Լրահոս

ԿՈՉԵՐ ԵՒ ՍՊԱՍՈՒՄՆԵՐ

Մինչ Արցախի պաշարումը արդէն հասած է քառասուն օրուան շեմին՝ մարդասիրական ծանր աղէտով:
Պայրամով պատրաստակամութիւն յայտնեց Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու յետաձգեալ հանդիպումը փութով կազմակերպելու ուղղութեամբ: Տաւոսի մէջ օրակարգի վրայ եկաւ Հարաւային Կովկասը: Ուաշինկթըն յետընթաց կը նկատէ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցին շուրջ:

ՀՈԳԵԼՈՅՍ ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ ԵՐԷԿ ՈԳԵԿՈՉՈՒԵՑԱՒ ԻՐ ՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 16-ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԻՆ ԱՌԹԻՒ

«Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադիր, նահատակեալ լրագրող Հրանդ Տինք երէկ ոգեկոչուեցաւ՝ իր սպանութեան 16-րդ տարելիցին առթիւ։ Հոգելոյս Հրանդ Տինքի դէմ տեղի ունեցած մահափորձի տարելիցը անգամ մը եւս իր յիշատակին շուրջ համախմբեց հասարակութեան լայն խաւերու ներկայացուցիչներ։

«ՄԱԼԱԹԻԱ ՀԱՅՏԵՐ»Ի ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ

Մալաթիահայոց հայրենակցական միութեան՝ «Մալաթիա Հայտեր»ի ընդհանուր ժողովը վերջերս գումարուելով ընտրեց նոր վարչութիւնը։ Սա միութեան հինգերորդ համագումարն էր, որու արդիւնքով վարչութեան առընթեր, ընտրուեցան նաեւ հակակշիռ եւ կարգապահական խորհուրդներու կազմերը։

ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ՝ ՊԱՏԳԱՄԻԴ ՀԵՏ, ՅԻՇԱՏԱԿԻԴ ԱՂԱՒՆԻԻՆ

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Այո՛, ծանր է Եղեռնի բեռը եւ ինչքան ալ այդ բեռը մեզի քաղաքական ու բարոյական իմաստներով յանձնարարէ մնալ իր տակ, յաճախ ակամայ հասկնալի ընդվզում մըն ալ կը պարզէ ինքնին. մինչեւ ե՞րբ եւ ինչո՞ւ այս պայքարն ու արշաւը:

ՍԵՐԿԷՅ ԼԱՒՐՈՎ ԼԱՒԱՏԵՍ ԼԱՉԻՆԻ ՄԻՋԱՆՑՔԻ ՎԵՐԱԲԱՑՄԱՆ ՈՒՂՂՈՒԹԵԱՄԲ

Արցախի պաշարումը կը շարունակուի աւելի քան ամիսէ մը ի վեր՝ մարդասիրական բոլոր ծանր հետեւանքներով։ Առկայ հրատապ մթնոլորտին մէջ երէկ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով հանդէս եկաւ ուշագրաւ յայտարարութիւններով։

ԱՊՏՈՒԼԼԱՀԻԱՆԻ ԱՅՑԸ

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյին Ամիր Ապտուլլահիանը։ Օրուան տեւողութեան հիւր նախարարը այցելեց նաեւ Պեշթեփէի համալիրը, ուր ընդունուեցաւ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի կողմէ։

ԱՐԱՐԱՏ ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ. «ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՆՊԱՏԱԿՆ Է ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ԲՆԱԿՉՈՒԹԻՒՆԸ ՊԱՐՏԱԴՐԵԼ, ՈՐՊԷՍԶԻ ԼՔԷ ԻՐ ՏՈՒՆԸ»

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի անվտանգութեան հարցին մէջ անհրաժեշտ է միջազգային ներգրաւուածութիւն։

ԱՌԱՆՑՔԱՅԻՆ ԹՂԹԱԾՐԱՐՆԵՐ

Անգարա-Ուաշինկթըն օրակարգին կուտակուած բարդ խնդիրներուն շուրջ բարձր մակարդակի վրայ քննարկման հնարաւորութիւն:
Մեւլիւտ Չավուշօղլու եւ Էնթընի Պլինքըն կ՚անդրադառնան՝ Թուրքիոյ եւ ԱՄՆ-ի փոխադարձ հետաքրքրութեան առարկայ բազմաբնոյթ նիւթերու:

Էջեր