ՄԱՐՈՆԻԹ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԻ ԽՆԴԻՐԸ ԵՒ ԱՄՆ-ԻՐԱՆ ՀԱԿԱՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Շուրջ տասն օր առաջ Լիբանանի մէջ ծայր կ՚առնէր նոր տագնապ մը, ձեւով մըն ալ պատճառ դառնալով, որ երկրի քաղաքական շրջանակները՝ մէկ կողմ թողեն առաջնահերթ զանազան թղթածրարներ, ստիպուած ըլլան զբաղելու Լիբանանի մարոնիթ եկեղեցւոյ միաբաններէն Մուսա Հաժ եպիսկոպոսի խնդրով։