Արխիւ
Համաշխարհային թատրոնի օրուան առթիւ երէկ արուեստագէտներ պարգեւատրուեցան Երեւանի մէջ:
«Արտաւազդ» 22-րդ տարեկան մրցանակաբաշխութիւնը այս անգամ ձօնուած էր Վահէ Շահվերտեանի յիշատակին:
Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար յայտարարեց, որ վերջին երկրաշարժին հետեւանքով իրենց մերձաւորները կամ բնակարանները կորսնցուցած շուրջ 60 հազար սուրիացի կամաւոր ըլլալով վերադարձած է իր երկիրը։
Ստեփանակերտ-Լիսակոր ճանապարհը ամբողջութեամբ Ատրպէյճանի դիտարկման ենթարկուած է:
Փաշինեան Միշելի հետ հեռախօսազրոյցի ընթացքին կրկնեց Արցախի տագնապին վերաբերեալ մտահոգութիւնները:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մեծ Պահքի 37-րդ օրն է:
Պօղոս առաքեալ Կորնթացիներուն ուղղած առաջին նամակին 12-րդ գլուխին 27-րդ համարին մէջ այսպէս կը գրէ. «Արդ, դուք թէպէտ առանձին-առանձին անդամներ էք, բայց միասնաբար կը կազմէք Քրիստոսի մարմինը»:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Տխուր լուրով բացուեցաւ կիրակի առաւօտը՝ մահացած է Երուանդ Ազատեան: Ոչ եւս է մտաւորականը, գրող-գրականագէտը, հրապարակախօսը, կուսակցական, մշակութային գործիչը…
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Յետոյ սկսաւ երիտասարդութիւնը, գիշերային կեանքերը, եւրոպական երկիրներու այցելութիւնները… Եւ հասաւ տեղ մը, ուր ինքզինք դրսեւորեց քաղաքական հանգանակը եւ այն եկաւ բազմելու յաւիտեան մեր մէջ, քանի դեռ Արեւելքի մէջ էինք եւ ինքնաբերաբար առաւել չափով քաղաքականացած կը համարուէինք արեւմուտքցիներէն:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Ի՞նչ է տարբերութիւնը ուղիղ ճանապարհով քայլողին եւ անուղիղ ճանապարհով քայլողին միջեւ:
Պատասխան. Առակագիրը կը գրէ. «Իր ուղղութեանը մէջ քալողը Տիրոջմէ կը վախնայ, բայց ծուռ ճամբայ ունեցողը զԱնիկա կ՚անարգէ» (Առ 14.2):
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Եզնիկի «Եղծ աղանդոց»էն՝ Գարեգին Եպսկ. Խաչատուրեանի (Տրապիզոնի) թարգմանութեամբ կը ներկայացնենք «Չարին ծագումը» հատուածը։
Գիտնական Եզնիկ Ե. դարու մէջ ամենէն ինքնատիպ եւ ուշագրաւ մատենագիրներէն մէկն է։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Եթէ ստախօսութիւնը գեհենի կրակի արժանացող մեղք մըն է, ապա կրնանք վստահ ըլլալ, որ քաղաքականութեամբ զբաղուող ամէ՛ն մարդ՝ ըլլայ նախարար կամ երեսփոխան, անտարակոյս այդ բոցը պիտի ըմբոշխնեն:
Երկրագունդի բնակչութիւնը առաւելագոյն մակարդակին պիտի հասնի 2050 թուականին։ Այսպէս, երկրագունդի բնակչութիւնը մինչեւ 2050 թուականը կրնայ հասնիլ 8.6 միլիառի սահմանին, իսկ մինչեւ 2100 թուականը նուազիլ՝ հասնելով 7 միլիառի, եթէ պահպանուին զարգացման ներկայ միտումները:
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարին յայտարարութիւնը, թէ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը շուտով կրնան ստորագրել խաղաղութեան համաձայնագիր՝ կ՚ընդգծէ Ուաշինկթընի ներգրաւուածութեան տարողութիւնը: Ուաշինկթըն մինչ այդ յայտարարած էր, որ միջնորդի դեր չ՚ուզեր ստանձնել, որեւէ պարտադրանք չունի կամ փաստաթուղթի նախագիծ չէ մշակած:
