Լրահոս

ՔԱՐՏԷՍՆԵՐՈՒ ՀԻՄԱՆ ՎՐԱՅ ԼՈՒԾՈՒՄԸ ԿՐՆԱՅ ԿԱՆԽԵԼ ԱՊԱԳԱՅ ՀԱՐՑԵՐԸ

Հայաստանի Ազգային ժողովի երեսփոխաններէն Գէորգ Պապոյեան յայտարարեց, որ խաղաղութեան պայմանագիրը ստորագրել կարելի չ՚ըլլար Ատրպէյճանի ապակառուցողական մօտեցման հետեւանքով։ Ան համոզուած է, թէ այդ պայմանագիրը պէտք է կնքուի քարտէսներու հիման վրայ եւ առանց քարտէսներու՝ որեւէ լուծում խնդրայարոյց կ՚ըլլայ։

ՌՈՒՍԱՍՏԱՆԻ ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՏԿԱՐԱՆԱՅ ՆԱԽԿԻՆ ԽՈՐՀՐԴԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԱՇԽԱՐՀԱԳՐՈՒԹԵՆԷՆ ՆԵՐՍ

Անգլիական հեղիկանաւոր «The Economist»ը 2024 թուականի վերաբերեալ կանխատեսումներու շրջանակին մէջ մասնաւոր տեղ յատկացուց Հարաւային Կովկասին։ Այսպէս, Ուքրայնայի հակամարտութիւնը չէ դադրած եւ այս համայնապատկերին վրայ փոփոխութիւններ կը նախատեսուին նաեւ Հարաւային Կովկասի մէջ։

ՊԸՐՊԵՆՔԻ ՄԷՋ ՍԿՍԱՒ ԳՐԱԲԱՐԻ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս սկսած են գրաբարի դասընթացքներ։ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի հովանաւորութեամբ կեանքի կը կոչուի այս ծրագիրը։

ԱՆԵՐԵՐ ԿԱՄՔՈՎ

Թուրքիա ցաւ ի սիրտ հրաժեշտ կու տայ՝ Հիւսիսային Իրաքի մէջ նահատակուած զինուորներուն:
Ահաբեկչութեան դէմ պայքարը վճռակամութեամբ յառաջ պիտի տարուի՝ ամբողջական ռազմավարութեան մը ձեւով:

Էջեր