«ԹՈՒՐՔԻԱ ԻՆՔԶԻՆՔ ԺԱՄԿԷՏԻ ՄԸ ՃՆՇՄԱՆ ՏԱԿ ՉԻ ԶԳԱՐ»
Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմի մթնոլորտին մէջ, Շուէտի եւ Ֆինլանտիոյ ՆԱԹՕ-ի անդամակցութեան հեռանկարին Թուրքիոյ կողմէ դրուած արգելքը կը շարունակէ առաջնահերթօրէն ուշադրութեան առարկայ մնալ միջազգային բեմահարթակի վրայ։
Թուրքիոյ, Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի խորհրդարաններու երեսփոխաններուն միջեւ համաձայնութիւն գոյացաւ, որպէսզի համատեղ խորհրդարանական վեհաժողով մը ստեղծուի։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ համակրելի մեներգչուհի Սիպիլի կողմէ արձանագրուած փայլուն յաջողութիւնը, երաժշտական կեանքէ ներս վերելքը հետզհետէ կ՚արժանանայ նաեւ միջազգային շրջանակներու ուշադրութեան։
Արցախի վերաբերեալ իրադարձութիւնները կը հրահրեն Հայաստանի ընդդիմութեան «Դիմադրութիւն»ը:
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Պաղեստինի Ինքնավարութեան ղեկավար Մահմուտ Ապպասի հետ։ Դէպի Իսրայէլ պաշտօնական այցելութեան ծիրէն ներս, Ռամալլայի մէջ տեղի ունեցաւ տեսակցութիւնը։
Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Էնթընի Պլինքընի հետ՝ Պրիւքսելի հանդիպման լոյսին տակ:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան այս օրերուն կը մասնակցի Տաւոսի Համաշխարհային տնտեսական ֆորումին։ Բացման հանդիսաւոր հաւաքին մասնակցելու առընթեր, Վահագն Խաչատուրեան Զուիցերիոյ մէջ ունեցաւ նաեւ շարք մը երկկողմանի հանդիպումներ։
Արաբական ծոցի Աստուածաշունչի ընկերութեան ընդհանուր քարտուղար տքթ. Հրայր Ճէպէճեան նախընթաց օր այցելեց Քաթարի հայկական դեսպանատունը, ուր ընդունուեցաւ դեսպան Արմէն Սարգսեանի կողմէ։
Հայաստանի ընդդիմութեան «Դիմադրութիւն»ը կը շարունակուի անխափան։ Ընդդիմադիր ցուցարարները այս առաւօտ շրջափակեցին Արտաքին գործոց նախարարութեան շէնքը, ուր ոստիկանութեան ու բողոքաւորներուն միջեւ տեղի ունեցան բախումներ։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան կառավարութեան երէկուան ժողովէն վերջ հանդէս եկաւ ծաւալուն յայտարարութիւններով։ Պեշթեփէի համալիրէն ներս, նիստի աւարտին ան արտայայտուեցաւ երկրի արտաքին ու ներքին քաղաքական օրակարգի բազում նիւթերու շուրջ։