Լրահոս

ՌՈՒՍԱԿԱՆ ԿՈՂՄԸ ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԿԸ ՀՐԱՒԻՐԷ ԵՐԵՒԱՆԸ ԵՒ ՊԱՔՈՒՆ

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտարարեց, որ Մոսկուա Լաչինի միջանցքին մէջ իրավիճակը կարգաւորելու համար կը շարունակէ աշխոյժ ջանքեր գործադրել։

ՊԱՐՏԱԴՐԱՆՔՆԵՐ ԵՒ ՃՆՇՈՒՄՆԵՐ

Արցախի պաշարումով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ Երեւանի ղեկավարութիւնը կը ջանայ բոլոր հարթութիւններու վրայ իր պատգամը հասցնել միջազգային հանրութեան:
Նախարար Արարատ Միրզոյեան. «Ատրպէյճան կ՚ակնկալէ, որ Հայաստան միայն ընդունի իր պահանջները եւ ուզածը չստանալու պարագային կ՚օգտագործէ ամէն միջոց՝ մինչեւ ուժի կիրառում»:

ՓԱՇԻՆԵԱՆ. «ՊԱՔՈՒ Կ՚ՈՒԶԷ ԿՈՏՐԵԼ ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԿԱՄՔԸ»

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ առաւօտ կառավարութեան նիստի ընթացքին հերթական անգամ անդրադարձաւ Արցախի շրջափակման. «Պաքուի ծրագիրը հետեւեալն է. քանի մը օրով բանալ Լաչինի միջանցքը՝ ակնկալելով, որ Լեռնային Ղարաբաղի հայերը լքեն իրենց տուները, ապա կրկին փակել, այսպէս շարունակ՝ մինչեւ որ վերջին հայը լքէ Արցախը»։

ԵՐԿՈՒ ԲԱՆԱՁԵՒ

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ

18 եւ 19 յունուարին յաջորդաբար Եւրոպական խորհրդարանը երկու աւելի քան ուշագրաւ բանաձեւեր որդեգրեց թէ՛ Հայաստան-Ատրպէյճան եւ թէ Արցախ-Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն վերաբերեալ:

ԵԳԻՊՏՈՍԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԿԸ ՄԵԿՆԻ ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԿՈՎԿԱՍ

Եգիպտոսի նախագահ Ապտիւլֆեթթահ Էլ Սիսի վաղը երկօրեայ ուղեւորութեան մը կը ձեռնարկէ դէպի Հարաւային Կովկաս։ Տարածաշրջանային այս ուղեւորութեան ծիրէն ներս Սիսի պիտի այցելէ Հայաստան եւ Ատրպէյճան։

ՌՈՒՍԱԿԱՆ ԴԵՐԻ ՁԵՒԱՓՈԽՈՒՄԸ

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Այս պահու դրութեամբ, Ռուսաստանը Հարաւային Կովկասի մէջ ձեռնունայն է՝ առանց Թուրքիա-Ատրպէյճան թանտեմին։ Ո՛չ միայն փոխուած են խաղի կանոնները, այլ իրավիճակը հասած է այնպիսի փուլի մը, ուր կը մատնուի Ռուսաստանի անգործութիւնը։

Էջեր