ԶՈՀԵՐՈՒ ԹԻՒԸ ԿԸ ԲԱՐՁՐԱՆԱՅ
Թուրքիոյ արեւելքի, հարաւի եւ հարաւ-արեւելքի քաղաքները ցնցած երկրաշարժին հետեւանքով յառաջացած ընդհանուր պատկերը հետզհետէ կը դառնայ աւելի ծանր եւ ցնցիչ։ Ըստ պաշտօնական աղբիւրներու կողմէ հրապարակուած վերջին տուեալներուն, երկրաշարժի զոհերուն թիւը հասած է 6957-ի։