Լրահոս

ՀԻՓԵՐՊԱՐԻՔ ԹԹՈՒԱԾԻՆԻ ՍԱՐՔԱՒՈՐՈՒՄ

Երեւանի Պետական բժշկական համալսարանի «Միքայէլեան» համալսարանական հիւանդանոցի Վերակենդանացման եւ խտացեալ խնամքի բաժանմունքը վերջերս համալրուած է նոր հիփերպարիք թթուածինի սարքով մը։ Ներկայիս ամբողջ աշխարհի մէջ լայն տարածում գտած է պարոթերափին, որու շնորհիւ մարդկային օրկանիզմի բջիջներուն բարձր ճնշման տակ թթուածին կը հասցուի։

ՀԱՍՈՒՆՈՒԹԻՒՆ, ԴԱՒԱՃԱՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՀՐԱՇՔ…

Գեղեցկութիւններն ու անոնց ընկալումը, անշուշտ, խիստ ենթակայական է։ Ուղիղ համեմատութեան մէջ, շատ յարաբերական են նաեւ հաճոյքն ու բաւարարութիւնը։ Մարդկային կեանքի ելեւէջներուն մէջ երբեք չի պակսիր ամէն զգացումի, ամէն ընկալման կամ սահմանման հակառակը։

ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԲԱՑՈՒՄ ՄՕՏԱՒՈՐ ԱՊԱԳԱՅԻՆ ՉԻ ՆԱԽԱՏԵՍՈՒԻՐ

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու յայտարարեց, որ Թուրքիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութեան բացումը մօտաւոր ապագային օրակարգի վրայ չի գտնուիր, սակայն երկու երկիրները կ՚աշխատին սահմանային անցակէտերու բացման ուղղութեամբ։

ԻՐԱՆ Կ՚ԱԿՆԿԱԼԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՄԻՋԵՒ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԿԱՐԳԱՒՈՐՈՒՄԸ

Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի Թեհրան կատարած այցելութեան արձագանգները կը շարունակուին։ Իրանի Ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Շամխանիի կողմէ հիւրընկալուած էր Արմէն Գրիգորեան։

ՀԱՍԱՐԱԿԱՑ ԼԵԶՈՒ

INALCO-ի հայերէնի դասախօս Մելանի Քլըճեանի շահեկան արժեւորումներն ու դիտարկումները:
Սա Հայաստանէ դուրս ամենաամբողջական հայագիտական ծրագիրն է, աշխարհի վրայ չկայ ամպիոն մը, ուր կը տրուի այս բոլորը:

ՀԱՄԱՅՆՔԷՆ ԹԵԿՆԱԾՈՒՆԵՐ

14 մայիսին նախատեսուած նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընդառաջ, երէկ, արդէն քաղաքական ուժերուն կողմէ թեկնածուական ցուցակները վերջնականօրէն ներկայացուեցան Բարձրագոյն ընտրական մարմնին։ Նախագահական թեկնածուները, ըստ էութեան, արդէն յայտնի են՝ քանի անհատական հիմունքի վրայ են։

Ո՞ՒՐ ՓՆՏՌԵԼ ՔՐԻՍՏՈՍԸ

ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

Տիեզերքի պատմութեան ամենակարեւոր ու համակ կեանք բուրող աւետիսն է սա, տրուած՝ մահաբոյր վայրի մը առջեւ, որ է գերեզման։ Վայր մը, որ ոմանց համար վերջակէտն է կեանքին։ Վայր մը, որ ոմանց համար կը խորհրդանշէ կորուստը։

«ԵՍ ԵՄ ՃԱՄԲԱՆ»

ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Քրիստոսի աշխարհ գալը աննպատակ չէր։ Ան ունէր յատուկ եւ յստակ առաքելութիւն մը։ Եւ այդ առաքելութեամբ մարդկութեան եւ աշխարհին ցոյց տուաւ «ճամբան», որուն միջոցաւ մարդը պիտի հասնի «ճշմարտութեան» եւ անպայմանօրէն «կեանքին»։

ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՐՑԸ ԹՈՒՐՔԻԱ-ՌՈՒՍԱՍՏԱՆ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՕՐԱԿԱՐԳԻՆ ՎՐԱՅ

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի հրաւէրին ընդառաջ՝ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով այսօր շփումներ կ՚ունենայ Անգարայի մէջ։ Հիւր նախարարին կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը աշխատանքային այցելութեամբ երէկ երեկոյեան ժամերուն հասաւ Թուրքիա։

Էջեր