ՉԱՐԻՔԻՆ ԿԱՐԵԼԻ ՉԷ ՅԱՂԹԵԼ ՉԱՐԻՔՈՎ
ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
21-րդ դարու 3-րդ տասնամեակի 4-րդ տարին պիտի մտնենք այնպիսի պայմաններու մէջ, երբ աշխարհի զանազան բաժիններուն զինեալ տագնապները եւ պատերազմները թափ կը ստանան՝ շատ յաճախ անմեղ մարդիկ մսաղացներու զոհ դարձնելով:
Մինչ կլիմայի փոփոխութեան վերահաս աղէտը արդէն սաստկօրէն կը թակէ երկրագունդի դուռը, գիտնականները այժմէն կը զգուշացնեն 2024 թուականի ամրան համար։ 3 յուլիս 2023 թուականի դրութեամբ աշխարհի ջերմութեան միջինը մրցանիշ մը կոտրելով հասած էր 17 աստիճանի։
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով յայտնեց, որ յառաջիկային Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ հանդիպում կրնայ ունենալ սահմանին վրայ։
«Երեւանն ու Պաքուն կրնան խաղաղութեան հասնիլ՝ Մոսկուայի, Թեհրանի եւ Անգարայի օգնութեամբ»:
Հայաստանի դպրոցներու 7-րդ դասարանի պատմութեան դասագիրքի բովանդակութեան հարցին շուրջ:
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի հետ։ Դիւանագիտական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ այս շփումը տեղի ունեցած է ամերիկեան կողմին նախաձեռնութեամբ։
Պաղեստինի ինքնավարութեան ղեկավար Մահմուտ Ապպաս յայտարարեց, որ պատրաստ են Կազզէն ղեկավարելու։
Թուրքիա-Ռուսաստան համագործակցութեամբ բնական կազի հանգոյց մը ստեղծելու ուղղեալ նախաձեռնութիւնը կը շարունակէ զբաղեցնել օրակարգը։ Ռուսաստանի փոխ-վարչապետ Ալեքսանտր Նովաք երէկ տեղեկացուց, որ Թուրքիոյ մէջ բնական կազի հանգոյցի մը ստեղծման ծրագրի ճանապարհային քարտէսը պիտի վաւերացուի շուտով։
Ատրպէյճանի նախագահի յատուկ յանձնարարութիւններով ներկայացուցիչ Էլչին Ամիրպեկով յայտարարեց, որ Հայաստանի հետ խաղաղութեան պայմանագրի կնքման ուղղեալ բանակցութիւնները վճռորոշ փուլի մէջ կը գտնուին։
Մինչ արհեստական բանականութեան հեռանկարները կը շարունակեն առաջնահերթօրէն զբաղեցնել օրակարգը, երէկ, միջազգային լրահոսին մէջ մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ դարձան արիւնալի դէպքի մը լուրերը։ Այսպէս, ամերիկեան ԹԵՍԼԱ ընկերութեան գործարանէն ներս մարդամեքենայ մը յարձակեցաւ ճարտարագէտի մը վրայ։