Լրահոս

ՓԵՍՔՈՎ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ ԿԸ ՆԿԱՏԷ ԵՌԱԿՈՂՄԱՆԻ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԿԻՐԱՌՈՒՄԸ

Քրեմլինի բանբեր Տիմիթրի Փեսքով յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու եռակողմանի պայմանաւորուածութիւնները միակ իրական հիմքն են իրավիճակի կարգաւորման համար։

ԹԵՀՐԱՆԷՆ ՓՈԽԱԴԱՐՁ ՀՐԱՒԷՐ

Չինաստանի միջնորդութեամբ Իրանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ ապահովուած ձիւնահալը հետզհետէ կը զարգանայ դիւանագիտական գետնի վրայ։ Իրանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ Թեհրան-Ռիատ մերձեցման լոյսին տակ Սէուտական Արաբիոյ Սելման թագաւորը երկիր հրաւիրուած է Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի կողմէ։

ԱՐՑԱԽԸ ԼՈՒՍԱՐՁԱԿԻ ՏԱԿ

ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ

Ապրիլի 13 եւ 16-ին Արցախի շուրջ երկու կարեւոր հանրային հանդիպումներ տեղի ունեցան։ Առաջինը՝ Սորպոնի համալսարանին մէջ դասախօսութիւններու շարք մըն էր՝ «Le blocus dans le Haut Karabagh» վերնագրով, որ նաեւ «La force primet-elle sur le droit?» ենթավերնագրով։

ՀՆԱՐԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԵԾՆԱՅ

Նիկոլ Փաշինեան. «Կը յուսամ, թէ յառաջիկային Թուրքիա-Հայաստան սահմանը իրօք կը բացուի եւ հիմք կը ստեղծուի բնական յարաբերութիւններու զարգացման համար»:
«Եթէ մարդասիրական, հարեւանութեան արժէքներու բերած նոր ընկալումները, տպաւորութիւնները ժամանակի ընթացքին խամրին, ապա քաղաքական որոշումներու վրայ անոնց ազդեցութիւնը ի չիք կը դառնայ»:

ՀԵՐԹԱԿԱՆ ՄՐՑԱՆԱԿ

«Yolcu» թատերախումբին եւ Պէյօղլուի Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ համատեղ ջանքերով բեմադրուած «Կոմիտաս» ներկայացումներու շարքը կը շարունակէ գեղարուեստական աշխարհէ ներս բարձր գնահատանքի արժանի դառնալ։

ԷԼԻ ՔՈՀԷՆԻ ՊԱՔՈՒ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Պաքուի ղեկավարութիւնը այս օրերուն կը հիւրընկալէ Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Էլի Քոհէնը, որ եռօրեայ այցելութիւն մը կու տայ Ատրպէյճան։ Էլի Քոհէն այս շրջանակին մէջ ընդունուեցաւ նաեւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ։

ԳԱՐԱԳԻՒԹԻՒՔԻ ՆՈՐ ԳԻՐՔԵՐԸ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ վաստակաշատ կրթական մշակ եւ հեղինակ Լեռնա Գարագիւթիւք հրատարակած է երկու նոր գիրքեր, որոնք կը կոչուին «Շուշանիկը եւ Պոչիկը» եւ «Ձայներ»։ Երկու գիրքերն ալ տպագրութեան պատրաստուած են «Mat Yapım» հրատարակչատան կողմէ։

Էջեր