Հարթակ

ՍԻՐԵԼ ՄԵՆՔ ՄԵԶ

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Շրջապատուած ըլլալով ինքնաքննադատութեան անսահմանութեամբ՝ մենք բաւարար չափով գիտե՞նք, թէ ի՛նչ կը նշանակէ ինքնասիրութիւնը: Այս հարցի շուրջ խորհելու ժամանակ յիշենք Մէյսթըր Էքհարթի խօսքերը. «Եթէ մէկ ուրիշը ձեզմէ աւելի քիչ ​​կը սիրէք, ապա իրական յաջողութիւն չէք ունենար դուք ձեզ սիրելու հարցին մէջ:

ԵՐԿՈՒ ՔԵՐԹՈՒԱԾ ՄԱՀՄՈՒՏ ՏԷՐՈՒԻՇԷՆ

Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Անտառին մէջ ձայնս չեմ լսեր,
Նոյնիսկ եթէ անտառը հրէշին սովէն դատարկուի...
Եւ յաղթուած կամ յաղթական զօրքը վերադառնայ,
Տարբերութիւն չունի ուր,
Անյայտ մահացածներուն աճիւններուն վրայ 
Կամ զօրանոցներուն մէջ 
Եւ կամ՝ գահ բարձրանայ:

ՍԵՒՑԱՒ - ՀՆԴԿԱԽՏ (ԽՈԼԵՐԱ)

ԲԺԻՇԿ ՎԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ (1904)
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Խոլերան վարակիչ մեծ զօրութիւն ունի: Այս պատճառով ալ ան այդպէս արագ կ՚անցնի գիւղէ գիւղ, քաղաքէ քաղաք, եւ կարճ ժամանակուան ընթացքին սարսափելի համաճարակ կը դառնայ, այսինքն՝ կը հեղհեղէ համակ երկիրներ ու պետութիւններ:

ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐ ԵՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ

ՇՆՈՒՏԱ Գ. ՀԱՅՐԱՊԵՏ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Հարցում. Անցեալ տարի չկրցայ տասանորդ տալ, տնտեսական ծանրաբեռնուածութեանս եւ դրամի կարիք ունենալուս պատճառով: Ի՞նչ պէտք է ընեմ: Հնարաւո՞ր է զիս ազատել տասանորդ տալու պարտաւորութենէն:

ԱՊԱԳԱՅ ԵՒ ԱՊԱԳԱՅԱՊԱՇՏՈՒԹԻՒՆ

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Մարդ արարածը իր անհատական եւ հաւաքական կերպարներով եւ իր ծագումէն ի վեր տեւաբար ապրած է, աշխատած ու ստեղծագործած՝ այսպէս կոչուած վասն ապագայի: Այդ փոքր ու մեծ ապագան եղած է անձնական, ընկերային, պետական ու միջազգային ծրագիրներու կատարման առարկան եւ շարժիչ ուժը:

ԳԵՐԱԿՇՌՈՂԸ ՈԳԻՆ Է

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) մասին տարբեր առիթներով գրած եմ. գրած եմ դրական շեշտերով, սպասումներով ու յաճախ ալ քննադատելու միտուած մօտեցումով։ Համահայկական վարկով ու ներկայութեամբ ՀԲԸՄ միշտ ալ եղած է իրադարձութիւններու կիզակէտին։

ԿԱՆԱՉ ՃԱՆՃԵՐ

ՄԱՀՄՈՒՏ ՏԷՐՈՒԻՇ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Տեսարանը միեւնոյնն է.
Ամառ,
Քրտինք
Եւ երեւակայութիւն մը,
Որ հորիզոնէն անդինը 
Տեսնելու անկարող է:

ՍԵՒՑԱՒ - ՀՆԴԿԱԽՏ (ԽՈԼԵՐԱ)

ԲԺԻՇԿ ՎԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ (1904)
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Կը շարունակենք բժշկապետ Վահան Արծրունիի «Բժիշկի զրոյցներ» շարքի գրքոյկներուն արեւմտահայերէնի վերածումը եւ մեր ըներցասէրներու ուշադրութեան յանձնելը զանոնք: Այս եւ յաջորդ գրութիւններով բժշկապետին «ԽՈԼԵՐԱՅԻ ՄԱՍԻՆ» գրքոյկը պիտի ներկայացնենք, որ գրուած է 1904-ին:

ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Հարցում. Անգամ մը կարդացած էի Առակաց գիրքին մէջ, թէ Աստուած վեց բանէ կը զզուի եւ Անոր Հոգիին առջեւ եօթ բաներ պիղծ են. կրնա՞ք յիշեցնել թէ ո՞ր գլուխին մէջ յիշատակուած են այդ բաները եւ որո՞նք են:

Էջեր