ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ՆՈՒԻՐԵԱԼ…
Միսաք եւ Մելինէ Մանուշեանները դարձան առաջին գաղթական-օտարները, որոնք մուտք գործեցին ֆրանսական ազգի մեծ երախտաւորներու կոթողային տաճարը, ուր անոնց ներկայութիւնը պիտի ապահովէ նաեւ իրենց դիմադրակից ընկերներու հոգիներուն թեւածումը: Նացիներու կողմէ գնդակահարման 80-րդ տարելիցի օրուան համընկնած պատմական արարողութեան ընթացքին մայրաքաղաքի Սիւֆրէն փողոցին վրայ հնչեց Շարլ Ազնաւուրի գլուխ գործոցներէն «Ինկան անոնք»ը:
Յամառ պայքարի կերպար:
Ֆրանսայի դիմադրութեան շարժման հայազգի հերոսն ու կողակիցը երէկ երեկոյեան փառաշուք եւ պատկառազդու պետական արարողութիւնով մը վերայուղարկաւորուեցան՝ իրենց վերջին հանգրուանը գտնելով Փարիզի աշխարհահռչակ Պանթէոնին մէջ, ուր Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն դամբանական մը խօսեցաւ՝ մասնակցութեամբ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի:
«Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը ճանչնայ իր բոլոր հարեւաններու տարածքային ամբողջականութիւնը»:
Նացիներու կողմէ գնդակահարման 80-րդ տարելիցին պատմական արարողութիւն: Նախագահ Մաքրոն վերայուղարկման առթիւ կը դամբանախօսէ, հրաւիրուած է նաեւ Հայաստանի վարչապետ Փաշինեան:
Հայկական դասական երաժշտութեան բացառիկ երեկոյթ մը՝ Ֆէրիգիւղի «Շիրինօղլու» սրահին մէջ:
Փաշինեան Միշէլի հետ հեռախօսազրոյց ունեցաւ՝ Ալիեւի հետ հանդիպումէն անմիջապէս վերջ:
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր երաժշտական աշխարհի արժէքաւոր ու հեղինակաւոր տարրերէն մեներգիչ Արթիւր Պաղտասարեանի նախաձեռնութեամբ այս օրերուն քաղաքիս մէջ տեղի կ՚ունենան երկու համերգներ։ Արթիւր Պաղտասարեան այս շրջանին մեր երաժշտասէրներուն համար հնարաւորութիւններ կը ստեղծէ հայկական դասական երաժշտութիւնը ըմբոշխնելու թէ՛ որպէս մենակատար եւ թէ որպէս կազմակերպիչ։
Անգարա ամբողջ տարածաշրջանին տեսակէտէ հեռանկարային կը նկատէ Երեւան-Պաքու համաձայնութիւնը:
Հայաստան հետամուտ՝ անվտանգութեան ու պաշտպանութեան համապարփակ համակարգ մը հաստատելու:
Միւնիխի Անվտանգութեան համաժողովի շրջանակներէն ներս, Օլաֆ Շոլց շաբաթավերջին մէկտեղեց Նիկոլ Փաշինեանն ու Իլհամ Ալիեւը, որոնք շուրջ վեց ամսուան ընդհատումէ մը վերջ ուղիղ շփում մը ունեցան, ինչ որ առիթ դարձաւ դրական պատգամներու հնչեցման, սակայն միշտ կան նաեւ մեղադրանքներ:
Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Միւնիխի Անվտանգութեան համաժողովին մասնակցելէ վերջ ժամանեց Անգարա։ Ան երէկ երեկոյեան հասաւ Թուրքիա, ուր այսօր կը հիւրընկալուի Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի կողմէ։