Լրահոս

ՅՈԲԵԼԵԱՆ ԵՒ ԱՐՁԱՆ

Երէկ, Երեւանի մէջ բացուեցաւ աշխարհահռչակ շարժանկարի բեմադրիչ, բեմագիր Սերկէյ Փարաճանովի արձանը։ Այս տարի մեծանուն արուեստագէտի ծննդեան 100-ամեակը կը նշուի եւ այս յոբելեանը կը նշանաւորուի մայրաքաղաքի մէջ անոր արձանի զետեղմամբ։

ՊՈՆՕ ԵՐԵՒԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ

Երեւանի ղեկավարութիւնը երէկ հիւրընկալեց Ուաշինկթընէն բարձրաստիճան դիւանագէտ մը։ Այսպէս, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան ընդունեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարի Հարաւային Կովկասի բանակցութիւններուն գծով աւագ խորհրդական եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի ամերիկացի համանախագահ Լուիս Պոնոն, որ ընդունուեցաւ նաեւ անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի կողմէ։

ՖԻՏԱՆ ԵՒ ՊԼԻՆՔԸՆ ԽՕՍԵՑԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ

Թուրքիան շաբաթավերջին հիւրընկալեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն բարձրաստիճան հիւր մը։ Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան Իսթանպուլի մէջ բանակցութիւններ վարեց ԱՄՆ-ի պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի հետ։

Էջեր