Հարթակ

ՅԵՏԸՆՏՐԱԿԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԱՍԻՆ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐ

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Նախագահ Արմէն Սարգսեանի վերջին քայլերը կրնա՞ն քաղաքական նոր նախաձեռնութեան մը վերածուիլ:
Յայտնի սպասողականութիւնը արդէն մեր ետին է։ Հայաստանի արտահերթ խորհրդարանական ընտրութեան սկզբնական արդիւնքներով՝ Փաշինեանի «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան ապահովածը ինչ-որ տեղ, գոնէ առժամաբար հանգեցուց լարուածութեան վառօդի տակառի պատրոյգը։

ՎԻԳԷՆ ԱՒԱԳԵԱՆ. «ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ ԱՐՏԱԳԱՂԹԸ ՄԵԾԱԳՈՅՆ ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆ»

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Մինչ Լիբանանի վարժարանները ոչ գրկաբաց ձեւով կը դիմաւորեն ամառնային արձակուրդի օրերը, անդին հազարումէկ խնդիրներ կը շարունակեն մնալ անլոյծ ու ասոնց կողքին ալ մեծ հարցադրումներու «ամպրոպ»ը՝ հակառակ ամրան տապին՝ կը շարունակէ կուտակուիլ ծննդավայրիս երկնակամարին վրայ։

ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԲԱՐՔԵՐ

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Ընդունուած սովորութիւն է, որ հագուստ արտադրող նշանաւոր գործատէրեր, տարին մի քանի անգամ՝ գարնանային եւ աշնանային եղանակներու մուտքին, իրենց նորաձեւութիւնները ներկայացնեն աշխարհին։ Այդ ցուցադրութիւնները ընդհանրապէս տեղի կ՚ունենան Նիւ Եորքի, Փարիզի եւ կամ Միլանոյի մէջ։

«ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԱՅՔԱՐ» (ՊԱԻՍԻՈՍ ԱԹՈՍԱՑԻ)

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

-Եառոնտա. ինչպէ՞ս կրնանք օգնել մէկու մը, որ մոլորեցնող միտքեր ունի, որպէսզի իր բնական վիճակին վերադառնայ:
-Այնպէս ընելով որ խոստովանի իր զզուելի վիճակը, երթայ հոգեւոր հայրի մը մօտ, յայտնէ անոր իր մտածումները եւ հնազանդի անոր բոլոր ըսածներուն:

ՉՈՒ

ԵՐԱՄ

Դուրս ելաւ, եւ յայտնուեցաւ Պէյրութի մէջ։ Պատահաբար։ Քալեց անկանոն քաղաքին մէջէն, դարձաւ անկիւնները իրար հատող փողոցներուն։

ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ

Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Խօսք. «Տակաւին կեցած էր այնտեղ» (տե՛ս Յհ 11.30):
Մեկնութիւն.
Քրիստոս այնտեղ [ուր Մարթան դիմաւորած էր զԻնք] կը մնար Մարիամի եւ Մարթայի հետ. նախ՝ որպէսզի անոնց հետ տեսնէ գերեզմանը: 

ՀԻՆ ԱՐՏԱՀԵՐԹԷՆ ՄԻՆՉԵՒ ՆՈՐ ԱՐՏԱՀԵՐԹ

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Քիչ էին անոնք, որոնք այս յօդուածը գրած ատենս գամուած էին հեռատեսիլի դիմաց ու կը հետեւէին րոպէ առ րոպէ հրապարակուող ընտրութեան արդիւնքներուն։ Ընտրութիւնները, որոնք վերջին երեք տարիներու ընթացքին երկրորդն էին, կրնան վերջինը չըլլալ։

ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԲԱՐՔԵՐ

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Գիտցած եղէք որ շուները իմ թշնամիս չեն, սակայն անոնց հոգատարութեան համար ծախսուած անհամար գումարներուն հետ չեմ կրնար հաշտուիլ։ Ինչո՞ւ, որովհետեւ այդ գումարները կրնան աւելի լաւ ծառայութիւն բերել՝ եթէ ծախսուին թերզարգացած (underdeveloped) երկիրներու չքաւոր ընտանիքներու կարօտեալ մանուկներուն համար, չէ՞ք խորհիր։

ԱԼԱՆ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ (ՉԱԽՄԱԽՃԵԱՆ). ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՀՆՉԵՂՈՒԹԻՒՆԸ

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

2000 թուականի այս օրը՝ յունիսի 21-ին, Սիեթըլի մէջ, Ուաշինկթըն, Միացեալ Նահանգներ, ստամոքսային անողոք հիւանդութեան մը դէմ երեք տարի մաքառելէ ետք, 89 տարեկանին մահացաւ հայ ժողովուրդի աշխարհահռչակ արժէքներէն Ալան Յովհաննէս (1911-2000)։

Էջեր