշատակ տքթ. Ռաֆֆի Յովհաննէսեանի՝ մահուան երկրորդ տարելիցին առթիւ։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 26, 2022

Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան այսօր շփումներ կ՚ունենայ Ուաշինկթընի մէջ։ Վերջին օրերուն ան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ մեկնած էր՝ մաս կազմելով Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած պատուիրակութեան, որ մասնակցեցաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի նոր՝ 77-րդ նստաշրջանի բացման փուլին։

Էջեր