Սէուտական Արաբիոյ եւ Իրանի միջեւ գոյացած համաձայնութիւնը աստիճանաբար կը պայմանաւորէ նաեւ Մերձաւոր ու Միջին Արեւելքի, ինչպէս նաեւ արաբական աշխարհի իրադրութիւնը։ Թեհրանի եւ Ռիատի միջեւ արդէն յայտարարուած ձիւնահալէն վերջ, ներկայիս գործընթաց մըն ալ կը հասուննայ Ռիատ-Դամասկոս առանցքին վրայ յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղութեամբ։
«Եւրօ-2024»ի որակաւորման փուլի հանդիպումներուն ծիրէն ներս D խմբակի մրցում Երեւանի մէջ:
Մարմնամարզի եւ երիտասարդութեան նախարար Քասապօղլու եւս հետեւեցաւ հարեւան ազգային հաւաքականներու խաղին:
Հակառակ 44-օրեայ պատերազմէն վերջ հաստատուած հրադադարին, Ատրպէյճանի բանակը հրադադարի խախտումները կը շարունակէ Արցախի մէջ։ Շաբաթավերջին Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը հերթական անգամ խախտեցին 9 նոյեմբեր 2020 թուականի եռակողմանի հրադադարի յայտարարութիւնով ստանձնուած պարտաւորութիւնները։
Երուանդ Ազատեան տասնամեակներ շարունակ անփոխարինելի ծառայութիւն մտուցած էր հայ մամուլին:
Սփիւռքահայ յայտնի ազգային գործիչը շաբաթավերջին Տիթրոյիթի մէջ մահացաւ՝ յետ կարճատեւ հիւանդութեան:
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հայրապետական տնօրինութեամբ, վերջերս կատարուեցան եկեղեցականներու նոր նշանակումներ։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան տեղեկատուութեան համակարգը պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակեց Նորին Սրբութեան կողմէ կատարուած այս տնօրինութիւններուն շուրջ։
Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ։ Հայոց հաւատքի հօր՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Խոր Վիրապ մուտքի յիշատակը նշուեցաւ հանդիսաւոր Ս. Պատարագով։ Արարողութեան հանդիսապետեց Տ. Զաքէոս Ծայրագոյն Վարդապետ Օհանեան, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մեծ Պահքի 36-րդ օրն է:
Խորագիրին մէջ արձանագրուած հարցումը շատեր կու տան մեր օրերուն, երբ այնքա՜ն շատցած է թիւը անոնց, որոնք Սուրբ Հոգիին անունով կը խօսին, կամ կը յայտարարեն, թէ իրենք Սուրբ Հոգին ստացած են, եւ կամ Սուրբ Հոգին յայտնուած է անոնց եւ պատգամ մը, կամ պատգամներ փոխանցած:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Թատրոնի համաշխարհային օրը՝ թատերական գործիչներու մասնագիտական միջազգային տօնը, կը նշուի ամէն տարի մարտի 27-ին: Տօնը աւանդաբար կը նշուի հետեւեալ խորագիրով՝ «Թատրոնը իբրեւ ժողովուրդներու միջեւ խաղաղութեան ամրապնդման եւ փոխըմբռնման միջոց»:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Շուտով պիտի բոլորենք երկրորդ ամիսը այն ծանր օրէն, երբ աղէտալի երկրաշարժ մը հարուածեց Թուրքիան։ Երկրաշարժին ցնցումները զգալի դարձան մինչեւ Պէյրութ եւ Նիկոսիա, իսկ Սուրիոյ բազում քաղաքներ եւ գիւղեր (որոնց շարքին՝ Հալէպը եւ Քեսապը) անցուցին դժուարին ժամանակներ։