Լրահոս

ՇՐՋԱՓԱԿԵԱԼ ԱՐՑԱԽԷՆ ԱՄԷՆ ՕՐ ԿԸ ՀԱՍՆԻՆ ՏԱԳՆԱՊԱԼԻ ԿԱՑՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐԱՑՄԱՆ ՄԱՍԻՆ ՀՐԱՏԱՊ ԼՈՒՐԵՐ. ՀԻՄԱ ԱԼ ԵԼԵԿՏՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԼՈՒՐՋ ՊԱԿԱՍ

Արդէն ամիսէ մը աւելի պաշարուած Լեռնային Ղարաբաղէն միշտ կը հասնին հրատապ լուրեր, որոնք կը ցոլացնեն մարդասիրական ծանր տագնապի հասած համեմատութիւնները։ Արցախի Պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան երէկ յայտարարեց, որ ուժանիւթի մատակարարման հարցով բարդ իրավիճակ  մը ստեղծուած է։

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ ԱՐԹԻՆԵԱՆԻ ԱՐԴԷՆ 14-ՐԴ ԱՌՑԱՆՑ ԳԻՐՔԸ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ անցեալ տարեվերջին թողարկուած է սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական Վրէժ-Արմէնի «Ոստայն 17-գրապատում» առցանց նոր գիրքը։ 65 տարիներու վրայ տարածուած՝ հեղինակին կողմէ ստորագրուած յօդուածներու ժողովածոն է այս մէկը, որ կեդրոնացած է գիրքերու վրայ։

ՌՈՒԲԷՆ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ «ՔՈՆՍԵՓԹ»Ը

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Շատ-շատեր գրած են, թէ Ռուբէն Վարդանեան, որ հայկական աշխարհը գրաւած է իր բարեսիրական-մարդասիրական ծրագիրներով, ընդամէնը Ռուսաստանի ծրագիր մըն է. նոր օրերու ծրագիր, որ աւելի յստակ ձեւով ջուրի երես ելաւ այն պահէն ի վեր, երբ Ռուսաստանի դէմ Արեւմուտքի պատժամիջոցները սաստկացան։

ԿԱՊԻ ԽԶՈՒՄ

Աւելի քան ամիսէ մը ի վեր շրջափակեալ Արցախը երէկուան դրութեամբ զրկուեցաւ նաեւ համացանցային կապէ, ինչ որ կը խորացնէ անոր մտահոգիչ մեկուսացումը։ Ատրպէյճան խզած է Հայաստանէն դէպի Արցախ հաղորդակցութեան լարերը՝ խաթարելով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հաղորդակցութեան եւ ճշդուած համացանցի հասանելիութիւնը։

«ՄԱՏԵՆԱԳԻՐՔ ՀԱՅՈՑ» ԻԲ.

Երեւանի մէջ անցեալ տարեվերջին հրատարակուեցաւ Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի «Մատենագիրք Հայոց» ԻԲ. հատորը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, հրատարակութիւնը կատարուեցաւ Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութեան աջակցութեամբ եւ Մատենադարանի նախաձեռնութեամբ։

ՆԵՐՔԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԾԱՆՐԱԿՇԻՌ ՔԱՅԼ

Հայաստանի ներգրաւած գոյութենական բոլոր մարտահրաւէրներով հանդերձ, երկրի ներքին քաղաքական կեանքէն ներս կարելի չ՚ըլլար նուազագոյն համերաշխութեան մթնոլորտ մը ձեւաւորել։ Կը հաղորդուի, որ Հայաստանի Ազգային ժողովի խորհուրդը կը պատրաստուի ընդդիմադիր երեսփոխաններուն դէմ քննարկում մը ծաւալել։

Էջեր